Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Հրապարակին Վրայ. Արաբական Պասքեթպոլի Ակումբներու Ախոյեան Հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբը Արժանացաւ Ժողովրդային Շատ Մեծ Ընդունելութեան
Շաբաթ, 4 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 18:00-ին, Մարոքէն Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ Մարոքի մէջ յաջողած էր մեծ իրագործում մը կատարել` հանդիսանալով Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեան աւարտականին պարտութեան մատնելով տեղւոյն կազմերէն Սալան, անոր իսկ համակիրներուն ներկայութեան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ ՀՄԸՄ-ը դիմաւորելու գացած էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ...



















