Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ընդունած Է Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանը
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 20 սեպտեմբերին ընդունած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը: Վարչապետը կարեւոր նկատած է բարեկամ Լիբանանի հետ համագործակցութեան զարգացումը ո՛չ միայն զբօսաշրջութեան, այլ նաեւ տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Փոխշահաւէտ գործակցութեան համար վարչապետը հեռանկարային նկատած է մասնաւորապէս թեթեւ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ոսկերչութեան բնագաւառները: Կարէն Կարապետեան անդրադարձած է նաեւ յաջորդ տարուան աշնան նախատեսուելիք տնտեսական եւ ներդրումային մեծ...




















