Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին: Գործադիր մարմինը համապատասխան որոշում տուաւ 28 դեկտեմբերին գումարած իր նիստին:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ այս համաձայնագիրը ստորագրուած էր այս տարուան 24 նոյեմբերին` Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին:
Յայտնենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան այս շաբաթասկիզբին հրամանագիր ստորագրեց համաձայնագիրի կիրարկումը ապահովող համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբ ստեղծելու մասին` փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ: