Կիրակի, 24 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ռաուտայի «Շուշի» կոմիտէութեան ակումբին կից տեղի ունեցաւ նոր ելեկտրածին շարժակի բացումը:
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Յակոբեանը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ կոմիտէին առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկն է Ռաուտայի շրջանի բարեզարդումը եւ անոր բնակիչներուն հանգիստ ու հեզասահ կեանքի ապահովութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ 6 դեկտեմբեր 2016-ին ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն այսօրուան ծրագիրին համար ըսած էր հետեւեալը. «Միասին մենք միշտ զօրաւոր ենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը զգայ այսօրուան կեանքի դժուար պայմանները, ըլլան անոնք ընկերային, տնտեսական, թէ քաղաքական, բայց այդ մէկը արգելք չէ ու չ՛ըլլար, որ մենք յուսահատինք կամ չպայքարինք բարելաւելու թէ՛ մեր անհատական եւ թէ՛ ընդհանրապէս հայ հասարակութեան կեանքը» եւ աւելցուց. «Այսօր պատիւը ունինք եւ միաժամանակ մեծ պատասխանատուութիւն կը զգանք բացումը կատարելու այս արդիական եւ առաւելութիւններով օժտուած նոր ելեկտրածին շարժակին»:
Յակոբեան ըսաւ, որ սոյն ծրագիրը իրագործուեցաւ շարք մը բարերարներու եւ հաստատութիւններու օժանդակութեամբ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին, յատկապէս` շրջանին մօտիկ բարերար Սարգիս Պուտագեանին, որ ջանք չխնայեց ուրախացնելու շրջանի համեստ բնակիչները` միշտ ամենալաւը հրամցնելով անոնց, եւ աւելցնելով, որ Պուտագեանը եղաւ շրջանը նոր ելեկտրածին շարժակով օժտելու ծրագիրին հովանաւորողը` իրեն հետ ունենալով հետեւեալ նուիրատուները` Արամ Պոսնոյեան, Անդրանիկ Մսըրլեան, Կարօ Սալխանեան, Ղասսան Սապա, Կարպիս Թիւթիւնճեան, Հրայր Խաչատուրեան, Գրիգոր Թերզեան, Քարամ Քարամ, Մելքոն Յակոբեան, «Նաժիար ֆրեր-թրէյտինկ», Նաժի Ասսաֆ, Նար Խաչատուրեան, Բիւզանդ Գէորգեան, Փիեռ Մալաք, Րաֆֆի Սիսլեան, «Ռիքան ինթըրնեշընըլ», Սերժ Չոփուրեան, Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Շանթ Յակոբ Գլպաշեան, Վարդան Պայթարեան, Վրէժ Սապունճեան, «Պենեֆեքթըր»:
Սարգիս Պուտագեանը արաբերէնով արտասանած իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով իր մեծ մօր մէկ խօսքը, որ կ՛ըսէր. «Իւրաքանչիւր անձի պարտականութիւնն է ծառայել իր հայրենիքին, եկեղեցիին, դպրոցին ու միջավայրին, եւ այդ ծառայութիւնը իրականացնելու համար հարկ է իր ամէնօրեայ հացէն բաժին մը հանէ»: Պուտագեան ըսաւ, որ այդ խօսքերը յիշելով` շրջանը նոր ելեկտրածին շարժակով օժտելու գաղափարը յղացաւ, որպէսզի շրջանի ժողովուրդին նկատմամբ իր պարտականութիւնը կատարած ըլլայ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց անհատաբար բոլոր անոնց, որոնք չմերժեցին զինք, երբ դիմեց իրենց եւ օժանդակեցին ծրագիրին յաջողութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ վերջերս նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ հանդիսութեան ընթացքին կրկին անգամ շեշտուեցաւ, որ ՀՅԴ ծնած է իր ժողովուրդէն, որուն համար կ՛աշխատի, կ՛ապրի, կը մեռնի, եւ անոր հիմնական նպատակը ծառայութիւնն է:
Բագրատունի յայտնեց, որ բնական պայմաններու մէջ գտնուող երկիր մը անշուշտ ո՛չ ելեկտրածին շարժակի, ո՛չ ջուրի հորի, ո՛չ հիւանդանոցային օժանդակութեան կարիքը կ՛ունենայ, աւելցնելով, որ օրէնք ունեցող երկիրի մը մէջ ո՛չ անիրաւութիւններ եւ ո՛չ ալ անարդարութիւններ կը կատարուին, սակայն մենք կ՛ապրինք Լիբանանի մէջ: «Երբ մեր ժողովուրդը կարիքը կը զգայ, Դաշնակցութիւնը անպայման այդ ժողովուրդին կողքին կը կենայ: Լիբանանի մէջ որեւէ շրջան մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Աւելի հաճելին եւ քաջալերականը այն է, որ մենք մեր գործին մէջ առանձին չենք, այլ կը ներշնչուինք մեր բարեկամներէն, որոնք շատ յաճախ կու գան մեր քով` գաղափարներ տալով եւ իրենց քսակը լայն բանալով», հաստատեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները, ակումբները Լիբանանի մէջ ժողովուրդի հարուստ, թէ ոչ հարուստ անհատներով կառուցուած են, որոնք աշխատած են հաւատքով, սիրտով եւ հաւատալով, որ իւրաքանչիւր անհատի յաջողութիւնը պէտք է ի սպաս դրուի հաւաքական յաջողութեան: Եզրափակելով իր խօսքը` Բագրատունի իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր բարերարներուն, ինչպէս նաեւ` շրջանի կոմիտէին եւ ժողովուրդին:
Աւարտին, Յակոբ Բագրատունի եւ Սարգիս Պուտագեան ելեկտրածին շարժակին ժապաւէնը կտրելով` աշխատցուցին զայն: