Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ երէկ իր կնոջ հետ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասած է Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Իկոր Տոտոն:
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու տիկին Ռիթա Սարգսեանը դիմաւորած են նախագահ Իկոր Տոտոնը եւ տիկին Կալինա Տոտոնը: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է նախագահներու առանձնազրոյցը:
Ողջունելով գործընկերը Հայաստանի մէջ` Սարգսեան նշած է, որ Մոլտովայի նախագահը ցանկալի հիւր է մեր երկրին մէջ եւ բարձր գնահատած է անոր պաշտօնական այցելութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Մոլտովայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
«Ասիկա շատ լաւ առիթ է վերլուծելու այն աշխատանքը, որ մենք կատարած ենք այս 25 տարիներուն ընթացքին եւ նախանշելու հեռանկարները: Մեր միջպետական յարաբերութիւնները կառուցուած են շատ ամուր հիմքի վրայ: Ես վստահ եմ, որ ձեր այցելութիւնը շատ լաւ խթան պիտի հանդիսանայ մեր յարաբերութիւններու աշխուժացման: Մենք ատով շահագրգռուած ենք: Մենք շահագրգռուած ենք բոլոր բնագաւառներուն մէջ` քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, սերտ համագործակցութեամբ: Փոխադարձ գործակցութեան որեւէ սահմանափակում չունինք ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ: Բարով եկած էք: Ասիկա ձեր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է, եւ յուսով եմ, որ նման այցելութիւններ կ՛ըլլան ամէն տարի», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Տոտոն շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին համար եւ իր պաշտօնական այցելութիւնը նկատած է պատմական` նկատի առնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն անցած 25 տարիներու ընթացքին սա Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահի առաջին այցելութիւնն է Հայաստան:
«Այս ընթացքին ո՛չ աշխատանքային, ո՛չ ալ պաշտօնական այցելութիւն եղած է, այդ իսկ պատճառով, հաշուի առնելով մեր պատմական ընդհանուր կապերը, ընդհանուր շահերը ե՛ւ ԱՊՀ շրջանակներուն մէջ, ե՛ւ ԱՊՀ տարածքին նոր համարկումի նախագիծերուն, ես որոշած եմ գալ: Այո՛, 25 տարիներու ընթացքին մենք շատ համաձայնագիրներ ստորագրած ենք: Ունինք 15 համաձայնագիր, եւս 7-ն այժմ կը պատրաստուի: Մենք խօսելու բան ունինք, կան որոշակի արդիւնքներ, կան, ի հարկէ, հեռանկարներ: Մեզի կը հետաքրքրէ, եւ ես յոյս ունիմ շատ մանրակրկիտ ձեզի հետ քննարկել ձեր աշխատանքի փորձը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) ծիրին մէջ: Գիտեմ, որ մօտակայ ժամանակներս կը ծրագրէք ստորագրել Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Կը կարծեմ, որ այնպիսի երկիրները, ինչպիսիք են` Մոլտովան եւ Հայաստանը, դատապարտուած են լաւ յարաբերութիւններ ունենալու բոլորին հետ` ե՛ւ Արեւմուտքին, ե՛ւ Արեւելքին: Մեզի համար արդիական է ձեր փորձը` ե՛ւ ԵՏՄ-ին մէջ գտնուելու, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի ստորագրելու:
«Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ առաջին անգամ ըլլալով շատ լուրջ քայլ կատարուած է երկկողմանի յարաբերութիւնները խորացնելու համար` նկատի ունիմ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը Քիշնեւի մէջ անցած տարուան աւարտին: Եւ այս տարի մենք շատ աշխուժ սկսանք համագործակցիլ դեսպանին հետ: Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ մենք դուրս կու գանք դէպի երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր մակարդակի», ըսած է Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն:
Նախագահներու հանդիպումէն ետք, Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Իկոր Տոտոն, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Ցեղասպանութեան զոհերուն:


