Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան – Թուրքիա Արձանագրութիւնները Պաշտօնապէս Չեղեալ Հռչակուեցան

March 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի:

Մինչեւ օրակարգի հարցերու քննարկման անցնիլը, նախագահը նախ նիստին մասնակցող բոլոր գործընկերներուն անունով շնորհաւորած է  Գագիկ Յարութիւնեանը` Ազգային ժողովին լայն համաձայնութեամբ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ մաղթած, որ դատական խորհուրդի անդամ իր միւս գործընկերներուն հետ միասին ան յաջողութեամբ իրականացնէ խորհուրդի սահմանադրական գործառոյթը` ապահովել դատարաններու  եւ դատաւորներու անկախութիւնը:

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի օրակարգի շրջագիծին մէջ քննարկումի ներկայացուած էր հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու մասին հարցը, որուն վերաբերեալ զեկուցած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Հանրապետութեան նախագահը նիստի բացման խօսքին մէջ հակիրճ անդրադարձած է շրջանին մէջ ապահով ու համերաշխ ապագայ  կերտելու տեսլականով իր նախաձեռնութեամբ սկիզբ դրուած` առանց նախապայմաններու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ անոնցմէ ետք  տեղի ունեցած զարգացումներուն. նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ետք միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը  յառաջ մղելու ուղղութեամբ Հայաստանի ջանքերն ու ի հակառակ անոր` միջազգային հանրութեան առջեւ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կողմէ  դրական տեղաշարժի բացակայութիւնը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յիշեցուցած է, որ Հայաստանը տարբեր առիթներով յայտարարած է, թէ այս հարցով Թուրքիոյ կողմէ նշեալ քաղաքականութեան չփոխուելուն պարագային, Հայաստանը ցիւրիխեան արձանագրութիւնները չեղեալ պիտի յայտարարէ եւ 2018 թուականի գարուն պիտի մտնէ առանց անոնց:

«Յարգելի՛ գործընկերներ,

Կը յիշէք, որ բոլորիդ համաձայնութեամբ, երբ ես նախաձեռնեցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները առանց նախապայմանի կարգաւորելու գործընթացը, կ՛առաջնորդուէի շրջանին մէջ ապահով եւ համերաշխ ապագայ կերտելու տեսլականով: Հայաստան կատարեց կարելին մեր հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ  Հանրապետութեան յարաբերութիւնները կարգաւորելու բեռը գալիք սերունդներուն չձգելու համար: Մեր ցանկութիւնը այդ էր, որպէսզի այդ բեռը մենք կրենք, աւարտենք գործընթացը եւ չձգենք անոնց ուսերուն: Սակայն արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ետք անցած ինը տարիներուն ընթացքին Անգարան, վերադառնալով իր անհիմն նախապայմաններուն, ո՛չ միայն որեւէ քայլ չառաւ  արձանագրութիւնները վաւերացնելու եւ ուժի մէջ մտնելու համար, այլեւ որեւէ կասկած չձգեց, որ ան պատրաստ չէ այդ գործընթացը իրականացնելու: Սեպտեմբեր 2017-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն ես յայտարարեցի, որ Թուրքիոյ կողմէ արձանագրութիւններու  վաւերացման գործընթացը ըստ պատշաճի չիրականացնելու պարագային մենք գարուն պիտի մտնենք այդ արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարուած, այսինքն` առանց այդ արձանագրութիւններուն: Հիմա եկած է որոշում տալու ժամանակը, եւ այսօրուան մեր քննարկումին նիւթը այդ է», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` աւելցնելով, որ Հայաստանը, նախաձեռնելով այս գործընթացը, կը գիտակցէր, որ անիկա պիտի չընդունուէր հասարակութեան բոլոր անդամներուն ու յատկապէս սփիւռքի հայրենակիցներուն կողմէ, որոնք Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդներ են, այսուհանդերձ, գնաց այդ քայլին` գիտակցելով անոր անհրաժեշտութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարի զեկուցումէն ետք խորհուրդի անդամները ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները հարցին վերաբերեալ` նշելով, որ դրացի Թուրքիան չօգտուեցաւ ընձեռուած պատմական առիթէն, աւելին` յառաջ քաշած իր նախապայմաններով ո՛չ միայն չնպաստեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու  կարգաւորման, այլեւ բարդութիւններ ստեղծեց Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացին մէջ` նպաստելով Ազրպէյճանի դիրքորոշումին աւելի կարծրացման: Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամները ընդգծած են, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանին այլընտրանք չի մնար, քան դադրեցնել արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգերը:

Անոնք նաեւ նշած են, որ Հայաստան աւելի շատ հիմքեր ունէր Թուրքիոյ նախապայմաններ առաջադրելու, սակայն ընտրեց դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումով խաղաղ եւ կայուն շրջան ունենալու հեռանկարը:

Քննարկումի լոյսին տակ անվտանգութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ  համաձայնութիւն տուաւ 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ  ստորագրուած «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ  Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ  Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգերու դադրեցումին:

