Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Ծննդեան Առիթով Նամակ Մը Ստացաւ Ֆրանչիսկոս Պապէն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Երկուշաբթի, 8 յունուար 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս.  Պաթագեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան  Հայրապետական Պատգամը.  Ս. Ծնունդով Մենք Մեր Հանդէպ Աստուածային  Սիրոյ Եւ Խնամքի Խորհուրդն Ենք Տեսնում

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Ս. Ծնունդով Մենք Մեր Հանդէպ Աստուածային Սիրոյ Եւ Խնամքի Խորհուրդն Ենք Տեսնում

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: Սիրելի՛ բարեպաշտ հաւատացեալներ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի հրաշազարդ այս օրը մեր հոգու հայեացքները բեթղեհէմեան աստղալոյսով ուղղւում են դէպի մսուրը, որտեղ Աստուծոյ Միածին Որդին ծնուեց եւ աշխարհ եկաւ մեր փրկութեան համար: Այսօր համախմբուած եկեղեցիներում` օրհնաբանում ենք նորածին Փրկչին, փառաւորում երկնաւոր Արքային` ասելով. «Փառք հրաշափառ ծննդեան քո, Տէր»: Ի լրումն ժամանակի Քրիստոս մուտք...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան  Հայրապետական Պատգամը.  Մարդը` Աստուծոյ Որդւոյն Մարդեղութեան Նպատակը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Մարդը` Աստուծոյ Որդւոյն Մարդեղութեան Նպատակը

Աստուածայայտնութեան տօնի սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին հետեւեալ սրբասացութիւնը կ՛երգուի. «Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ, զի կեցուսցէ զանձինս մեր»: Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերէն սկսեալ մատենադարան մը լեցնելու չափ հատորներ գրուած են Քրիստոսի մարդեղութեան, անձին ու առաքելութեան մասին: Եկեղեցւոյ հայրեր, աստուածաբաններ ու փիլիսոփաներ փորձած են վերլուծել ու մեկնաբանել Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Դարերը...

Ս. Ծնունդը Մեզի Կը Պարգեւէ Դէպի  Աստուած Բարձրանալու Եզակի Շնորհքը

Ս. Ծնունդը Մեզի Կը Պարգեւէ Դէպի Աստուած Բարձրանալու Եզակի Շնորհքը

«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի‚ եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ‚ որ կը նշանակէ` Աստուած մեզի հետ»: Մատթէոս 1:23   Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սրտագինս կ՛ողջունեմ լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակները` մաղթելով, որ երկինքէն երկիր եկող մեր Աստուածը, մեզ առաջնորդէ դէպի սրբութեան կեանք ու նոր մղում պարգեւէ մեր աշխատանքներուն: Այսօր, Սուրբ Ծննդեան աւետիսը...

Շնորհքի Եւ Ճշմարտութեան Հրաւէր

Շնորհքի Եւ Ճշմարտութեան Հրաւէր

«Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք` Հօրմէն միածինի փառքին պէս) շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն: Յովհ. 1.14 Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը աւետումն է շնորհքի եւ ճշմարտութեան մեր մէջ բնակելուն. ուրեմն Սուրբ Ծնունդը տօնելուն մէջ գիտակից կերպով պէտք է նայինք մեր կեանքին, այդ կեանքի որակին եւ բարոյական մակարդակին, քանի որ Յիսուս Մանուկին անձին մէջ` Աստուած մեզի...

«Իրանի Մէջ Անկարգութիւններու Ետին Կանգնած Են  Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն Ու Սէուտական Արաբիան»  Կ՛ըսէ Իրանի Ընդհանուր Դատախազը

«Իրանի Մէջ Անկարգութիւններու Ետին Կանգնած Են Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն Ու Սէուտական Արաբիան» Կ՛ըսէ Իրանի Ընդհանուր Դատախազը

Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Զաֆար Մոնթազերի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն ու Սէուտական Արաբիան կազմակերպած են դաւադրութիւն մը, որուն նպատակը Իրանի մէջ անկարգութիւններու հրահրումն էր: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Մոնթազերի կը յայտնէ, որ այդ ծրագիրի գլխաւոր նախագծողն ու անկարգութիւններու հրահրման խումբը ստեղծողը Մայքըլ Տ՛Անտրիան է, որ նախապէս գլխաւորած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինը: «Իրանի մէջ...

