Գլխաւոր լուրեր

«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» Հաւաքը Պատասխան Մըն Է Ամերիկեան Անտարբերութեան

«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» Հաւաքը Պատասխան Մըն Է Ամերիկեան Անտարբերութեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Հոկտեմբեր 24էն 26 կայացող՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» խորագրեալ համաժողովի բացման մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ հաւաքը պատասխան մըն է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած անտարբերութեան։ Համբարեան շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է առաջատարի դեր ստանձնէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան եւ քրիստոնէութեան ու կրօնական ազատութեանց պահպանման...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Հայաստանի Երիտասարդ Արուեստագէտներու  «Ես Եմ» Ցուցահանդէսի Բացում`  Հովանաւորութեամբ Նախարար Նուհատ Մաշնուքի

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայաստանի Երիտասարդ Արուեստագէտներու «Ես Եմ» Ցուցահանդէսի Բացում` Հովանաւորութեամբ Նախարար Նուհատ Մաշնուքի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի, երէկ` հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի երիտասարդ արուեստագէտներու «Ես եմ» ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հալա  Հատտատ: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը երիտասարդ ստեղծագործողներու առաջին քայլերուն հաստատուն ընթացք հաղորդելու եւ իրենց գեղարուեստական որոնումներուն ասպարէզ տալու ակնկալութեամբ,...

Զարմինէ Զէյթունցեան Եւ Արա Խզմալեան`  «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Զարմինէ Զէյթունցեան Եւ Արա Խզմալեան` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

«Ազդակ»-ի այցելուներու շարքին երէկ թերթը հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Արա Խզմալեանը: Հայրենի հիւրերը «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ զրուցեցին նշուած ոլորտներու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու կարելիութիւններուն մասին, յատկապէս այս առաջադրանքի իրականացման մէջ շեշտելով մամուլին կողմէ  համապատասխան լուսաբանումներ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը:

Ակնարկ  Այս Պարագային` «Կամ-Կամ»

Ակնարկ Այս Պարագային` «Կամ-Կամ»

Պաշտպանական անվտանգութեան հետազօտական համալսարանին մէջ ուսանողներուն տուած դասախօսութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, իսկապէս, չունի ռազմական լուծում: Ուստի, հնարաւոր չէ մէկ ձեռքով կրակել, իսկ միւսով բանակցել այդ լուծումը գտնելու նպատակով: Կա՛մ բանակցում ենք, կա՛մ էլ` կրակում: Երկուսին էլ մենք պատրաստ ենք»: Այս հաստատակամ բովանդակութեան համահունչ յայտարարութիւն կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ...

Նախագահ Սահակեանը Եւ Քասփրչիքը  Քննարկած Են Շփման Գիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակը

Նախագահ Սահակեանը Եւ Քասփրչիքը Քննարկած Են Շփման Գիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով` հանդիպումին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու  շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպում Նախարար Լեւոն Մնացականեանի Հետ 24 հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Լեւոն Մնացականեան...

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրասիական  Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստը

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստը

Երեւանի «Մուլթի Կրանտ Հոթել» պանդոկին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը: Նիստին կը մասնակցին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի վարչապետները: Նիստին կը նախագահէր Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի  նախագահ Տիգրան Սարգսեան: Նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: Ան նախ հանդիպումին կազմակերպման համար շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական կողմին` վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ: «Արդիւնաւէտ քննարկում էր: Մենք Եւրասիական տնտեսական...

Կէս Տարին Անգամ Մը Խորհրդարանը  Կրնայ Անվստահութիւն Յայտնել Վարչապետին

Կէս Տարին Անգամ Մը Խորհրդարանը Կրնայ Անվստահութիւն Յայտնել Վարչապետին

Նախագահական ընտրութիւններու հարցը ՀՅԴ-ն չէ քննարկած ՀՀԿ-ին  հետ: Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ նախագահ, եւ բնականաբար, մենք այդ թեկնածուին հարցը միասին պէտք է որոշենք: Ասիկա համահայկական բնոյթ ունեցող հարց է, եւ համախմբական դաշինքի գործընկերներով այս հարցը միասին պիտի քննարկենք եւ որոշենք: Այս մասին «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն...

Լիբանանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի  «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը

Լիբանանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ ըսաւ, թէ «1915-ի կիները» ժապաւէնին դրական արձագանգները այնքան առատ են, որ աշխարհի չորս ծագերուն անիկա արժանացած է բուռն գնահատանքի եւ տասնեակէ մը աւելի մրցանակներու, ապա աւելցուց, որ Պարէտ...

