Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

49 Փոքրիկ Մրցանակակիրներ Արժանացան «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Պարգեւներուն

December 30, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2017-ին լրացաւ 14-րդ տարին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի  կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: 28 դեկտեմբեր 2017-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ լեցուած էր մրցանակակիր մանուկներով եւ անոնց ծնողներով:

Երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկ մրցանակակիրներուն, որոնց թիւը, նշեց ան,  տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է ու քաջալերելի` նկատի առնելով, որ նոր սերունդները տակաւին հետաքրքրուած են մայրենիով ու կը գուրգուրան անոր անթերի ներկայացման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայկական դպրոցներու մասնակցութեան պատկերին համար, որ ամէն տարի գրեթէ ամբողջական կ՛ըլլայ: Արդարեւ, այս տարի 11 հայկական դպրոցներ 49 մրցանակակիրներ ունեցած են, ինչ որ հպարտալի երեւոյթ է:

Ճենանեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ ու կը տրամադրէ մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւները` քաջալերելով նոր սերունդները անսխալ գրելու եւ խօսելու իրենց մայրենի լեզուն: Նոր տարուան շնորհաւորանքէն ու բարեմաղթութեան խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Գանտահարեան շնորհաւորեց փոքրիկները, անոնց ծնողները եւ հայկական դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցիչները` յայտնելով, որ աւանդութիւն դարձած «Անսխալ գրենք» մրցումի կողքին խմբագրական կազմը ծրագրած է աւանդութիւն դարձնել այս տարուան ընթացքին կազմակերպած «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցը եւս, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր փոքրիկներուն մօտ: Խմբագրական կազմը ունի նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնք օրին կը ներկայացուին: Շահան Գանտահարեան իր կարգին եւս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն «Պզտիկ-մզտիկ»-ի ձեռնարկները, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարէ կը հայթայթէ մրցանակակիրներուն պարգեւները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց մրցանակակիրները: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Սօսի» ֆոնտի ներկայացուցիչ Մելքոն Յակոբեան եւ տեղի ունեցաւ պարգեւներու բաշխումը:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման Ծրագիրի Տիկնանց Յանձնախումբին Ամանորի Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Գնահատանք` Մարալ Անթոյեանի Երկարատեւ Վաստակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.