Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «ՕԹԱՆ-ի Հետ Հայաստանի Համագործակցութիւնը Բնականոն Կը Զարգանայ»

Դեկտեմբեր 19, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէօլլըրը, որ Հայաստան կը գտնուի  մասնակցելու «ՕԹԱՆ-ի շաբաթ» նախաձեռնութիւններուն:

Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ աւանդաբար կազմակերպուող «ՕԹԱՆ-ի շաբաթ» ձեռնարկներու շարքը` լայն հասարակութեան Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններու մասին պարբերաբար իրազեկելու տեսանկիւնէն: Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ ՕԹԱՆ-ի  հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը բնականոն կը զարգանայ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ՕԹԱՆ-ի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութեան համար: Օգտուելով հանդիպումի առիթէն` հանրապետութեան նախագահը խնդրած է իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները յղել ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին` անոր պաշտօնավարման ժամկէտի երկարաձգման առիթով:

Զրուցակիցները երկուստեք ջերմութեամբ նշած են իրենց նախորդ հանդիպումները` 2011-ին, երբ Ռոզ Կոթեմէօլլըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականն էր եւ անկէ ետք` 27 փետրուարին ՕԹԱՆ-ի կեդրոնակայանին մէջ ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններէն բացի հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան, շրջանային զարգացումներուն եւ այդ շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման  բանակցային հոլովոյթին: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը հանրապետութեան նախագահէն հետաքրքրուած է նաեւ սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք Հայաստանի մէջ  կառավարման նոր համակարգի անցնելու առնչութեամբ իրականացուող հոլովոյթներով:

Ռոզ Կոթեմէօլլըր շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին այն վճռական ու հետեւողական աջակցութեան համար, որ կ՛իրականացնէ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն աշխուժ մասնակցութեամբ` իր կարեւոր ներդրումը ունենալով միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը գոհունակութեամբ խօսած է Հայաստանի հետ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու  ծրագիրի իրականացման մասին` նշելով, որ յաջողութեամբ իրականացուած է չորս ծրագիր, եւ արդէն հաստատուած է Հայաստան-ՕԹԱՆ 2017-2019 թուականներու հինգերորդ ծրագիրը:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Ընդունած Է
ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալը

18 դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէօլլըրը:  Զրոյցի ընթացքին Ռոզ Կոթեմէօլլըր բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղապահ ստորաբաժանումներու մասնակցութիւնը Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի ՕԹԱՆ-ի ղեկավարած գործողութիւններուն, կարեւոր նկատած է նոր կարողութիւններու զարգացման եւ փոխադարձ գործունէութեան բարելաւման միացեալ ջանքերը, համագործակցութիւնը զինուորական կրթութեան եւ այլ ուղղութիւններով:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի, Ծրագրաւորման եւ վերանայման հոլովոյթի շրջագիծին մէջ պաշտպանական բարեփոխումներու  աջակցութեան, բարեվարքութեան ամրապնդման համաձայնեցուած նպատակներու գործնական իրականացումը ապահովելու շուրջ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ՕԹԱՆ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեային ներկայացուցած է սահմանադրական փոփոխութիւններով պայմանաւորուած պաշտպանական օրէնսդրութեան բարեփոխումները, զինուորական ծառայութեան բարելաւման, պաշտպանական կրթութեան արդիականացման, զինուած ուժերու քաղաքացիական եւ հասարակական վերահսկողութեան համակարգի կատարելագործման նոր նախաձեռնութիւններն ու համագործակցութեան հեռանկարները:

Նախարար Նալբանդեան. «Յաջողութեամբ Կ՛իրականացուի
Հայաստան-ՕԹԱՆ Անհատական Գործընկերութեան
Գործողութիւններու 5-րդ Ծրագիրը»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի խօսքը ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէօլլըրի հետ զրոյցի ընթացքին.

«Յարգելի՛ տիկին Կոթեմէօլլըր,

Ուրախ եմ ձեզ կրկին ողջունելու Հայաստանի մէջ:

25 տարի առաջ հիմք դրուեցաւ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի  միջեւ  գործընկերային յարաբերութիւններուն: Այդ քառորդ դարու  ընթացքին մեր փոխադարձ գործակցութիւնը աճած ու համալրուած է նոր բովանդակութեամբ: Ձեր այցելութիւնը լաւ  առիթ է ամփոփելու անցած ճամբան եւ նախանշելու հետագայ  համագործակցութեան ուղիները:

Ինչպէս գիտէք 13-էն 18 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ՕԹԱՆ-ի հերթական շաբաթը, որուն շրջագիծին մէջ տեղի կ՛ունենան շարք մը ձեռնարկներ եւ սեմինարներ:

Մեր հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան եւ պարբերական շփումներու շարունակականութիւնը: Գոհունակութեամբ արձանագրեցինք, որ յաջողութեամբ կ՛իրականացուի Հայաստան-ՕԹԱՆ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու 5-րդ ծրագիրը: Ընդգծեցինք Հայաստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի Վստահութեան հիմնադրամի գործունէութեան գործնական իրականացման կարեւորութիւնը:

Հայաստանը կը շարունակէ իր կարեւոր ներդրումը ունենալ միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ՄԱԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ իրականացուող հաւաքական ջանքերուն մէջ` անվտանգութեան սպառողէ  վերածուելով անվտանգութեան մատակարարողի:

Մեր երկիրը ինք, ունենալով անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէրներ, իր նպաստը կը բերէ աշխարհի այլ վայրերու մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման գործին:

ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի
Լուծումը Կարեւոր Կը Նկատէ Ամբողջ Շրջանին Համար

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէօլլըր, որ Հայաստան այցելած էր 13-էն 18 դեկտեմբերին իրականացուող «ՕԹԱՆ-ի շաբթուան» ծիրին մէջ, կը կարծէ, որ ղարաբաղեան տագնապի հանգուցալուծումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ նաեւ ամբողջ շրջանին վրայ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, ան այս մասին յայտարարած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանողներու հետ հանդիպումի մը  ընթացքին:

«Կը ցաւիմ, որ անցած է աւելի քան քսանհինգ տարի, սակայն տագնապը տակաւին լուծուած չէ: Ես գոհ եմ, որ վերջերս չորս նախարարները հանդիպեցան Վիեննայի մէջ, հոկտեմբերին հանդիպեցան նաեւ նախագահները: Կը կարծեմ, որ ասիկա գերազանց է: Ես կրնամ գոհունակութիւնս յայտնել, որ Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ` նման բարձր մակարդակով ներգրաւուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական կողմին հետ: Ես` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի նախագահութեան ներկայացուցիչ, կրնամ ըսել, որ մենք պարզապէս յոյս ունինք տեսնելու նոր պահ` տագնապը լուծելու հարցով», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ գոհ են գործադրուող դիւանագիտական ջանքերուն համար, եւ յոյս յայտնած, որ անոնք շուտով արդիւնք պիտի տան:

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Պատգամաւորներու Հերթական Հանդիպումը

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաղեստինեան Երուսաղէմի Ճանաչման Թրքական Նախաձեռնութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?