Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն ունեցած է հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան պատասխանատուներուն հետ` քննարկելու եւ ամփոփելու 2017-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական բնագաւառի արդիւնքները:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են վարչապետ Կարէն Կարապետեան, փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկումի եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արմէն Գէորգեան, Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներու քաղաքականութեան մշակման ու իրականացման պատասխանատու նախարարութիւններու ղեկավարները, Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահը, նախագահի աշխատակազմի պաշտօնեաներ:
Վարչապետը նշած է, որ վերլուծութիւններով այսօր ներկայացուելիք նախնական ցուցանիշները կը նախատեսուի այնուհետեւ համադրել Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ հրապարակուող` տարուան ամբողջական ցուցանիշներու հետ եւ ըստ այնմ ճշգրտումներ կատարել:
Օրակարգի շրջագիծին մէջ փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան եւ ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան ներկայացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան 2017-ի տնտեսական աճի ընդհանուր նկարագիրը եւ հիմնական արդիւնքները:
Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներու արդիւնքներու պարբերական վերլուծումը տնտեսական քաղաքականութեան մշակման, ճշգրտման եւ բարելաւման համար: Նախագահը խորհրդակցութեան մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է տնտեսական աճի ներառականութեան վրայ` շեշտելով, որ տնտեսական աճի արդիւնքները պէտք է հասանելի ըլլան հանրութեան բոլոր շերտերուն եւ յատկապէս` ընկերային մակարդակի վրայ խոցելի խաւերուն համար: Այս առումով, նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է յառաջիկայ տարիներուն տնտեսական աճի բարձր կշռոյթ ապահովելուն զուգահեռ ժողովրդագրական իր սահմանած ցուցանիշներուն համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը:
«Ես կը կարծեմ, որ մօտակայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին մենք աւարտին կը հասցնենք մինչեւ 2030 թուականը Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման ռազմավարութիւնը: Հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ կառավարութիւնը 2017 թուականին լաւ արդիւնքներու հասած է, չեմ կարծեր, որ շեղումները շատ մեծ պիտի ըլլան, մենք թերեւս կ՛ունենանք 7,4-7,7 առ հարիւրի միջեւ տնտեսական աճ: Ասիկա, անշուշտ, լաւ ցուցանիշ է: Բայց մենք նաեւ պէտք է հաշուի առնենք, որ մէկ տարուան լաւ տնտեսական աճը չի կրնար ազդեցութիւն ունենալ մեր հասարակութեան լայն շրջանակներուն վրայ: Երկու-երեք տարի եւս այսպիսի աճ` ես կը կարծեմ, որ այսպիսով մենք կրնանք ստեղծել շատ լաւ հիմքեր մեր ժողովրդագրական ծրագիրները իրականացնելու համար», ըսած է հանրապետութեան նախագահը` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը 2018-ի տարեսկիզբն ալ տնտեսական լաւ ցուցանիշներով սկսած է, սակայն, ըստ անոր, տակաւին կարելի չէ ըսել, որ Հայաստանը հասած է իր կարելիութիւններու սահմանին, քանի տակաւին այդ աշխատանքին արդիւնքները զգալի չեն դարձած հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար:



