Գլխաւոր լուրեր

Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագեան) Արձանը  Պիտի Կանգնի Պուրճ Համուտի Մէջ

Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագեան) Արձանը Պիտի Կանգնի Պուրճ Համուտի Մէջ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով «Արին» կեդրոնի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է կեդրոնէն դէպի մայր պողոտայ նայող անկիւնին վրայ կանգնեցնել «Ազդակ»-ի ցրուիչներէն Սարգիս Տուտագեանի (ճանչցուած` Ափոլլօ) արձանը: Ափոլլոն բառացիօրէն մինչեւ իր մահը, յառաջացած տարիքին, շարունակեց ցրուել «Ազդակ»-ը` Մար Մըխայէլի իր հաւատարիմ բաժանորդներուն: Մամուլի այս գործիչներու, աշխատակիցներու խաւը, լուսարձակներէ հեռու, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, ամէ՛ն օր, տարուան բոլոր եղանակներուն թերթը հասցուցած են հայ ընտանիքին,...

Խորհրդակցութիւն  Արագածոտնի Մարզին Մէջ.  Վարչապետ Կարապետեան. «Գիւղատնտեսութեան  Զարգացումը Մեզի Համար Գերխնդիր Է»

Խորհրդակցութիւն Արագածոտնի Մարզին Մէջ. Վարչապետ Կարապետեան. «Գիւղատնտեսութեան Զարգացումը Մեզի Համար Գերխնդիր Է»

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներուն ընթացքը, կատարուած աշխատանքներն ու ընելիքները: Ներկայացնելով մարզի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ տնտեսական ցուցանիշները` Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան նշած է, որ մարզին համախառն արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը 2016 թուականի ընթացքին կազմած է շուրջ 39,459 միլիառ դրամ, որ հանրապետութեան մէջ արտադրուած արդիւնաբերական արտադրանքի 2,8...

Սօս Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դաշնակցական  Ազատամարտիկ Հայկ Յակոբեանի  Անունը Կրող Դպրոցի Բացման Արարողութիւնը

Սօս Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դաշնակցական Ազատամարտիկ Հայկ Յակոբեանի Անունը Կրող Դպրոցի Բացման Արարողութիւնը

9 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Մարտունիի շրջանի Սօս համայնքի Հայկ Յակոբեանի անունը կրող դպրոցի նոր շէնքի եւ մարզադահլիճի բացման արարողութիւնը: Նոր շէնքի կառուցումը ֆինանսաւորուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ: Հայկ Յակոբեանի անունը կրող դպրոցի նոր շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան...

Յ. Բագրատունի Կը Զգուշացնէ Բանակայիններու  Առեւանգումին Թղթածրարը Շահագործելէ

Յ. Բագրատունի Կը Զգուշացնէ Բանակայիններու Առեւանգումին Թղթածրարը Շահագործելէ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող վերջին իրադարձութիւններուն: Ան զգուշացուց նահատակ բանակայիններու առեւանգումին մասին բացուելիք հետաքննութիւնը շահագործելէ` անձնական եւ քաղաքական շահեր ու նպատակներ հետապնդելու միտումով: Հարցազրոյցին մանրամասն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով:  

Տպաւորիչ Եւ Յատկանշական Իրագործում Նկատուող ՀՄԸՄ-ի  Այնճարի Մարզահամալիրի Եւ «Կայծակ  Ու Ծովիկ Զէյթլեան» Մարզադաշտի Հանդիսաւոր Բացում

Տպաւորիչ Եւ Յատկանշական Իրագործում Նկատուող ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Մարզահամալիրի Եւ «Կայծակ Ու Ծովիկ Զէյթլեան» Մարզադաշտի Հանդիսաւոր Բացում

Տպաւորիչ էր տեսնել, թէ որքան տիրականութեամբ բազմած է ՀՄԸՄ-ի նոր մարզահամալիրը Այնճարի սրտին վրայ, ուրախալի ու հպարտալի էր վկայել, թէ արդիական բոլոր տուեալներով օժտուած մարզադաշտ մը ունեցաւ Այնճար հայաւանը, խորհրդաւոր էր ականատես ըլլալ այն իրողութեան, որ տարիներու երազը միս ու ոսկոր ստացած էր` շնորհիւ Այնճարի հայօրէն գոյատեւման կարեւորութեան գիտակցող ու անոր նկատմամբ խոր հաւատք ունեցող, աշխարհով մէկ տարածուած մուսալեռցիներուն նիւթական...

Սուգի Եւ Յարգանքի Օր Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին.  Նահատակ Բանակայինները Պարգեւատրուեցան  Եւ Հողին Յանձնուեցան Խորազգաց Վիշտով

Սուգի Եւ Յարգանքի Օր Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին. Նահատակ Բանակայինները Պարգեւատրուեցան Եւ Հողին Յանձնուեցան Խորազգաց Վիշտով

Առեւանգուած բանակայիններուն անունով յայտարարուած «Բարձունքներու արշալոյսը» ծագեցաւ Լիբանանի վերեւ, սակայն նահատակի զգեստով տուն դարձած բանակայինները սրտի խոր կսկիծով յանձնուեցան հողին` բոլորին պահ դնելով հայրենիքը պաշտպանելու կտակը: Ազգային սուգի օր եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւն` պայծառ օրուան մը ընթացքին, երբ կենսունակ լիբանանցիին վայել էր ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակը նշել առեւանգուած բանակայիններուն վերադարձով: Ծանր էր օրը` Ազգային սուգի օրը: Ամբողջ օրուան ընթացքին տասը դագաղներու...

Լիբանանի Տարածքին Գործող Հայկական Հաստատութիւնները Մնացին Փակ

Լիբանանի Տարածքին Գործող Հայկական Հաստատութիւնները Մնացին Փակ

Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ճակատին վրայ անձնուիրաբար զոհուած նահատակ բանակայիններուն պետական եւ ժողովրդային մեծաշուք յուղարկաւորութեան առիթով յայտարարուած Ազգային սուգի օրուան նախօրեակին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ ուղղած էր լիբանանահայութեան ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին փակ պահելու իրենց սեփական եւ հանրային հաստատութիւնները: Ընդառաջելով Կեդրոնական կոմիտէի կոչին եւ առ ի յարգանք Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան համար զոհուած բանակայիններու յիշատակին` Լիբանանի տարածքին գործող հայկական բոլոր հաստատութիւնները...

Շրջանի Հոգեւոր Առաջնորդներ  Հանդէս Եկան Միացեալ Յայտարարութեամբ

Շրջանի Հոգեւոր Առաջնորդներ Հանդէս Եկան Միացեալ Յայտարարութեամբ

8 սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպումին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշա Զատէն հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշուած էր. «Այսօր մենք` ազրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու  հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ Քիրիլ պատրիարքի հրաւէրով` քննարկելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղիները, առանց...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները երէկ` 8 սեպտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, միջկուսակցական ժողով մը գումարեցին «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ: Ժողովականները նախ յարգեցին յիշատակը լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներուն եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկրի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան պաշտպան զինուորական հաստատութեան` ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ: Այս առիթով ժողովականները կոչ ուղղեցին Լիբանանի քաղաքական կողմերուն` նահատակներուն արիւնը վեր պահելու ամէն տեսակի ներքին տարակարծութիւններէ եւ շահարկումներէ: Ժողովականները...

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 24-Ամեակ.  «Մի՛ Սպասէք Կանչերու, Որոշեցէք Երթալ,  Հաստատոիլ, Հիմնուիլ Հայրենիքի Մէջ»,  Երիտասարդներուն Կոչ Ուղղեց Անի Բագրատունի

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 24-Ամեակ. «Մի՛ Սպասէք Կանչերու, Որոշեցէք Երթալ, Հաստատոիլ, Հիմնուիլ Հայրենիքի Մէջ», Երիտասարդներուն Կոչ Ուղղեց Անի Բագրատունի

Արցախեան ազատամարտի նուիրեալ, գաղափարապաշտ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս խոնարհելու եւ անոր ուղիին նկատմամբ հաւատարմութիւնը ամրագրելու նպատակով  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ անոր նահատակութեան 24-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քեւըն Պոսնոյեան, որ անդրադարձաւ նահատակութեան վեհութեան`նշելով,...

Խմբագրական.  Քաղաքականէն Եւ Ռազմականէն  Ետք Նաեւ Արդարադատական

Խմբագրական. Քաղաքականէն Եւ Ռազմականէն Ետք Նաեւ Արդարադատական

Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմող լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներու աճիւններու ծինային համապատասխանելիութեան արդիւնքներու պաշտօնական յայտարարութիւնը ցաւի համընդհանուր մթնոլորտին առընթեր տեղի տուաւ նաեւ քաղաքական բեմի վրայ ամբաստանութիւններու, մեղադրանքներու եւ հետաքննութիւններու պահանջի: Լիբանանեան բանակի եւ Դիմադրութեան յաղթարշաւի ընթացքին իսկ քաղաքականացուած վերլուծումները, ահաբեկիչներու յանձնման գործողութեան համաձայնութեան տարատեսակ մեկնաբանութիւնները, ներլիբանանեան հարթութեան վրայ կասկածանքի մթնոլորտի զարգացումը սկսան երկրորդական կարեւորութիւն տալ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող ռազմական գործողութեան յաջողութիւններուն: Հիմա,...

Տեղի Ունեցած Է Նախագահ  Բակօ Սահակեանի Երդման Արարողութիւնը

Տեղի Ունեցած Է Նախագահ Բակօ Սահակեանի Երդման Արարողութիւնը

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստ` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձնումին: Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդման համար Ազգային ժողովի դահլիճ բերուած է Արցախի Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար, երդման իր խօսքին մէջ, Բակօ Սահակեան ըսած է. «Ստանձնելով...

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Է  ՀՅԴ Կեդրոնի Բացման Արարողութիւնը

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ Կեդրոնի Բացման Արարողութիւնը

5 սեպտեմբերին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Շուշիի Վահան Նաւասարդեանի անունը կրող կեդրոնի բացման արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ու Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, Ստեփանակերտի «Ա. Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ հասած հարիւրաւոր կուսակցականներ եւ ՀՕՄ-ուհիներ, Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան եւ այլ հիւրեր: Ձեռնարկին առաջին բաժինով Արցախի Հանրապետութեան Ազգային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Սուրիական Տագնապի Գծով  ՄԱԿ-ի Բանագնաց Տը Միսթուրայի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիական Տագնապի Գծով ՄԱԿ-ի Բանագնաց Տը Միսթուրայի Հետ

Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ժընեւի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ սուրիական տագնապի գծով ՄԱԿ-ի բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին Արմենոֆասի նախագահ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ սուրիական տագնապի ներկայ փուլին շուրջ տեղեկութիւններու ու...

«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ.   «Ապագայ Լրագրողներ»-ը  Հետեւեցան Առաջին Դասախօսութեան

«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Հետեւեցան Առաջին Դասախօսութեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը ընթացքի մէջ է: Հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լորի Գորէսեան, Նանի Գալուստեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որոնք կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հետեւեցան իրենց համար կազմակերպուած առաջին դասախօսութեան:...

ԿՈՉ

ԿՈՉ

Վաղը ազգային սուգի օր է Լիբանանի մէջ: Պետական եւ ժողովրդային մեծ շուքով հրաժեշտը պիտի կատարուի լիբանանցի բանակայիններու, որոնք անձնուիրաբար ինկան ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ճակատին վրայ: Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ մեր հայրենակիցներուն, որ վաղը` ուրբաթ փակ պահեն իրենց սեփական եւ հանրային հաստատութիւններն ու վաճառատուները, առ ի յարգանք Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան համար զոհուած բանակայիններու յիշատակին: ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ...

Ակնարկ.  Հայկական Կողմը  Կ՛իրականացնէ Միջազգային  Ընտանիքին Վերապահուած Գործառոյթները

Ակնարկ. Հայկական Կողմը Կ՛իրականացնէ Միջազգային Ընտանիքին Վերապահուած Գործառոյթները

«Հակառակորդի ռազմաքաղաքական մարտավարութիւնն ու մեր անելիքները» կարգախօսով եւ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կայացած խորհրդաժողովին հնչած միտքերէն եւ առաջադրանքներէն կարելի է ամփոփել  հետեւեալները. Ա. Պատերազմի մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած ենք եւ պարտաւոր ենք նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ: Բ. Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նոր քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի Արցախը գործակցի արտասահմանեան երկիրներու քաղաքներուն հետ, ինչ որ պիտի նշանակէ Արցախի մասամբ ճանաչում: Գ. Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի փաստացի...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Պատրաստէ Անհրաժեշտ  Ամէն Բան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն  Նոր Համաձայնագիրը Նոյեմբերին Ստորագրելու Համար

Եւրոպական Միութիւնը Կը Պատրաստէ Անհրաժեշտ Ամէն Բան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Նոր Համաձայնագիրը Նոյեմբերին Ստորագրելու Համար

Պատասխանատու անձեր ջանասիրաբար կ՛աշխատին, որ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան նոր համաձայնագիրի ստորագրումը  իրականութիւն դառնայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ընթացքին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Հայաստանի մէջ Erasmus+Youth  տեղեկատուական կեդրոնի բացման նուիրուած ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեոթր Սվիթալսքի: «Ես նոր վերադարձած եմ Պրիւքսէլէն Երեւան, եւ պէտք է ըսեմ, որ իմ բոլոր զրոյցներս այն մարդոց...

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի  Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 սեպտեմբերին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք կապերու եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:    

Ժամանակակից Բոլոր Պայմաններով  Օժտուած ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզը  Պաշտօնապէս Բացաւ Իր Դռները

Ժամանակակից Բոլոր Պայմաններով Օժտուած ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզը Պաշտօնապէս Բացաւ Իր Դռները

Աշխարհատարած սփիւռքի տարբեր գաղութներէ, Հայաստանէն եւ Արցախէն հազարաւոր ՀՕՄ-ականներ եւ հայորդիներ 6 սեպտեմբերին նուիրական առաքելութեամբ մը համախմբուած էին Ստեփանակերտի մէջ` բոլոր յարմարութիւններով օժտուած գեղեցիկ մանկապարտէզի նոր շէնքին պաշտօնական բացումը կատարելու: Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն և սփիւռքէն: Նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին...

Page 608 of 796 1 … 607 608 609 … 796

Արխիւներ