Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Համաժողով Մոսկուայի Մէջ` ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ

Դեկտեմբեր 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ 15 դեկտեմբերին Մոսկուայի «Փրեզիտենթըլ» պանդոկի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է միջազգային համաժողով` «Հայ-ռուսական համագործակցութիւն. հեռանկարներն ու հիմնական մարտահրաւէրները» խորագիրով: Անոր կը մասնակցէին երկու երկիրներու  պաշտօնական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, լրագրողներ եւ հասարակական-քաղաքական  գործիչներ:

Համաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան, Արցախի Հանրապետութեան դեսպանորդ Ռուբէն Զարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Ռուսիոյ պետական Տումայի պատգամաւոր, «Անմահ գունդ» շարժման համանախագահ Նիքոլայ Զեմցով, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վիքթոր Քրիւոփուսքով, Ռուսիոյ նախագահին կից Ազգերու խորհուրդի անդամ Իսմայիլ Շապանով, Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով, քաղաքագէտ, թալիշական խորհրդարանի նախագահ Ֆախրատին Ապոսզոտան, Դաշնային խորհուրդի բնապահպանական յանձնաժողովի խորհրդական Կարինէ Արամեան: Մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղած է պետական Տումայի պատգամաւոր, Տումայի գիտութեան եւ կրթութեան մնայուն յանձնախումբի փոխնախագահ, ՌԺԴԿ կառավարման խորհուրդի անդամ Պորիս Չերնիշով: Համաժողովին կը նախագահէր Ռուսիոյ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ Ռուբէն Գարեգինի Մելքոնեան:

Համաժողովին ներկայացուած են հետեւեալ զեկուցումները.

–  «Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջխորհրդարանական կապերու զարգացման նոր փուլերը», զեկուցող` Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ,  Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր.

–  «Հանրային դիւանագիտութիւնը եւ Հայաստանի ու Ռուսիոյ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն դերը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ», զեկուցող` Վիքթոր Քրիւոփուսքով, Ռուսիոյ հասարակական-քաղաքական գործիչ, ընկերաբանական գիտութիւններու դոկտոր, Հայ-ռուսական բարեկամութեան եւ համագործակցութեան միութեան նախագահ.

–  «Ռուսիա եւ Հայաստան. ժամանակակից հիմնախնդիրներ եւ ապագային ուղղուած յոյսեր», զեկուցող` Ալեքսանտր Աֆանասեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին կարգի խորհրդական, քաղաքագէտ, զինուորական պատմաբան.

–  «Եւրասիական համարկումը` իբրեւ երկիրներու կայուն զարգացման կարեւորագոյն գործօն», զեկուցող` Կիւլնուր Ռախմաթուլինա Քալիմովնա, Եւրասիական տնտեսական միութեան տնտեսական եւ ֆինանսական քաղաքականութեան նախարարի խորհրդական.

–  «Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող բանակցութիւններուն առանձնայատկութիւնները», զեկուցող` Սթանիսլաւ Թարասով, «Ռեկնում» տեղեկատուական գործակալութեան արեւելքի խմբագրութեան գլխաւոր խմբագիր, քաղաքագէտ, վերլուծաբան.

–  «Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գործարար համագործակցութեան եւ միջազգային գործակցութեան զարգացման գործիքակազմը», զեկուցող` Կարինէ Արամեան, Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդի գիտական խորհուրդի անդամ.

–  «Ռուս-հայկական գործընկերութիւն. արդիւնքներ եւ հիմնական մարտահրաւէրներ», զեկուցող` Սէյրան Բաղդասարեան, քաղաքագէտ, հասարակական-քաղաքական գործիչ.

–  «Ռուս-հայկական ռազմավարական դաշնակցութիւնը իբրեւ շրջանային անվտանգութեան երաշխիք», զեկուցող` Նորատ Տէր Գրիգորեանց, ռազմական-քաղաքական գործիչ, հազարապետ-զօրավար.

–  «Թրքական լոպիական կառոյցներն ու անոնց ազդեցութիւնը հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ», զեկուցող` Վիքթոր Նատէին-Ռայեւսքի, Ռուսիոյ ազգային ակադեմիայի համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի յառաջատար մասնագէտ, Սեւծովեան եւ Կասպիցծովեան շրջանի քաղաքական-ընկերային հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն.

–  «Արցախի ճանաչման հրամայականը համաշխարհային եւ շրջանային անվտանգութեան պարունակին մէջ», զեկուցող` Ռուբէն Զարգարեան, Ռուսիոյ մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան խորհրդական, գիտութիւններու թեկնածու, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին կարգի խորհրդական.

–  «Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ կնճիռներն ու անոնց լուծման վերաբերող ճամբու քարտէսը», զեկուցող` Նարեկ Առաքելեան, քաղաքագէտ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական ակադեմիայի մագիստրոս, հասարակական գործիչ:

Համաժողովի աւարտին կազմուեցաւ աշխատանքային խումբ, որ պիտի մշակէ եւ մասնակիցներուն վաւերացման ներկայացնէ առաջարկներու եւ ուղերձներու հռչակագիր մը` ուղղուած երկու երկիրներու կառավարութիւններուն:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Ծրագրային Նպատակներէն Է Եւրոպական Արժեչափերուն Համապատասխանող Պետութիւն Կառուցել»

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Վետիի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?