Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Հետ Բարեկամութեան  Խումբերու Ստեղծում` Պելճիքայի Մէջ

Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբերու Ստեղծում` Պելճիքայի Մէջ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին Վալոնիոյ Պրիւքսելի խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ 16 ֆրանսախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ կազմուած բարեկամութեան խումբ մը հիմնուեցաւ: 2 օր առաջ նոյնպէս գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը, բաղկացած 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ,  հիմնուած էր  ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ: Երկու արարողութիւններուն ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բ. Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը,...

Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Նշանակուեցաւ Պէյրութի Կառավարական Հիւանդանոցի Վարչական Խորհուրդի Անդամ

Ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին, նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան գումարած նիստին ընթացքին, լիբանանահայ սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան նշանակուեցաւ Պէյրութի (Քարանթինայի) կառավարական հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի անդամ: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: Ստորեւ կու տանք տոքթ. Էճիտեանի կենսագրական տուեալները. Ծնած է Պէյրութ,1958-ին: Երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Ամուսնացած է եւ հայր 3 զաւակներու: Բժշկութիւն...

Տօնախմբութեան Մթնոլորտ` Լէյլաւանի Մէջ.  Օծում` Ֆանարի Մատրան Նորակառոյց Մկրտարանի

Տօնախմբութեան Մթնոլորտ` Լէյլաւանի Մէջ. Օծում` Ֆանարի Մատրան Նորակառոյց Մկրտարանի

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ֆանարի շրջանի հայութեան համար: Արդարեւ, շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, մատրան կողքին գտնուող շրջափակին մէջ տիրեց ընկերային ճոխ մթնոլորտ մը: Շրջանին մէջ գործող միութիւնները, ինչպէս` ՀՄԸՄ, ԼՕԽ, ԼԵՄ, Ֆանարի մատրան տիկնանց յանձնախումբը,...

Արցախի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի Հետ

Արցախի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 հոկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում  ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման, մասնաւորապէս Նոր Կիլիկիա բնակավայրի հետագայ զարգացման առնչուող խնդիրներուն: Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Հայաստանի, Կիպրոսի Եւ Յունաստանի Միջեւ  Համաձայնութիւն` Երեք Երկիրներու  Սփիւռքներուն Միջեւ Կապերը Ամրապնդելու

Հայաստանի, Կիպրոսի Եւ Յունաստանի Միջեւ Համաձայնութիւն` Երեք Երկիրներու Սփիւռքներուն Միջեւ Կապերը Ամրապնդելու

Երէկ` ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Կիպրոսի նախագահի` մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թերենս Նիքոլաոս Կուիկի միջեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Կիպրոսի եւ  Յունաստանի սփիւռքի հարցերու համակարգման ուղղութեամբ առաջին եռակողմանի հանդիպումը: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի` մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատարի գրասենեակին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խորհրդակցութիւն  Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու  «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Բարերարին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խորհրդակցութիւն Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Բարերարին Հետ

Պրիւքսել իր կեցութեան կարճ շրջանին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բարերար ամոլ` Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն հետ: Ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան միաժամանակ ատենապետն է յիշեալ թանգարանի յանձնախումբին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ թանգարանի յանձնախումբի փոխատենապետ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Հայր սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց թանգարանին աշխատանքները, իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ եւ օտար շրջանակներուն...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (8).  Վիգէն Աւագեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն  Ներկայացուց Լրագրութեան Ժանրերը  Եւ Տիպար Լրագրողի Յատկանիշները

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (8). Վիգէն Աւագեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Լրագրութեան Ժանրերը Եւ Տիպար Լրագրողի Յատկանիշները

Շաբաթական դրութեամբ գործադրուող լրագրութեան վարժողական ծրագիրը երէկ շարունակուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Վարժողական այդ ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ուն գրեթէ ամբողջական ներկայութեամբ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Վիգէն Աւագեան, որ ներկայացուց լրագրութեան տարբեր ժանրերը եւ անոնց ընդմէջէն շեշտը դրաւ տիպար լրագրողի յատկանիշներուն վրայ: Ան շեշտեց, որ լրագրութեան մարզին մէջ գործելու համար պէտք է հետամուտ ըլլալ լուրերուն, ունենալ հետաքրքրութիւն եւ որոնել իրականութիւններ,...

