Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Պահանջն Է, Որ Արցախը Դառնայ Բանակցային Կողմ»

Դեկտեմբեր 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է 2017 տարուան ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն եւ զարգացումներուն:

Նախ եւ առաջ ան խօսած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ անկախ առկայ հարցերէն, իրողութիւն է այն, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները չվիճարկուեցան, փողոցային պայքար չեղաւ, եւ գոնէ խորհրդարան մտած ուժերը ընդունեցին ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Երկրորդ նշանակալի իրողութիւնը, ըստ Վարդանեանի, Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ եւ գործընկերային համաձայնագիրի ստորագրութիւնն է: «Քանի մը տարուան ընդմիջումէն ետք կարելի դարձաւ մեր քաղաքական հաւասարակշռութեան հաստատումը: Երբ 2013-ին մենք մտանք Եւրասիական տնտեսական միութիւն, եւրոպացի մեր գործընկերները մեծ ճնշման տակ կը պահէին Հայաստանը: Մեր վարած արտաքին ճիշդ քաղաքականութիւնը կարելիութիւն տուաւ կատարելու ոսկերչական աշխատանք, ու «ե՛ւ, ե՛ւ»-ի քաղաքականութիւնը կարելի դարձաւ», նշած է ան:

Աղուան Վարդանեան նաեւ կարեւոր նկատած է Արցախի սահմանի ամրացման աշխատանքները, որոնք սկսած էին արդէն 2016-ին: Ըստ անոր, ճիշդ է, որ այդ աշխատանքները ուշացած էին, բայց հիմա սահմանին երկայնքին լուրջ ներդրումներ կատարուեցան, եւ սահմանագիծը շատ աւելի ապահով դարձաւ:

Չորրորդ կարեւոր իրադարձութիւնը, Վարդանեանի կարծիքով, այն է, որ կառավարութեան գործունէութեան իբրեւ արդիւնք 2017 թուականը կը փակուի բաւական դրական ցուցանիշներով: «Այս տարուան համար նախատեսուած էր պիւտճէի 3,2 տոկոս աճ, բայց տարին կը փակենք 6,7 տոկոս աճով: Բացի ատկէ, առաջին անգամ ըլլալով մեր արտածման քանակը մրցանշային եղաւ: Խորապէս համոզուած եմ, որ որդեգրուած քաղաքականութիւնը տնտեսութիւնը պիտի շարժէ իր մահացած վիճակէն, ինչ որ հիմք պիտի հանդիսանայ ընկերային անարդարութեան խնդիրի լուծման», շեշտած է ան:

Ամփոփելով խօսքը` Վարդանեան նշած է, որ իր թուարկածները լաւատեսութեան հիմք կու տան: «Կը մնայ աշխատիլ, աշխատիլ եւ աշխատիլ», հաստատած է ան:

Ապա պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ Արցախի հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումները որոշ չափով դրական են: «Միշտ հանդիպումները լաւ են: Մենք միշտ նշած ենք, որ պատրաստ ենք միակողմանիօրէն վերահսկման մեքանիզմները, սարքերը տեղադրելու: Եւ բացի ատկէ, մենք միշտ շեշտած ենք, որ պէտք է կատարել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները», նշած է Վարդանեան:

Բանակցային հոլովոյթին Արցախի մասնակցութեան անդրադառնալով` ան շեշտած է. «Ատիկա մեր պահանջն է, բայց քանի որ այսօր չկայ իսկական բանակցութիւն, տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսելու, երբ իրական բանակցութիւններ ըլլան, այդ ատեն այս հարցը կը լուծուի»:

Անդրադառնալով գնաճին` Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ անիկա պայմանաւորուած է երկու հանգամանքով. «Միշտ տարեվերջին` Ամանորէն առաջ, տարբեր ապրանքատեսակներու գնաճ  կը նկատուի: Երկրորդը միջազգային շուկային մէջ կատարուող որոշ փոփոխութիւններն են, որոնք մեր շուկային մէջ հակառակ ձեւով կ՛աշխատին: Երբ միջազգային շուկային մէջ ապրանքները սղին, անոնք Հայաստանի մէջ ալ կը սղին, իսկ երբ աժան դառնան, Հայաստանի մէջ նոյնը չի կատարուիր: Ան ըսած է, որ այս առումով կառավարութիւնը ընելիք պէտք է ունենայ»:

 

 

Նախորդը

«Գերմանիան Տեղեակ Է Այդ Երկրին Մէջ Հաստատուած Հայերու Եւ Ալեւիներու Դէմ Թուրքիոյ Մէջ Ծրագրուող Յարձակումներէն» Կ՛ըսէ Փայլան

Յաջորդը

Նախարարութիւններուն Մէջ Փոփոխութիւնները Չեն Բացառուած

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?