Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակուեցան Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներու Ընդհանուր Հաշուարկին Արդիւնքները

Դեկտեմբեր 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ, Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբը` ներկայութեամբ երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիին, յայտարարեց Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններու եւ պաղեստինցի գաղթականներու ընդհանուր հաշուարկին արդիւնքները: Ձեռնարկին ներկայ էին նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, դեսպաններ եւ հիւրեր:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Պաղեստինի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէ: Ան ըսաւ, որ տարի մը առաջ սկսանք այս ծրագիրի գործադրութեան, որ ինքնին հաշուարկային գործողութիւն է եւ կը նպատակադրէ զարգացնել ընդհանուր քաղաքականութիւնները, որոնք կը ծառայեն բնակչութեան: Հաշուարկին ընձեռած տուեալներու հիմքը առիթ կու տայ իմանալու տուեալ բնակչութեան պայմաններուն ու պարագաներուն մասին եւ առիթ կու տայ կազմակերպութիւններուն իրականացնելու ծրագիրներ, որոնք կը ծառայեն իրենց շահերուն:

Խօսք առաւ Պաղեստինեան վիճակագրութեան վարչութեան ընդհանուր նախագահ Ուլա Աուատ: Ան ըսաւ, որ այս ծրագիրը առաջին ընդհանուր հաշուարկն է, որ կ՛իրականացուի Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններուն եւ հաւաքականութեան համար` ունենալու համար յստակ եւ համապարփակ տուեալներ անոնց կենցաղային, ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն մասին: Ծրագիրը առիթ ընձեռեց 1000 պաղեստինցի եւ լիբանանցի երիտասարդներու ունենալու ժամանակաւոր աշխատանք: Ան յայտնեց նաեւ, որ ծրագիրը իրականացած է քաղաքական դժուար պայմաններու մէջ եւ կը մարմնաւորէ համագործակցութեան իսկական նմուշ մը, որ իրականացաւ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի վիճակագրութեան վարչութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպանատան հովանիին տակ: Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ Պաղեստին կը մնայ կողմնացոյցը եւ մայր երկիրը իւրաքանչիւր գաղթական պաղեստինցիի, իսկ պաղեստինեան ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ կամ արաբական երկիրներուն մէջ ժամանակաւոր դրոյթ կը կազմէ` մինչեւ բոլոր պաղեստինցիներուն տունդարձը:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը վիճակագրական աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Ելոյթ ունեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան: Ան ըսաւ, որ 2017-ի աւարտին իրականացուցինք պարտականութիւն մը, որուն աւարտին համար խոստացած էինք ընթացիկ տարուան սկիզբը: Հաշուարկներուն տուեալները անկիւնադարձ մը պիտի ըլլան լիբանանեան իշխանութեան համար` գործակցելու պաղեստինցի գաղթականներու թղթածրարին հետ: Այս պարտականութիւնը աննախընթաց երեւոյթ էր, որ իրականացաւ ամիսներու ընթացքին` սերտօրէն համագործակցելով Պաղեստինի եւ Լիբանանի վիճակագրութեան վարչութիւններուն միջեւ: Ծրագիրին իրականացման համար աշխատեցաւ շուրջ 1000 պաղեստինցի եւ լիբանանցի երիտասարդ: Ան ըսաւ, որ հաշուարկը կարելի եղաւ իրականացնել ելեկտրոնային սարքերով` փոխան սովորական թղթային տարբերակին: Ինչպէս նաեւ կարելի եղաւ տեղւոյն վրայ հետեւիլ աշխարհագրական տարածքներուն «Ճի.Փի.Էս.»-ներով` առաւել կապ հաստատելով արդիական միջոցներով, որոնց օգտագործումը կրճատեց տուեալներու հաւաքագրման աշխատանքները, բարելաւեց տուեալները եւ տնօրինման աշխատանքները: Ապա ան ներկայացուց  հաշուարկի տուեալները. պաղեստինցի գաղթականները կը հաշուեն 174422 անհատ, հաշուարկը կատարուած է 12 պաղեստինեան գաղթակայաններու եւ 156 խմբաւորումներու մէջ: Աշխարհագրական դիրքով հասանելի եղած է  97,7 առ հարիւրը,  իսկ 96,7 առ հարիւրը համագործակցած է: Պաղեստինցիները Սայտայի մէջ կը կազմեն բնակչութեան 35,8 առ հարիւրը, հիւսիսային Լիբանանի մէջ 25,1 առ հարիւրը, Սուրի մէջ 14,7  առ հարիւրը, Պէյրութի մէջ 13,4 առ հարիւրը, Շուֆի մէջ 7,1 առ հարիւրը, իսկ Պեքաայի մէջ 4,1 առ հարիւրը:

Խօսք առաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրականութիւն դարձուցին այս ծրագիրը` հակառակ երկրին մէջ տիրող ոչ նպաստաւոր պայմաններուն: Ան ըսաւ, որ արաբական զօրակցութիւնը Երուսաղէմը փրկելու համար անհրաժեշտութիւն է ամէն ժամանակէ աւելի,  որպէսզի Երուսաղէմը մնայ Պաղեստինի մայրաքաղաքը: Ան նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մենք միշտ զօրակցած ենք Պաղեստինի ժողովուրդին, իբրեւ պետութիւն մենք պարտաւոր ենք իմանալու այն դժուարութիւնները, որոնք կը կրեն պաղեստինցիները: Պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցիլը աւելի քան մարդկային եւ վարքային պարտաւորութիւն է, քան ազգային: Լիբանան  չի հրաժարիր իր ազգային եւ մարդկային այն պարտաւորութենէն, եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքն է վերադառնալ իր երկիրը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մարդկային եւ ընկերային պարտաւորութիւններ կան, որոնց պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ Լիբանանի պետութիւնը պաղեստինցիներուն հանդէպ: Ան աւելցուց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դիմագրաւած վերջին դժուարութիւնները մանաւանդ նիւթական առումով բացասաբար կ՛ազդեն Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն: Կը պահանջենք նուիրատու երկիրներէն, որ շարունակեն նեցուկ կանգնիլ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին, որ վերջինս կարենայ հոգալ գաղթականներուն պէտքերը: Վարչապետ Հարիրի վերահաստատեց լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը պաղեստինցիներու Լիբանանի մէջ բնակեցումը մերժելու եւ անոնց տունդարձին կառչած մնալու առումով:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Հակառակ Տեղական Թէ Արտաքին Հարցերու Գծով Տիրող Տարակարծութեանց. Երկրի Ղեկավարները Կը Ջանան Համերաշխ Գործակցութեան Նոր Էջ Մը Բանալ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը Փորձած Է Յարձակիլ Կարօ Փայլանին Վրայ

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?