Եւրոպահայութեան 4-րդ Համագումարի  Երկրորդ Օրուան Նիստերը Տեղի Ունեցան  Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

Եւրոպահայութեան 4-րդ Համագումարի Երկրորդ Օրուան Նիստերը Տեղի Ունեցան Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Երէկ` հինգշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2017-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարի 2-րդ նիստը: Խորհրդաժողովի 2-րդ օրուան բացման նիստին ընթացքին անգլերէնով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիարքի, Ֆրանք Էնկել եւ Էլենի Թէոխարուս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Իմատ Օսմանի

Յ. Բագրատունի Այցելեց Իմատ Օսմանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Երեսփոխան Բագրատունի գնահատեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ երաշխաւորել երկրին ապահովութիւնը` Լիբանանի դիմագրաւած դժուար կացութեան ընթացքին: Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ ոստիկանատուներուն մէջ ոստիկաններուն թիւն ու թաղերուն ապահովութեան հսկող ինքնաշարժներուն թիւը բարձրացնելու...

Ակնարկ.  Մուսուլէն Ռաքքա` Ազատագրման  Գործողութիւններու Կշռոյթները

Ակնարկ. Մուսուլէն Ռաքքա` Ազատագրման Գործողութիւններու Կշռոյթները

ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք Ռաքքայի ազատագրումի հանգամանքները որոշակի առումներով լոյս կը սփռեն տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ: Թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչազերծումի գործողութիւնները կ՛ընթանան հաստատ կշռոյթներով: Երկու տարածքներուն վրայ ալ գործողութիւններուն աշխուժօրէն կը մասնակցին քրտական զինեալ խմբաւորումները: Մաքրազտման այս գործողութիւնները հիմնական շրջանները մաքրելով հանդերձ շատ արագ թայմաութներ կ՛առնեն: Միակտուր եւ համընդհանուր ահաբեկչութեան արմատախլման եւ վերջնական մաքրումին չեն յանգիր: Չէ բացառուած, որ...

Եւրոպահայութեան 4-րդ Համագումարը  Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Եւրոպահայութեան 4-րդ Համագումարը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին, Պրիւքսելի Հայ տան մէջ ընթացք առաւ Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարը, որուն առաջին օրուան սկիզբը ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Գասպար Կարապետեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի...

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ  Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու բաժանմունքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք այս հարցազրոյցով պաշտօնապէս մեկնարկը կը կատարէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու աշխատանքին եւ կը յայտարարէ ընտրարշաւին սկիզբը: Ան նշեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն իսկ դարձած են իրականութիւն: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան,...

«Փարիզի Մէջ Լիբանանի Զբօսաշրջական  Գրասենեակը «Վիզիթ Լեպանոն»-ի Համաձայնագիրին  Մաս Կը Կազմէ` Առանց Լիբանանեան  Պետութեան Յաւելեալ Բեռ Դառնալու»    Շեշտեց Ա. Կիտանեան

«Փարիզի Մէջ Լիբանանի Զբօսաշրջական Գրասենեակը «Վիզիթ Լեպանոն»-ի Համաձայնագիրին Մաս Կը Կազմէ` Առանց Լիբանանեան Պետութեան Յաւելեալ Բեռ Դառնալու» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ յայտնեց, որ Փարիզի մէջ Լիբանանի յատուկ զբօսաշրջական գրասենեակի բացումը «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան հետ ստորագրուած համաձայնագիրին մաս կը կազմէ` առանց լիբանանեան պետութեան յաւելեալ բեռ դառնալու: Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ասիկա չի նշանակեր, թէ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Փարիզի մէջ այլ գրասենեակ մը ունի, այլ պարզապէս այն, թէ «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է,...

Սլաք.  Էրտողանական Դասեր Եւ Սկզբունքներ  Նաեւ Անգարայի Եւ Պաքուի Համար

Սլաք. Էրտողանական Դասեր Եւ Սկզբունքներ Նաեւ Անգարայի Եւ Պաքուի Համար

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ քրտական Քերքուք նահանգին տիրանալու համար Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը որեւէ իրաւունք չունի: Քիւրտերը պէտք է մնան այնտեղ, ուր կը գործէ հիւսիսային Իրաքի վարչակազմը: Էրտողանի այս յայտարարութիւնը փաստօրէն հարազատ դրսեւորումն է պաշտօնական Անգարայի` Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին ուղղութեամբ կիրարկած քաղաքականութեան: Քրտական ինքնավար մարզին հետ որեւէ խնդիր չունէր Անգարան. նոյնիսկ սերտ յարաբերութիւններ զարգացած էին Էրպիլի եւ Անգարայի միջեւ, յատկապէս...

