15 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու հերթական հանդիպումը` այս անգամ Ասկերան շրջանային կեդրոնի Էտմոն Բարսեղեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցի ուսուցչական անձնակազմին հետ:
Հանդիպումին սկիզբը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան ներկայացուց Իրանի «Թեւանիկ» խումբի կրթութեան մարզին առնչուող ծրագիրները: «Արցախի համալսարաններուն եւ ուսումնարաններուն մէջ գիւղատնտեսական եւ զինուորական մասնագիտութիւն ընտրած ուսանողները գերազանց յառաջդիմութեան պարագային պիտի արժանանան «Թեւանիկ» խումբի դրամական աջակցութեան», տեղեկացուց Ռիթա Մնացականեան:
Պատգամաւոր Ալեոշա Գաբրիէլեան խօսեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի գործունէութեան, ընդունուած եւ քննարկման փուլին մէջ գտնուող շարք մը օրէնքներու եւ օրինագիծերու վերաբերեալ խմբակցութեան դիրքորոշումին մասին:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ: Զեկուցումը ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան: Վահրամ Բալայեան խօսեցաւ Արցախի ճանաչման հոլովոյթին, պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան մասին. «Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանը անընդհատ կը ձգտի «սեւ ցուցակներու», այլ միջոցներով կարելիութիւն չտալ շփուելու աշխարհին հետ, այսուհանդերձ մեր կապերը աշխարհին հետ աւելի սերտացած են: Յունիս 2015-էն մինչեւ ապրիլ 2016-ի պատերազմը արտերկրէն մեր երկիրը հասած է պաշտօնական 3 պատուիրակութիւն, իսկ ապրիլեան պատերազմէն մինչեւ այսօր` 24: Եւ ուրախալի է այն փաստը, որ այսօր աւելի շատ կը խօսուի ժողովուրդի կամքի ընտրութեան իրաւունքին մասին»:
Ասկերանի Էտմոն Բարսեղեանի անուան միջնակարգ դպրոցի ուսուցիչները բարձրացուցին դպրոցի շէնքի բարեկարգման, ջեռուցման, կրթական համակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր: Բնակիչներուն կը մտահոգէր նաեւ այն հանգամանքը, որ վերջին տարիներուն քաղաքին մէջ բնակարանաշինութիւն չի կատարուիր, երիտասարդ ընտանիքները ստիպուած կը տեղափոխուին եւ այլ վայրերու մէջ տուն կը գնեն կամ կը վարձեն:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ասկերանի քաղաքապետ Սամուէլ Աղաջանեան: