Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Անփոխարինելի Գործիչներ Կան` Վահան Յովհաննիսեան Գործիչը Անփոխարինելի Է»

December 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով տարին ամփոփելու ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ շատ հանրապետականներ կը յայտարարեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը անփոխարինելի է, ի՞նչն է, որ կը խանգարէ անոր յայտարարել, թէ ան պիտի ըլլայ վարչապետը, ի՞նչը կը ստիպէ խուսափիլ եւ սպասել մինչեւ ապրիլ, ըսաւ, որ ինք չի տրուիր սադրանքներուն եւ կը պատասխանէ «շարմազանովական» ոճով:

«2018-ը կու գայ, կը պատասխանենք: Նախագահը վերջերս տուած հարցազրոյցով շատ ծաւալուն խօսած է բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին, թէ 2018-ին ի՛նչ պիտի ըլլայ: ՀՀԿ-ն ՀՅԴ-ի հետ պիտի շարունակէ իշխել մինչեւ 2022 թուականը, իսկ թէ ո՛վ ուր կ՛ըլլայ, ՀՅԴ-ն ու ՀՀԿ-ն կը հաւաքուին, կ՛որոշեն», ըսաւ ան:

Շարմազանով ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ գործող պետական-քաղաքական գործիչներէն չի ճանչնար այլ գործիչ մը, որ կրնայ աւելի արդիւնաւէտ իրականացնել արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակայումը, քան Հայաստանի Հանրապետութեան գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

«Բայց եթէ մարդիկ կը կրկնեն, թէ անփոխարինելի մարդիկ չկան, ես այդ կարծիքը չեմ կիսեր. իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ կան անփոխարինելի գործիչներ: Վահան Յովհաննիսեան գործիչը  այս պահուն անփոխարինելի է, մենք անոր կարիքը ունինք», ըսաւ ան:

Ամփոփելով խօսքը` Շարմազանով ըսաւ, որ ՀՀԿ-ի մէջ կայ մէկ առաջնորդ: «Ես բոլորին շատ կը յարգեմ, կ՛ընդունիմ, բայց կը կարծեմ, որ ատիկա այդպէս է: Բոլորիս` թէ՛ Կարէն Կարապետեանի, թէ՛ Վիգէն Սարգսեանի, թէ՛ մեր խումբի միւս անդամներուն համար, ինչպէս նաեւ պետութեան համար: Ինչպէս աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, այդպէս ալ կ՛որոշենք», աւելցուց ան:

Այլ հարցով, էդուարդ Շարմազանով յայտնած է, որ Հայաստան 2018-ին եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու հոլովոյթի պիտի սկսի:

«2018-ին մենք այդ հոլովոյթին պիտի սկսինք եւրոպական առնուազն 2-3 երկրի մէջ: Չեմ կրնար ըսել, որ 2018-ին ատիկա միանգամայն յաջող աւարտ կ’ունենայ, բայց այդ հոլովոյթին պէտք է սկսիլ»,  ընդգծած է Շարմազանով:

Շարմազանով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առումով դրական նկատած է նաեւ անցնող տարին: Ան յիշեցուցած է, որ այս տարուան ապրիլ 24-ին Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, որով կը դատապարտէր Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոր գնահատումով` սա աննախադէպ յաջողութիւն է` հաշուի առնելով այն, որ Չեխիոյ խորհրդարանի ղեկավարութիւնը, Չեխիան աւանդական ջերմ յարաբերութիւններ ունէին Թուրքիոյ հետ:

 

 

Նախորդը

Լափշին 2018-ն Յայտարարած Է Ազրպէյճանը Պատժելու Տարի

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.