Արցախի Եւ Հայաստանի ՀՅԴ Խմբակցութիւններու  Հանդիպում. «Չենք Կրնար Շրջանցել  Բանակաշինութեան, Սահմանային  Իրավիճակներուն Հետ Կապուած Հարցերը»

Արցախի Եւ Հայաստանի ՀՅԴ Խմբակցութիւններու Հանդիպում. «Չենք Կրնար Շրջանցել Բանակաշինութեան, Սահմանային Իրավիճակներուն Հետ Կապուած Հարցերը»

Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Ազգային ժողովներու ՀՅԴ խմբակցութիւնները տարեկան նուազագոյնը երկու հանդիպում  կ՛ունենան թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի մէջ: 16 հոկտեմբերին Արցախի ՀՅԴ պատգամաւորները ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ հանդիպեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն եւ դաշնակցական նախարարներուն հետ: Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, «Երկիր»-ին հետ զրուցելով հանդիպման նիւթերուն մասին, տեղեկացուց, որ այս անգամ քննարկման նիւթերը պիտի...

Ռուստամեան` Սարգսեան – Ալիեւ  Հանդիպումին Մասին. «Հայաստանի Նախագահը  Յստակօրէն Ներկայացուցած Է Մեր Մօտեցումները»

Ռուստամեան` Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումին Մասին. «Հայաստանի Նախագահը Յստակօրէն Ներկայացուցած Է Մեր Մօտեցումները»

«Շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի նախագահը յստակօրէն ներկայացուցած է մեր մօտեցումները մեզի համար կենսական անհրաժեշտութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ», «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ  Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին: «Անկախութեան, անվտանգութեան զիջում չի կրնար ըլլալ, Ղարաբաղը չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ մնալ, եւ այս տրամաբանութիւնը պէտք է պահպանուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այսօր հիմնականը իրական բանակցային...

«Պէտք Է Շարունակել Համայնքներուն Մէջ  Իրականացուող Ծրագիրները`  Գործարարական Տրամաբանութեամբ»  Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

«Պէտք Է Շարունակել Համայնքներուն Մէջ Իրականացուող Ծրագիրները` Գործարարական Տրամաբանութեամբ» Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

Երէկ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան զեկուցած է այդ նպատակով Հայաստանի քանի մը մարզերու մէջ  կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն մասին: Նշուած է, որ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան մէջ արդէն կան շուրջ 50 ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են բնակչութեան` եկամուտներ ստանալու կարելիութիւններու...

Ակնարկ.  Արցախեան Հակամարտութեան Մասին  Պրիւքսելի Բանաձեւը

Ակնարկ. Արցախեան Հակամարտութեան Մասին Պրիւքսելի Բանաձեւը

Պրիւքսել-Երեւան խոր եւ համապարփակ համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան յետհաշուարկը սկսած է: Ամիս մը ետք տեղի ունենալիք գագաթնաաժողովին, բոլոր նախադրեալները պատրաստ են, որ ստորագրութիւնը կայանայ: Նկատելի շրջանառութիւն գտած էր այն մտավախութիւնը, որ Վիլնիւսի նման, մետասաներորդ պահուն տնտեսական եւ քաղաքական բաղադրիչներ ներառած փաստաթուղթի ստորագրութենէն հրաժարելու նման, այս մէկը եւս քաղաքական որոշ ճնշումներով չեղեալ նկատուի: Նախադրեալները այդպէս չեն սակայն. առարկայական դիտարկում կատարելու փորձով պէտք...

Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը` Ժընեւի Մէջ.  Համաձայնութիւն` Շփման Գիծին Մէջ  Լարուածութեան Կրճատման Համար  Լրացուցիչ Քայլեր Ձեռնարկելու Վերաբերեալ

Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը` Ժընեւի Մէջ. Համաձայնութիւն` Շփման Գիծին Մէջ Լարուածութեան Կրճատման Համար Լրացուցիչ Քայլեր Ձեռնարկելու Վերաբերեալ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու Զուիրցերիոյ մնայուն ներկայացուցիչի նստավայրին մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա)...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մաշնուքի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մաշնուքի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, երէկ այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն թղթածրարը եւ Պուրճ Համուտի ու Այնճարի քաղաքապետարաններուն վերաբերող խնդիրներ: Երեսփոխան Բագրատունի Մաշնուքի հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող...

Page 600 of 796 1 … 599 600 601 … 796

Արխիւներ