Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Սկսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի  Եւ Գերագոյն Մարմինի Միացեալ Նիստը

Երեւանի Մէջ Սկսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գերագոյն Մարմինի Միացեալ Նիստը

Երէկ` երեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ սկսաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի միացեալ նիստը: Նիստին ընթացքին զեկուցումներ պիտի ներկայացուին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն ղեկավարած նախարարութիւններուն եւ մարզպետարաններուն գործունէութեան մասին:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Կը Շարունակէ Լոս Անճելըս – Երեւան  Ուղիղ Թռիչքի Գաղափարը Յառաջ Տանիլ

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Լոս Անճելըս – Երեւան Ուղիղ Թռիչքի Գաղափարը Յառաջ Տանիլ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքի գաղափարը յառաջ տանիլ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն կը յայտնեն, որ կոմիտէի անդամ Զանգու Արմէնեան եւ Կլենտէյլի խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան վերջերս Երեւան էին, ուր պաշտօնատար անձերու հետ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած են այդպիսի թռիչքի բացման գործնական քայլերը: Երեւան կը գտնուէր նաեւ Փասատենա քաղաքի քաղաքապետ Թերի Թոռնեք: Արմէնեանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է  Միջին Արեւելքի Կրօնական  Ու Մշակութային Բազմազանութիւնը Պահել»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Անհրաժեշտ Է Միջին Արեւելքի Կրօնական Ու Մշակութային Բազմազանութիւնը Պահել»

Յունաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած Աթէնքի երկրորդ միջազգային համագումարին իր արտասանած խօսքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը: Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ. Կեանքը աստուածատուր իրականութիւն մըն է: Մարդը...

ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ Դատի Գրասենեակէն  Յարութ Շիրինեան Այցելեց  «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ Դատի Գրասենեակէն Յարութ Շիրինեան Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան` ընկերակցութեամբ նախապէս նոյն պաշտօնը վարած Պետօ Տեմիրճեանի: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 18-19 հոկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարին, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ընթացքին ստորագրուելիք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն...

Դաւիթ Բաբայեան. «Լափշինի Կրած  Տանջանքներուն Պատասխանատուները  Պէտք Չէ Անպատիժ Մնան»

Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախը Թուրքիոյ Համար Բաց Վէրք Է, Իսկ Անոր Գործած Ցեղասպանութիւնները Բաց Վէրքեր Չե՞ն»

Երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ իրենց համար արիւնահոսող վէրք է, պէտք է հասկնայ, որ Թուրքիան իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք չունի խառնուելու տագնապի լուծման: «Փանորամա»-ի փոխանցումով` ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան: «Թուրքիան, ըլլալով ցեղասպան պետութիւն, իրաւունք չունի խօսելու բաց վէրքերու մասին: Արցախը իրեն համար բաց վէրք...

Ռուստամեան. «Հայաստան –  Եւրոպական Միութիւն  Համաձայնագիրի Հիմքը Ընդունուած  Նոր Սահմանադրութիւնն Է»

Ռուստամեան. «Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Հիմքը Ընդունուած Նոր Սահմանադրութիւնն Է»

Դաշնակցութիւնը չունի ու չէ ունեցած կասկածներ, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը պիտի չստորագրուի:  «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի վերջոյ նոյեմբերին պիտի ստորագրուի՞ այս փաստաթուղթը, թէ՞ ոչ: «Մենք լիայոյս ենք, որ անիկա պիտի ստորագրուի: Առայժմ որեւէ խոչընդոտ չենք տեսներ, եթէ ներսը որեւէ խոչընդոտ...

Սուրբ Պատարագ Խաչի Գիւտի Տօնին Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով.  «Խաչը Մեզի Կեանք Տուաւ, Ուրախութիւն, Ներում  Եւ Խաղաղութիւն Բերաւ Աշխարհին»  Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Սուրբ Պատարագ Խաչի Գիւտի Տօնին Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով. «Խաչը Մեզի Կեանք Տուաւ, Ուրախութիւն, Ներում Եւ Խաղաղութիւն Բերաւ Աշխարհին» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Խաչի գիւտի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով: «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը շքեղ թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի եւ յառաջացաւ խորան` մատուցելու Ս. պատարագը` առընթերակայ պատարագակից ունենալով հայր Վարագ վրդ. Պէրպէրեանը եւ հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանը: Յընթացս պատարագին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը...

Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի Ու Թապարժայի Հայ Բնակիչներուն Հետ Հանդիպելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Քուէարկելու Հայ Թեկնածուներուն

Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի Ու Թապարժայի Հայ Բնակիչներուն Հետ Հանդիպելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Քուէարկելու Հայ Թեկնածուներուն

Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի ու Թապարժայի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի միջեւ: Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քլոտ Արըճեան, որ հաւաքոյթը բնութագրեց իբրեւ համախմբումի առիթ, ոչ անպայման` յատուկ պատճառով մը, այլ` անգամ մը եւս վերահաստատելու, որ...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Անհերքելի Է Քաթալոնիոյ Ժողովուրդի`  Իր Քաղաքական Կարգավիճակը Որոշելու Իրաւունքը»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Անհերքելի Է Քաթալոնիոյ Ժողովուրդի` Իր Քաղաքական Կարգավիճակը Որոշելու Իրաւունքը»

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  մամլոյ ծառայութեան հաղորդումով` ՄԱԿ-ի շարք մը հիմնարար փաստաթուղթերու համաձայն, միջազգային հանրութիւնը յանձնառութիւն ստանձնած է` խրախուսելու ժողովուրդներու  ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը եւ յարգելու այդ իրաւունքը: Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Կարեւոր կը նկատենք, որ Պարսելոնայի եւ Մատրիտի միջեւ քաղաքական ճգնաժամի հանգուցալուծումը գտնուի բացառապէս խաղաղ միջոցներով եւ երկխօսութեան ճամբով: Այս առնչութեամբ անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ Ազրպէյճանի...

Բաբայեան. «Արցախը Բարձր Կը Գնահատէ   Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցով Իրանի Դիրքորոշումը»

Դաւիթ Բաբայեանը` Քաթալոնիոյ Մասին. «Արցախը Կ՛ողջունէ Որեւէ Ժողովուրդի Ինքնորոշումը»

Արցախը կ՛ողջունէ որեւէ ժողովուրդի ինքնորոշումը եւ յոյս ունի, որ Քաթալոնիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը  խաղաղ լուծում կ՛ունենայ: Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան: «Մենք կ՛ողջունենք որեւէ ժողովուրդի ինքնորոշումը, սակայն կը կարծենք, որ ամէն ինչ պէտք է խաղաղ ճամբով կատարուի: Մենք դէմ ենք արիւնահեղութեան, քանի որ մենք ալ անցած ենք անկէ եւ...

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն.  «Ս. Խաչը Հզօրութիւն Է Հաւատքի Ճամբան Բռնողներուն Համար»  Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Ս. Խաչը Հզօրութիւն Է Հաւատքի Ճամբան Բռնողներուն Համար» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Երէկ` կիրակի, 29 հոկտեմբերը իւրայատուկ օր էր Լիբանանի հայոց թեմին մէջ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թեմի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին` Ս. Նշանը հանդիսաւոր արարողութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան` Գիւտ խաչի տօնը: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտը դրաւ Պօղոս առաքեալի այն խօսքին վրայ,...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն.  Կիրակնօրեայ Տօնավաճառ` Գործակցաբար  ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Հիմնադրամին  Եւ RET Կազմակերպութեան

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Կիրակնօրեայ Տօնավաճառ` Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Հիմնադրամին Եւ RET Կազմակերպութեան

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, գործակցաբար ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամին եւ RET կազմակերպութեան, երէկ` կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ տօնավաճառ առաւօտեան ժամը 10:00-էն 5:00: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ: RET կազմակերպութեան տնօրէն Աքասիա Փոլատեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս ծրագիրը արդիւնքն է ամիսներու դասախօսական շարքին եւ յատուկ դասընթացքներու,...

ԼՕԽ-ի Աւանդական Տոհմիկ Օրը`  Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

ԼՕԽ-ի Աւանդական Տոհմիկ Օրը` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, նախագահութեամբ Ոսկի Կերեքմեզեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն եւ «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցին, շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր: Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, օրուան նախագահ Ոսկի Կերեքմեզեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան...

Ակնարկ.  Քաթալոնիա Եւ Արցախ. Տարբեր Հանգամանքներ  Եւ Անհամեմատելի Կարգավիճակներ

Ակնարկ. Քաթալոնիա Եւ Արցախ. Տարբեր Հանգամանքներ Եւ Անհամեմատելի Կարգավիճակներ

Քաթալոնիոյ խորհրդարանը ընթացակարգային երկրորդ քայլը առաւ` քուէարկելով Սպանիայէն անջատուելու եւ անկախութիւն հռչակելու բանաձեւին օգտին: Սպասուածը այժմ պաշտօնական Մատրիտի դիրքորոշումն է, որուն ուղղութեամբ արդէն նախապէս սպանական իշխանութիւնները կատարած էին յայտարարութիւններ: Այստեղ դժուար թէ իրաւականօրէն համատեղուին տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքները: Կան իրաւական արդարացում փնտռող խնդիրներ, թէ` անկախութեան ի նպաստ հանրաքուէին քաթալոնացիներուն մեծամասնութիւնը չէ մասնակցած. կամ նաեւ պատմական առումով Քաթալոնիոյ...