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Տարեմուտի մեր խոհերուն մէջ ու յատկապէս հայկականութեան եւ ազգային արժէքներու վերադարձի անհրաժեշտութեան ինքնապարտադրումին դիմաց, նախ եւ առաջ մեր հայեացքն ու յոյսը կ՛երթան բնականաբար հայ երիտասարդութեան: Վայրագ համաշխարհայնացումի անհատակեդրոն, նիւթապաշտական եւ ազգային մշակոյթը քանդելու յորձանուտին առաջին հասանելի զոհերը երիտասարդներն են անտարակոյս: Նոյն վայրագ համաշխարհայնացումը իր ստեղծած անդրազգային ու անդրհայրենիք գաղափարները կը տարածէ տեղեկութեանց անկաշկանդ (բայց ոչ միշտ ազատ) փոխանակման...

Իրանի Հայ Համայնքը Քաղաքական Իրավիճակի Կայունացման Կողմնակից Է

Իրանի Հայ Համայնքը Քաղաքական Իրավիճակի Կայունացման Կողմնակից Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրող Յովհաննէս Մովսիսեան զրոյց ունեցած է Թեհրան հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի հետ: Մելիքեանի խօսքով՝ Իրանի հայ համայնքը պետականութեան պահպանման եւ քաղաքական իրավիճակի կայունացման կողմնակից է, սակայն, երբ ժողովուրդին պահանջը արդա՛ր է, ապա համայնքը կը միանայ այդ պահանջին: Իրանի տարածքին, վերջին երկու օրերուն, հակաիշխանական ցոյցեր տեղի չե՛ն ունեցած, յայտնած է Մելիքեան՝ աւելցնելով, որ իրավիճակը այժմ համեմատաբար...

Իրան Միացեալ Նահանգներուն Դէմ Բողոք  Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդին

Իրան Միացեալ Նահանգներուն Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի պատուիրակութիւնը հրապարակեց ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ղուլամ Ալի Խոշրոյի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղած նամակը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը միջազգային օրէնքի եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ քաղաքակիրթ վարմունքին վերաբերող սկզբունքներու ոտնահարման մէջ ամէն սահման կ՛անցնի»: «Ամերիկան ցուցարարներուն աջակցութիւն տրամադրելու պատրուակով աճեցուց իր միջամտութիւնները», կ՛աւելցնէ ան: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի իր...

12 Պատանեկան Միութիւններ`  Ֆրենժիէ Ընտանիքին Հիւրը

12 Պատանեկան Միութիւններ` Ֆրենժիէ Ընտանիքին Հիւրը

Հինգշաբթի, 4 յունուար 2018-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան 12 միութիւններէն 90 պատանիներ Պնաշյիի մէջ հիւրը դարձան Ֆրենժիէ ընտանիքին: Պնաշյիի լիճին շրջակայքը գտնուող ճաշարանին մէջ կազմակերպուած հաւաքին ներկայ էին նաեւ վարիչ-վարիչուհիներ, ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամներ, ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի եւ պատանեկան միութիւններուն մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները: Այս առիթով Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն կողմէ  Ընդհանուր վարիչ մարմինը Ռիմա Ֆրենժիէին յատուկ նուէրը...

«Ժողովուրդին Հետ Պէտք Է Ծաւալել  Անկաշկանդ Ու Անկեղծ Երկխօսութիւն»  Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի  Անդամ Ժորժիկ Աբրահամեան

«Ժողովուրդին Հետ Պէտք Է Ծաւալել Անկաշկանդ Ու Անկեղծ Երկխօսութիւն» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Անդամ Ժորժիկ Աբրահամեան

Իրանի խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ժորժիկ Աբրահամեանի կարծիքով` վերջին օրերու  ընթացքին կազմակերպուած զանգուածային բողոքի արարքները ժողովուրդի արդարացի պահանջներու կուտակման եւ զանոնք անուշադրութեան մատնելու արդիւնքն են, որոնք կը դրսեւորուին այսօ՛ր: Այս մասին ան ըսած է «Խանէ Մելլաթ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին: «Ես ականատես եղած եմ, որ ժողովուրդը իր պահանջներու իրագործման նպատակով օրեր շարունակ հաւաքուած է խորհրդարանին...