Ռուսիոյ Վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի  Այցելութիւնը Հայաստան.  Հանդիպումներ` Նախագահ Սարգսեանի  Եւ Վարչապետ Կարապետեանի Հետ

Ռուսիոյ Վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի Այցելութիւնը Հայաստան. Հանդիպումներ` Նախագահ Սարգսեանի Եւ Վարչապետ Կարապետեանի Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2017-ին, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ հասաւ Երեւան: Մետվետեւ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Ռուսիոյ վարչապետը ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այնուհետեւ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու վարչապետներուն հանդիպումը, որմէ ետք միջկառավարական, միջնախարարական եւ միջշրջանային համագործակցութեան առնչուող փաստաթուղթերու ստորագրում: Հայաստան պաշտօնական այցելութեան ընթացքին...

Ռուստամեան. «Անհեթեթ Է, Որ Զինուորական  Գործը Հաւաքական Ղեկավարում Ունենայ»

Ռուստամեան. «Անհեթեթ Է, Որ Զինուորական Գործը Հաւաքական Ղեկավարում Ունենայ»

«Պաշտպանութեան մասին» օրէնքի նախագիծով առաջին քայլը կ՛առնուի  պաշտպանութեան մարզը փոխուած Սահմանադրութեան պահանջներուն եւ նոր իրավիճակին համապատասխանեցնելուն: Երէկ Ազգային ժողովի նիստին ելոյթ ունենալով` ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Ասիկա, ըստ էութեան, պաշտպանութեան մասին մայր օրէնքն է, որ  լաւագոյն հիմքը կը ստեղծէ, որպէսզի այդ ուղղութեամբ մենք ճիշդ քայլեր կատարենք», ըսաւ ան: Պատգամաւորին համաձայն, այն սկզբունքները,...

«Ես Կը Հաւատամ, Որ Հայաստան-Եւրոպական  Միութիւն Համաձայնագիրը  Պիտի Ստորագրուի Ժամանակին»  Կ՛ըսէ Սվիթալսքի

«Ես Կը Հաւատամ, Որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Ժամանակին» Կ՛ըսէ Սվիթալսքի

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի երէկ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին յայտնած է. «Ես կը հաւատամ, որ ժամանակին պիտի ստորագրուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր համաձայնագիրը, ես լաւատես եմ»: «Մենք բոլոր ջանքերը կը գործադրենք, եւ շատ շնորհակալ եմ Պրիւքսելի իմ գործընկերներուս եւ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն, որ ջանք ու եռանդ չեն խնայեր, որպէսզի ի գործ դնեն բոլոր ընթացակարգերը եւ ապահովեն համաձայնագիրի...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Ընդունեց  Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

Լուսանկարը` ՍԹԻՒՏԻՕ ԱՇՆԱԿի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քմաթի, Մոհամետ Սայիտ Խանսա, նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի, Մոհամետ Սալեհ եւ Ալի Տահեր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու հեռանկարները: Երեսփոխան Բագրատունի եւ Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը...

Շուէտի Մէջ 35 Երիտասարդ Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Շարքերուն

Շուէտի Մէջ 35 Երիտասարդ Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Շարքերուն

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Շաբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն՝ տալով դաշնակցականի իրենց երդումը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: 35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամբողջացնելէ ետք ամիսներու վրայ երկարած իրենց դաստիարակչական ծրագիրը՝ տուին իրենց երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն: Նորագիրներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն չեն անդամագրուիր, ինչպէս է պարագան շատ կազմակերպութիւններու, այլ՝ կը զինուորագրուին, որովհետեւ...

ԿՈՉ Արտասահմանի Լիբանանահայերուն. Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համար

Լիբանանի կառավարութեան որոշումով յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 6 մայիս 2018-ին: Յարատեւ եւ երկար աշխատանքէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով որոշում կայացած է, որ արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարել իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ կամ ամէնէն մօտակայ շրջաններուն մէջ եւ քուէարկել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Առ այդ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով մինչեւ 20 նոյեմբեր...

Նախագահը Ընդունած Է Մխիթարեան  Միաբանութեան Քահանայապետական  Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զեքիեանը

Նախագահը Ընդունած Է Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զեքիեանը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 հոկտեմբերին ընդունած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք.  Զեքիեանը, որ Երեւան եկած էր Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ. 20-24 հոկտեմբերին մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենան ձեռնարկներ յիշարժան այդ յոբելեանին առիթով: Ողջունելով հիւրը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները` հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին առիթով...