Անդրադառնալով Հոկտեմբեր 27-Ի  Ոճրային Արարքի Յիշատակին`  «Ասիկա Մեծ Հարուած Էր Հայաստանին,  Երկար Ժամանակ Պահանջուեցաւ,  Որպէսզի Ապաքինինք»  Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

Անդրադառնալով Հոկտեմբեր 27-Ի Ոճրային Արարքի Յիշատակին` «Ասիկա Մեծ Հարուած Էր Հայաստանին, Երկար Ժամանակ Պահանջուեցաւ, Որպէսզի Ապաքինինք» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ չի կարծեր, թէ հոկտեմբեր 27-ի դէպքին մանրամասնութիւններն ու ծալքերը ամբողջութեամբ բացայայտուած են: «Հասարակութեան մէջ մնացած է այն տպաւորութիւնը, որ լիարժէք ձեւով չէ բացայայտուած, եւ ասիկա արդէն 18-րդ տարին է, որ մեզի կ’ընկերակցի այս դէպքը: Վստահաբար, այսպիսի դէպքերը միեւնոյն ձեւով...

Երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան Սոչիի  Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական  Վեհաժողովին Սուրիան Ներկայացուց

Երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան Սոչիի Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական Վեհաժողովին Սուրիան Ներկայացուց

22 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական ընկերակցութեան կեդրոնական մարմինի եւ մասնագիտական յանձնախումբերու վեհաժողովին պաշտօնական բացումը: Վեհաժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 23 հոկտեմբերին: Սոյն ժողովին Սուրիան կը ներկայացնէր Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, որ արաբերէնով խօսք առնելով ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը: Արտասանուած խօսքերը տեղւոյն վրայ կը թարգմանուէին չորս լեզուներու: Ռէյիսեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Սուրիոյ տագնապի հրահրման ու երկրին...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբի Վարչութիւն.  Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Բեմադրիչ  Եւ Դերասան Սիմոն Մնակեանի

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Վարչութիւն. Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Բեմադրիչ Եւ Դերասան Սիմոն Մնակեանի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած բեմադրիչ եւ դերասան Սիմոն Մնակեանի: Ներկայ էր նաեւ Սիմոն Մնակեանի կինը` Սօսէ Մնակեան, որ այս առիթով յատուկ եկած էր Մարսէյէն: Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արազ Գոճայեան: Ան նկատել տուաւ, որ...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ.  Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու  Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր  2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Լեւոն Աւետանեան: Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Ալիք Մեսրոպեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհաւորեց 13 հայկական վարժարաններէ 63 աշակերտներուն հպարտալի արդիւնքները: Մեսրոպեան ըսաւ, թէ այսօրուան իրադարձութիւնը անգամ մը եւս...

«Յայտարարութիւնը, Որ Արցախը Չի Կրնար  Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ,  Պաքուի Մէջ Վայնասուն Յառաջացուցած Է»  Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

«Յայտարարութիւնը, Որ Արցախը Չի Կրնար Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ, Պաքուի Մէջ Վայնասուն Յառաջացուցած Է» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

Կառավարութեան նիստէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը կը գործէ հակառակ պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են հանդիպումներու ժամանակ: «Յայտարարուած էր այն մասին, որ լարուածութիւնը պէտք է նուազի, սակայն կը կատարուի ճիշդ հակառակը, եւ ատիկա արդէն օրինաչափութիւն դարձած է», ըսած է ան: Փոխնախարարին համաձայն, Ազրպէյճան վրդոված է, որովհետեւ  յայտարարուած...

Բաբլոյեան. «Մեր Նպատակն Է Արցախցիներուն Համար  Ապահովել Խաղաղութիւն Եւ Բարեկեցութիւն»

Բաբլոյեան. «Մեր Նպատակն Է Արցախցիներուն Համար Ապահովել Խաղաղութիւն Եւ Բարեկեցութիւն»

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 26 հոկտեմբերին ընդունած է Մեքսիքա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար Պլանքա Մարկարիթա Քուաթա Տոմինքեսի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները: Ողջունելով հիւրերը` Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատած է Լատին Ամերիկայի երկիրներուն եւ մասնաւորապէս Մեքսիքայի հետ սերտ համագործակցութեան հաստատումը: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ բարեկամական խումբերու կազմութեան գծով` նշելով, որ անոնք իրենց արդիւնաւէտ գործունէութեամբ...

Page 598 of 796 1 … 597 598 599 … 796

Արխիւներ