Նախագահ Սահակեանի  Ամանորեան Ուղերձը.  «Նոր Ձեռքբերումներու  Եւ Յաղթանակներու Մաղթանքով»

Նախագահ Սահակեանի Ամանորեան Ուղերձը. «Նոր Ձեռքբերումներու Եւ Յաղթանակներու Մաղթանքով»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ամանորի շնորհաւորական ուղերձ յղած է: Ստորեւ ուղերձը` ամբողջութեամբ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Եկել է պահը հրաժեշտ տալու 2017 թուականին եւ դիմաւորելու նոր` 2018 թուականը: Անցնող տարին եղել է բաւականին յագեցած, հարուստ տարբեր իրադարձութիւններով ու ձեռքբերումներով: 2017 թուականին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով ընդունուեց Արցախի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութիւնը: Բարեփոխումներ իրականացուեցին կառավարման համակարգում, որոնց նպատակն է աւելի արդիւնաւէտ դարձնել կառավարման ոլորտը,...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

2018 Արժէքներու Հայկականացման Տարի (Ո՛չ Սրընթաց Արժեզրկումին)

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Բնական երեւոյթ է, որ կեանքի թաւալումին հետ յաճախ խօսուի «ժամանակները փոխուած են» հռետորաբանութեամբ: Մարդկային պատմութեան ընթացքը ինքնին կը փաստէ այս փոփոխութիւնը, որ ըստ էութեան, հինի ու նորի բախումով կ՛առաջնորդէ յառաջդիմութեան, գաղափարներու զարգացումի ու արժէքային նոր համակարգերու ստեղծման: Ներկայ աշխարհակարգին մէջ աւելի քան երբեք այսօր զարգացած է անհատակեդրոն, ապաքաղաքականացած եւ համաշխարհային մարդու տիպարը, որուն համար առօրեան կը սահմանափակուի անմիջական...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր 5.  Դեսպան Մկրտչեան Դասախօսեց  «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն

90 Տարիներու Փորձառութիւնն Ու Պատմութիւնը` Հարուստ Ու Պարտաւորեցնող Ժառանգութիւն

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ «Ապագայ Լրագրողներ»-ու Պատրաստութեան Վարժողական Ծրագիր «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը այս տարի կազմակերպեց կարեւոր նախաձեռնութիւն մը` լրագրութեան վարժողական ծրագիրը, որ ընթացք առաւ 24 օգոստոսին եւ տակաւին կը շարունակուի: Անոր կը մասնակցին հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան, Արենի Խաչատուրեան, Նարօտ Սէրուժեան, Նանի...

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Շնորհաւորական  Ուղերձը Ամանորի  Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ամանորեան տօներուն առիթով հայ ազգին յղեց շնորհաւորական հետեւեալ ուղերձը. Հայաստանի Հանրապետութեան յարգարժա՛ն քաղաքացիներ, Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 2017 թուականին հրաժեշտ տալուց րոպէներ առաջ ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ: Երախտապարտ եմ Հայաստանի զինուորին ու շինականին, մտաւորականին ու գործարարին, բոլոր-բոլորին` անձնուրաց աշխատանքի, հայրենասիրութեան եւ համբերութեան համար: Այն հաւատը, որ մենք բոլորս ունենք մեր ժողովրդի եւ երկրի ապագայի հանդէպ, թող մեզ...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

2018-ը` Հայկականութեան Տարի

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Փակեցինք 2017 տարին` իր լաւ ու վատ էջերով: Հաւաքական մեր կեանքը արձանագրեց նուաճումներ ու յաջողութիւններ: Բացթողումներ ալ կատարուեցան անտարակոյս: Իւրաքանչիւր անհատ, իր իմացութեան սահմաններուն մէջ կրնայ ընդհանուր գնահատանքը կատարել անցնող տարուան: 2017 տարին ու զայն նախորդող տարիները փակելով կարելի չէ միայն դրական գնահատումներով բաւարարուիլ: Հիմնականը` քննական առողջ մտածողութեամբ, անկեղծ ու անշահախնդիր մօտեցումներով կշռադատելն է ու դասեր քաղելով մուտք...

Ակնարկ.  Իրան` Արտաքին-Ներքին Ուրուագիծերու Համընկնումները

Ակնարկ. Իրան` Արտաքին-Ներքին Ուրուագիծերու Համընկնումները

Իրանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերու մասին վերլուծումներ ընելը տակաւին կանուխ է: Անշուշտ, մօտէն հետեւիլը եւ իրադարձութիւններու զարգացման մասին հաղորդելը հայկական որեւէ  լրատուամիջոցի համար պարտադիր է` նկատի ունենալով նախ եւ առաջ Իրանի ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն համար եւ երկրորդ` նկատի ունենալով իրանահայ համայնքի իրականութիւնը: Այնուամենայնիւ, այս պահուն կ՛արժէ քանի մը դիտարկում ընել իրադրութիւններու ընդհանուր համապատկերը նկատի ունենալով: Ժողովրդային...

Արցախի Նախագահը  Կը Պարգեւատրէ «Ազդակ»-ը

90 Տարիներու Փորձառութիւնն Ու Պատմութիւնը` Հարուստ Ու Պարտաւորեցնող Ժառանգութիւն

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 90 տարուան հպարտալի պատմութիւն կայ յարկին տակ այն հաստատութեան, ուր այսօր մեղուաջան աշխատանքի լծուած են տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ, տարբեր մասնագիտութեան տէր անձեր, տարբեր փորձառութեամբ օժտուածներ, որոնք բոլորն ալ, սակայն, կը կրեն նոյն ինքնութիւնը` ազդակցի են: 90 տարուան աւանդ կայ էջերուն մէջ այն օրաթերթին, ուր տողանցած են 90 տասնամեակներ լիբանանահայ, նաեւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ իրենց տեղն ու դերը ունեցած...

Խմբագրական.  Տարեփակի Տարեմուտի Խոհեր.  Վերանորոգ Զսպանակումով (Վերջ)

Խմբագրական. Տարեփակի Տարեմուտի Խոհեր. Վերանորոգ Զսպանակումով (Վերջ)

Ժամեր անց տարեմուտ է արդէն: Վերանորոգ զսպանակումով կը շարունակենք գործը: «Ազդակ»-ի գործը: Շուրջօրեայ աշխատանք` շուրջօրեայ ընթերցանութեամբ: «Ազդակ»-ի աշխատանքները 24 ժամուան ընթացքին դադար չունին: Երբ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն թերթը տպարանէն դուրս կու գայ, ցրուիչները կը ստանձնեն դրօշարշաւը, երբ թերթը իր վերջին բաժանորդներուն կը հասնի, խմբագրատուն մուտք կը գործէ քարտուղարութիւնը, առաւօտեան խմբագրակազմը, աշխատակազմը, որ ապա կը փոխարինուի գիշերային խմբագիրներով եւ անձնակազմով....

«Աբրահամ Աշճեան» Փողոցի  Անուանակոչութիւն Եւ Կիսանդրիի Բացում

«Աբրահամ Աշճեան» Փողոցի Անուանակոչութիւն Եւ Կիսանդրիի Բացում

35 տարիներ առաջ հայութիւնը ընդհանրապէս, իսկ լիբանանահայութիւնը մասնաւորաբար կը կորսնցնէր պարզ, խոնարհ, լռութեամբ գործած, բայց միեւնոյն ատեն քաջ մարտիկի ու առասպելական ղեկավարի յատկութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մը, որուն մասին խօսած են ու պիտի խօսին շատեր, որուն շունչով թրծուած են սերունդներ, որուն ձգած աւանդով հարստացած է կեանք մը ամբողջ: 35 տարիներ առաջ թրքական անարգ ոճիրի մը զոհը կը դառնար Աբօ Աշճեան, որուն...

Page 586 of 796 1 … 585 586 587 … 796

Արխիւներ