Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Պիտի Օգնէ Ընդլայնելու Համագործակցութեան Ծիրը

Դեկտեմբեր 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի 17-րդ նիստին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան նշեց, որ քանի մը օր առաջ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրը յաւակնոտ փաստաթուղթ է, որ նոր էջ կը բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:

Ըստ անոր, Հայաստան անկախութենէն ի վեր յայտարարած է, որ երկրին հիմնական ուղղութիւններէն մէկն է Եւրոպայի հետ սերտ համագործակցութիւնը: «Եւրոպական օրինակով Հայաստանի պետականութեան կառուցումը գիտակցաբար կատարուած ընտրութիւն է, եւ այդ գործընթացը անշրջելի է, իսկ ապացոյցը` եւրոպական կառոյցներուն հետ տարիներէ ի վեր ծաւալած համագործակցութիւնն է», հաստատեց Բաբլոյեան` տալով փաստացի տուեալներ: Ան աւելցուց, որ այդ համագործակցութեան շնորհիւ կատարուած է հսկայական աշխատանք, որուն համար Հայաստան երախտապարտ է Եւրոպական Միութեան: Նախարարը դիտել տուաւ, որ գոհունակութեամբ կարելի է նշել, որ վերջին երկու տարիներուն կարելի եղաւ Հայաստանի մէջ իրականութիւն դարձնել տասնեակ մը համաձայնագիրներ:

Բաբլոյեան անդրադարձաւ նաեւ արցախեան տագնապին` հաստատելով, որ Հայաստան միշտ կողմնակից է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման, որուն կողմնակից են նաեւ եւրոպացի պաշտօնակիցները:

«Կարեւոր էր, որ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ Արցախի հարցի խաղաղ լուծման: Թէեւ Ազրպէյճան միշտ կը խախտէ հարցին խաղաղ լուծումը, բայց եւ այնպէս մենք կը կառչինք նոյն ընտրանքի եւ կարգաւորման երեք սկզբունքներուն` ուժ չգործածել, տարածքներու ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը յարգել: Առանց Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքին կարելի չէ տագնապը լուծել:  Հայաստան կը մնայ խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման իր տեսլականին կառչած», եզրափակեց Ազգային ժողովի նախագահը:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փիթըր Սվիթալսքի իր կարգին խօսք առնելով հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիրը պիտի օգնէ ընդլայնելու համագործակցութեան ծիրը, ինչպէս նաեւ խորացնելու երկխօսութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որոնք կան համաձայնագիրին մէջ: Անոր համաձայն, նոյեմբերի աւարտին կարելի եղած է համադրել օժանդակութեան նոր միասնական շրջանակային ծրագիրը: «Ատով կը ճշդուին աջակցութեան ոլորտները Հայաստանի մէջ: Եւրոպական Միութիւնը կը ծրագրէ Հայաստանին կատարած իր յատկացումներուն չափը 20-25 տոկոսով աւելցնել», ըսաւ դեսպանը:

Փիթըր Սվիթալսքի կնքուած համաձայնագիրին կարեւորութիւնը առնչեց նաեւ խորհրդարանական նոր յարաբերութիւններու ձեւաչափին: «Մենք` իբրեւ գործադիրի ներկայացուցիչներ, լիայոյս կը սպասենք համաձայնագիրի սահուն վաւերացման խորհրդարանական բոլոր մարմիններուն մէջ, որպէսզի սկսինք համաձայնագիրի կիրարկման յաջորդ փուլին, պահպանենք ձեռք բերուած թափը եւ սկսինք օգուտներ քաղել համաձայնագիրի ներուժէն», ըսաւ ան:

Նոյն ժողովին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեան հաստատեց, որ Հայաստանը յոյս ունի մինչեւ գարուն Եւրոպական Միութեան համաձայնագիրը վաւերացման դնելու խորհրդարանին մէջ:

 

Նախորդը

«Ֆիչ Ռէյթինկզ» Հայաստանի Կանխատեսումը «Կայուն»-Էն Բարձրացուցած Է «Դրական»-ի

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Կը Մերժէ Վերահաստատել Իր Յանձնառութիւնը` Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Առաջարկած Սկզբունքներուն» Հաստատեց Նախարար Նալբանդեան

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?