Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կատարած Է Վրաստան Եւ Ռուսիա

December 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն մէջ Թիֆլիսի մէջ այցելած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդանիստ Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուրկէ ուղղուած է «Հերոսներու հրապարակ» եւ ծաղկեպսակ զետեղած յուշակոթողին առջեւ ու յարգանքի տուրք մատուցած:

Նախագահ Սարգսեան այնուհետեւ հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորած է զայն` կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան 40-ամեակին առիթով` ընդգծելով, որ այդ չորս տասնամեակներուն ան մեծ աշխատանք տարած է Վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ ամրապնդման համար:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարքին` հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան պահպանման եւ խորացման համար անոր աղօթքներուն համար:

Անոնք կարեւոր նկատած են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները: Հայաստանի նախագահը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ բարձր գնահատած է Հայոց եկեղեցւոյ դերը` յատկապէս պետականութեան բացակայութեան ժամանակաշրջանին, երբ եկեղեցին դժուար կացութիւններու մէջ փոխարինած է պետութիւնը` ամուր պահելով հաւատքն ու պահպանելով ազգին ինքնութիւնը:

Ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Վրաստանը իրարու կապուած են դարաւոր բարեկամութեամբ, նախագահ Սարգսեան նշած է, որ այդ բարեկամութիւնը արմատաւորուած է քրիստոնէական եւ մշակութային ընդհանուր արժէքներու եւ պատմութեան ամուր հիմերու մէջ:

Նախագահն ու կաթողիկոս պատրիարքը կարեւոր նկատած են հայ առաքելական եւ վրացական ուղղափառ եկեղեցիներուն դերը` հայ-վրացական բարի դրացիական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ: Անոնք ողջունած են երկու երկիրներուն միջեւ զարգացող կապերը` հաստատելով, որ յատկապէս առեւտրատնտեսական ոլորտին մէջ նախորդ տարի արձանագրուած է նկատելի յառաջընթաց, աշխուժ եղած են փոխադարձ գործակցութիւնը զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ:

Նախագահն ու վարչապետը անդրադարձած են այն իրողութեան, թէ երկու երկիրներուն կապերը դարաւոր են, եւ բոլոր նախադրեալները կան զանոնք զարգացնելու, ընդլայնելու եւ ամրապնդելու:  Քննարկումի նիւթ եղած է մօտիկ ապագային  նախատեսուած` Վրաստանի վարչապետին Հայաստան տալիք այցելութիւնը:

Աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին:

Պետութիւններուն ղեկավարները հանդիպումին ընթացքին ամփոփած են ԱՊՀ-ին մէջ 2017 թուականին ռուսական նախագահութեան արդիւնքները եւ միտքեր փոխանակած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման հարցերուն շուրջ:

Հանդիպման սկիզբը նախագահ Սարգսեան ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու պաշտօնակիցներուն հետ շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալող երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինին` ԱՊՀ-ին մէջ Ռուսիոյ աշխուժ նախագահութեան, ինչպէս նաեւ այդ ոչ պաշտօնական հանդիպումը կազմակերպելուն համար: Անիկա, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, լաւ առիթ է ընդգծելու Ռուսիոյ կայունացնող եւ միաւորող դերը: Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ այս տարի Ռուսիոյ մէջ արձանագրուած տնտեսական դրական միտումները իրենց դրական ազդեցութիւնը ունեցած են նաեւ Հայաստանի ընդհանուր տնտեսական վիճակին վրայ:

Սերժ Սարգսեան յաջողութիւն եւ աշխուժ աշխատանք մաղթած է նաեւ ԱՊՀ-ի մէջ 2018 թուականին նախագահութիւնը ստանձնող երկրի` Տաճիկիստանի նախագահին:

 

Նախորդը

Այցելելով Հայ Ընտանիքներու «Մեր Ժողովուրդները Միշտ Ալ Կանգնած Են Կողք-Կողքի Եւ Այդպէս Ալ Պիտի Շարունակեն» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.