Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգի նահանգապետ Էրիք Հոլքոմպը կատարած է յատուկ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յիշէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյներու եւ ասորիներու համակարգուած ոչնչացումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն: Նահանգապետ Հոլքոմպ կոչ ուղղած է Ինտիանայի քաղաքացիներուն յիշատակելու այդ իրադարձութիւնը, իսկ 6-էն 12 նոյեմբերը յայտարարած է հայկական հարցերու շուրջ տեղեկացուածութեան շաբաթ:
Նահանգապետին յայտարարութիւնը ողջունած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, Իրաքի քրիստոնեաներու խորհուրդը եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններ:
Այսպիսով, Ինտիանան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 48-րդ նահանգը, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:


