Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան. «Կը Կարծեմ, Թէ 6 Առ Հարիւրէն Աւելի Տնտեսական Աճ Պիտի Ունենանք 2018-ին»

December 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով 21 դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի գործարարներուն յատկացուած ընդունելութիւն, որուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան յղած է իր շնորհաւորական խօսքը, անդրադարձած է 2017-ի տնտեսական պատկերին եւ 2018-էն եղած ակնկալութիւններուն:

Ան յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ մաղթած է գործարարներուն` դիտել տալով, որ անոնց յառաջդիմութեան շնորհիւ երկրին մէջ կ՛արձանագրուի տնտեսական աճ, կը բացուին նոր աշխատատեղեր եւ աւելի բարգաւաճ ու բարեկեցիկ պայմաններ կը ստեղծուին:  Ըստ անոր, ասիկա ընելու համար կար երկու անհրաժեշտ պայման. առաջինը` ձեր փափաքն է, աշխատասիրութիւնը, մտածելու եւ նախաձեռնելու կամքը, իսկ երկրորդը` փոխադարձ վստահութիւնն ու համագործակցութիւնը կառավարութեան հետ:

Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ 2017 թուականը կարելի է բնութագրել իբրեւ կառավարութեան տնտեսական ոլորտի մարմիններուն եւ գործարարներուն միջեւ համագործակցութեան տարի: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ եկող տարուան ընթացքին շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կարելի պիտի ըլլայ ձեռք ձգել, քան` 2017-ին, որուն ընթացքին գոյացան նախադրեալներ այդ մէկը ընելու:

«Կանխատեսումներ չընեմ, բայց կը կարծեմ, թէ 6 առ հարիւրէն աւելի տնտեսական աճ պիտի ունենանք: 11 ամիսներու ընթացքին մենք ունեցած ենք աննախադէպ` 2 միլիառ տոլարի համարժէք արտածման ցուցանիշ, որ մեր համախառն ներքին արտադրութեան 20 տոկոսն է: Մենք երբեք այդպիսի ցուցանիշ չենք ունեցած: Մեր առեւտրաշրջանառութիւնը արդէն 11 ամիսներու ընթացքին գերազանցած է 6 միլիառ տոլարի շեմը, արտաքին առեւտրաշրջանառութեան մասին է խօսքը, բայց չափազանց կարեւոր է այն, որ նաեւ կառուցուածքային փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, որովհետեւ 2012-2013 թուականներուն մենք ունեցած ենք գրեթէ 6 միլիառ արժող արտաքին առեւտրաշրջանառութիւն, ուր, օրինակ, պատրաստի սնունդի արտածումը այդ ցուցանիշին մէջ եղած է 12-13 տոկոս, իսկ հիմա գրեթէ կը հասնի մէկ քառորդի: Ասիկա շատ լաւ եւ կարեւոր ցուցանիշ է: Ակնյայտ է, որ այսպիսի ցուցանիշներ դրական ազդեցութիւն ունին ֆինանսական, մաքրոտնտեսական կայունութեան վրայ», յայտնած է նախագահը:

Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ հայկական դրամը եւս կայուն վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ այս բոլորին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունին գործարարները, որոնցմէ խնդրած է աւելի աշխուժ կերպով գործել 2018-ին, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ 2018 թուականի գարնան  նոր Սահմանադրութիւնը լիովին կը մտնէ ուժի մէջ:

Իր խօսքի աւարտին նախագահ Սարգսեան կոչ ուղղած է բոլորին, առանց տատամսելու անցնելու գործի, մանաւանդ որ կառավարական մարմիններուն եւ իրենց միջեւ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ իրական, եւ ոչ թէ` իբրեւ ստուգող, կամ պատժող մարմինի եւ գործարարութիւն կատարողներու միջեւ:

 

Նախորդը

Արցախի 2018 Թուականի Պետական Պիւտճէն Վաւերացուեցաւ. Դաշնակցութիւնը Թեր Քուէարկեց

Յաջորդը

Տարեցներու Կաղանդի Ձեռնարկ` ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական  Մթնոլորտի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

March 9, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.