Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաստատակամ Եւ Հաւատքով Պիտի Շարունակենք Կառուցել Քանդուածը» Հաստատեց Ժիրայր Ռէյիսեան

December 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` ամփոփելով 2017 թուականը, ըսած է, որ հաստատակամ ու հաւատքով կը վերակառուցենք քանդուածը:  Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին եւ վերականգնման հոլովոյթին մասին խօսելով` ան դիտել տուած է, որ տարին լեցուն էր դժուարութիւններով, բայց նաեւ`  դրական զարգացումներով: Ժիրայր Ռէյիսեան կարեւոր նկատած է 2016 թուականի դեկտեմբերին Հալէպի ազատագրումը, որ յոյս ներշնչեց հետագայ դրական զարգացումներու ակնկալիքներ ունենալու շրջագիծին մէջ: Ըստ անոր, դրական զարգացումները շարունակուեցան, շուտով ազատագրուեցաւ Տէր Զօրը, որ, ըլլալով համահայկական ուխտավայր, կարեւոր նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար:

«Ճիշդ է Տէր Զօրի մէջ հայկական համալիրը, քաղաքի բազմաթիւ շէնքերուն նման, ահաբեկչութեան թիրախ դարձած է, սակայն Հալէպի մէջ եւ այլուր մենք հաստատակամ ենք ու ամբողջական հաւատքով լեցուած, որ պէտք է վերակառուցենք այն, ինչ որ քանդուած է: Իրականութեան մէջ չենք կրնար ըսել, որ պատերազմը վերջնականապէս աւարտած է, սակայն եղան յաղթանակներ եւ ձեռքբերումներ, եւ արդէն կարելի է յայտնել, որ Սուրիոյ վերեւ կուտակուած ամպերը կը ցրուին», «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:

Խօսելով Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին մասին` երեսփոխանը նշեց, որ նախորդ տարիներուն հետ բաղդատելով, նախորդ տարուան ընթացքին պատկերը այլ եղած է: Հալէպը երկար ժամանակ ելեկտրական հոսանքէ զրկուած էր, այսօր, թէկուզ ոչ ամբողջ օրը, սակայն մասամբ լուսաւորում կայ: Ջրամատակարարումը արդէն բնականոն ընթացք ունի: «Արդէն ջուրի տագնապ չկայ, յուսանք, որ մեր բոլորին համար անիկա չի կրկնուիր: Քաղաքին մէջ զինուորական երեւոյթները գրեթէ վերացած են, նուազագոյնի հասած: Կեանքը վերադարձած է իր բնականոն հունին: Ճիշդ է, տնտեսական դժուարութիւններ կան, սակայն պետութիւնը եւ ժողովուրդը միասնակամ են: Ներկայիս կը կատարուին քանդումներէն գոյացած հողակոյտերու դուրս բերումը: Կրնանք ըսել, որ վերակառուցման փուլը սկսած է: Մարդիկ քիչ-քիչ կը վերակառուցեն իրենց տուները, գործատեղերը: Մօտիկ ապագային մարդիկ աւելի հաստատակամ պիտի վերադառնան նախկին կեանքին», յայտնած է ան:

Ըստ երեսփոխանին, գաղութի պատասխանատուները ուսումնասիրած ու հաշուած  են վնաս կրած հայկական հաստատութիւնները եւ փուլ առ փուլ անոնք կը վերակառուցուին: Հալէպի մէջ գտնուող Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շէնքը, որ ռազմական գործողութիւններուն հիմնական թիրախ եղած էր, բաւական վնասուած էր: Ներկայիս կառոյցին մէկ մասնաշէնքը վերականգնուած է, աշակերտները սկսած են իրենց դասերուն, իսկ յառաջիկային պիտի վերակառուցուի երկրորդ շէնքը եւս:

Ժիրայր Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ճամբաները ընդհանուր առմամբ անվտանգ են: Շատ քիչ  «անակնկալներ» կ՛ըլլան, բայց, ընդհանուր առմամբ, անոնք ապահով են: Հալէպի մէջ հայկական կեանքը կրկին իր բնական հունով կ՛ընթանայ` միութիւններ, ակումբներ, մշակոյթի կեդրոններ, իրենց աշխատանքին վերադարձած են, թէեւ անոնք միշտ ալ աշխուժ կերպով կը գործէին, թէկուզ ամէնէն դժուար պահերուն: Ըստ անոր, Կաղանդի սեմին քաղաքը որոշ չափով տօնական մթնոլորտի մէջ է, զարդարանքներ, լոյսեր յոյս կը ներշնչեն, մարդիկ աւելի խանդավառ են:

Հալէպի ազատագրումէն ետք բնակիչներու, տեղւոյն հայերուն վերադարձին մասին խօսելով` Ժիրայր Ռէյիսեան նշած է, որ կան մարդիկ, որոնք վերադարձած են, ուրիշներ ունին այդ միտումը: Կը վերադառնան Հալէպէն սուրիական այլ քաղաքներ տեղափոխուած մեր հայրենակիցները, նաեւ անոնք, որոնք ժամանակաւորապէս կը բնակին Լիբանան, Հայաստան եւ արեւմտեան տարբեր երկիրներ: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին այդ թիւը պիտի աւելնայ:

 

Նախորդը

Սաթիկ Սէյրանեան` Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Նորընտիր Նախագահ

Յաջորդը

Կանխուած Է ՏԱՀԵՇ-ի Անդամի Հայաստան Մուտքը

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.