Արմէն Ռուստամեան. «Ակնյայտ Է,  Որ Պայմանաւորուածութիւնները  Ազրպէյճանի Համար Ինքնանպատակ Են»

Արմէն Ռուստամեան. «Ակնյայտ Է, Որ Պայմանաւորուածութիւնները Ազրպէյճանի Համար Ինքնանպատակ Են»

«Ասիկա հերթական դրսեւորումն է Ազրպէյճանի անլուրջ եւ անընդունելի պահուածքին: Ի վերջոյ, ակնյայտ է, որ բոլոր այն համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են բարձր մակարդակով հանդիպումներու ընթացքին, այդ հանդիպումները Ազրպէյճանի համար ինքնանպատակ են` տպաւորութիւն ձգելու համար, որ իբրեւ թէ ինք պատերազմով չ՛ուզեր հարցը լուծել, որ ան կողմ է բանակցութիւններուն: Բայց իրականութեան մեջ բոլոր այն համաձայնութիւնները, որոնք առնուազն վերջին ժամանակներուն կայացած են, այդ...

Դաւիթ Բաբայեանը` Սահմանային Լարուածութեան Մասին.  «Ի Վերջոյ Պէտք Է Հասկնանք,  Որ Մեր Դրացին Լիւքսամպուրկը Չէ»

Դաւիթ Բաբայեանը` Սահմանային Լարուածութեան Մասին. «Ի Վերջոյ Պէտք Է Հասկնանք, Որ Մեր Դրացին Լիւքսամպուրկը Չէ»

Նախանցեալ օր սահմանին վրայ տեղի ունեցած դէպքերը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ անհրաժեշտ է կեանքի կոչել զինադադարի խախտման հետաքննական մեքանիզմներու ներդրումը: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ  զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով շփման գիծին մէջ լարուածութեան աճին: «Երկիր»-ի դիտարկման, թէ հետաքննութեան մեքանիզմ ստեղծելու հոլովոյթը կարծես փակուղի կը մտնէ, Բաբայեան արձագանգեց. «Կ՛ենթադրեմ` նախագահները քննարկած են հետաքննութիւններու  մեքանիզմներու...

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ.  «Ազրպէյճանական Զինուժը Կիրարկած Է  «Սփայք» Տիպի Կառավարուող  Հակազրահապատային Հրթիռ»

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ. «Ազրպէյճանական Զինուժը Կիրարկած Է «Սփայք» Տիպի Կառավարուող Հակազրահապատային Հրթիռ»

Արցախի պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 23 հոկտեմբերին, արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիի արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը խախտած է զինադադարի պահպանման դրութիւնը` կիրարկելով «ՍՓԱՅՔ» տիպի կառավարուող հակազրահապատային հրթիռ: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները, շփման գիծին մէջ լարուածութիւնը չխորացնելու համար, շարունակած են ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ պատասխան գործողութիւններու չեն դիմած:

Ակնարկ.  Միջպետականէն Միջսփիւռքեան   Համագործակցութեան Ուղենիշներ

Ակնարկ. Միջպետականէն Միջսփիւռքեան Համագործակցութեան Ուղենիշներ

Կիպրոսի մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Յունաստան-Կիպրոս` երեք երկիրներու սփիւռքի հարցերով զբաղող պետական պատասխանատուներու հանդիպումը ունի կարեւոր ենթահող, անցած որոշակի ուղի եւ մանաւանդ ռազմավարական հեռանկարայնութիւն: Հանդիպումը հաստատեց պաշտօնական երկխօսութիւն եւ յատկանշուեցաւ հայ, կիպրացի եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ  պատմական բարեկամական յարաբերութիւններուն ամրապնդումով եւ, միացեալ ծրագիրներու միջոցով, միջկառավարական երկխօսութեան զուգահեռ, անոնց միջեւ մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական ամուր կապերը իբրեւ երեք երկիրներ` իրենց սփիւռքեան համայնքներուն...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հրաւիրած Է  Խորհրդակցութեան` 2018-ի Մեծ  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հրաւիրած Է Խորհրդակցութեան` 2018-ի Մեծ Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Շաբաթ, 21 հոկտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան` 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք երեք մեծ իրադարձութիւններու` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը քննարկելու նպատակով: Նշեալ իրադարձութիւններու նախապատրաստման աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրներով նախապէս ստեղծուած են յանձնախումբեր, հաստատուած են անոնց անհատական կազմերը եւ այդ յանձնախումբերուն տրուած են յանձնարարականներ: Խորհրդակցութեան...

Page 599 of 796 1 … 598 599 600 … 796

Արխիւներ