Ամփոփելով նիստը` նախագահը անգամ մը եւս շեշտած է, որ Թուրքիան խախտելով ընդունուած միջազգային փորձը եւ այն յանձնառութիւնները, որոնք պետութիւնները ունին միջազգային հանրութեան առջեւ, ուղղակի կոպիտ ձեւով չվաւերացուց այդ արձանագրութիւնները` յառաջ մղելով անոնց հետ կապ եւ որեւէ աղերս չունեցող նախապայմաններ:

«Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ կրկնել, որ մենք ոեւէ մէկուն հետ յարաբերութիւններու մէջ նախապայմաններ չենք առաջադրեր, եւ ոեւէ մէկուն նախապայմաններ առաջադրելու փորձ չունինք: Մենք փոքր պետութիւն ենք, ո՛չ հզօր զինուորական, ո՛չ ալ տնտեսական ներուժ ունինք, բայց մենք անկախ պետութիւն ենք եւ պիտի գործենք միայն ի շահ մեր պետութեան եւ մեր ժողովուրդին:

Եւ հաշուի առնելով մեր համաձայնութիւնը այս հարցին շուրջ` ես նիստէն  ետք անմիջապէս պիտի ստորագրեմ հրամանագիր այս ընթացակարգը դադրեցնելու մասին: Կը խնդրեմ արտաքին գործոց նախարարէն` մեր այս որոշումին մասին ծանուցել Թուրքիոյ, որմէ ետք այդ համաձայնագիրներով ստանձնած որեւէ պարտաւորութիւն մեզի համար իրաւական որեւէ նշանակութիւն պիտի չունենայ», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան` նշելով, որ այս հարցին առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումներուն մասին նամակով տեղեկացուցած է նաեւ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան ներկայ բոլոր կողմերուն, յատկապէս` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Զուիցերիոյ նախագահներուն, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց եւ բոլոր այն երկիրներուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած են այս նախաձեռնութեան:

«Ես կ՛ուզեմ մեր հանրութեան եւ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել երկու հանգամանքի վրայ: Հանգամանք առաջին` իմ խորին համոզումով, մեր անցած ճամբան շատ օգտակար էր: Երբ մենք կը սկսէինք բանակցային գործընթացին, բնական է, որ կը նախատեսէինք երկու ելք` դրական կամ բացասական: Եւ եկանք այն եզրակացութեան, որ երկու պարագային ալ մենք շահող ենք. եթէ յարաբերութիւններ հաստատելը յաջողի` ատիկա կը բխի երկու ժողովուրդներու շահերէն, եթէ չյաջողի, ապա միջազգային հանրութիւնը կը համոզուի, որ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը պէտք է փնտռել այլ տեղ, յամենայն դէպս ոչ Հայաստանի գործելաոճին մէջ: Եւ կը կարծեմ` մենք անոր ամբողջովին հասած ենք: Չկայ  միջազգային կառոյց, չկայ շատ թէ քիչ միջազգային գործընթացներուն մասնակցող որեւէ պետութիւն, որ ունենայ այլ կարծիք: Եւ այդ կարծիքը բազմիցս մենք լսած ենք հրապարակաւ` թէ գնդակը որո՛ւն  դաշտն է, թէ որո՛ւն պատճառով չեն վաւերացուիր այս արձանագրութիւնները: Հանգամանք երկրորդ` ինչպէս ըսի, մեր սկզբունքային դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ` մենք խորապէս համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելը, այնուհետեւ այդ յարաբերութիւններու զարգացումը կը բխի  մեր երկու ժողովուրդներու շահերէն: Գիտէք, վստահաբար, շահը ակնյայտ է, բայց միշտ վազել այդ շահին ետեւէն` յոյս չունենալով, որ որեւէ պարագայի կրնաս հասնիլ, այդ ընթացքին կրնաս շատ բան կորսնցնել: Ուստի, մենք պատրաստ կ՛ըլլանք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, եթէ այս գիտակցումը ըլլայ նաեւ թրքական կողմին մօտ: Եթէ վաղը, միւս օրը ըլլան առաջարկներ, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք այս առաջարկները քննարկելու, իսկ մինչ այդ մենք կ՛աշխատինք զարգանալ այնպէս, ինչպէս մինչեւ հիմա կը  զարգանայինք` առանց Թուրքիոյ հետ ունենալու դիւանագիտական յարաբերութիւններ», ընդգծած է հանրապետութեան նախագահը:

Հայ-Թրքական Արձանագրութիւնները Չեղեալ Նկատելու Վերաբերեալ
Նախագահ Սարգսեանի Հրամանագիրը

Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 7-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պայմանագիրներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 39.1 յօդուածի առաջին մասը` նախագահ Սերժ Սարգսեանը որոշած է.

  1. Դադրեցնել 2009 թուականի 10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը:
  2. Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին` արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը դադրեցնելու մասին ծանուցել Թուրքիոյ Հանրապետութեան:

Նալբանդեան. «Անգարան Ականջալուր Չեղաւ Ինչպէս Մեր,
Այնպէս Ալ Միջազգային Հանրութեան Հետեւողական Կոչերուն»

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ելոյթը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին.

«Մեծարգո՛յ պարոն նախագահ,
Անվտանգութեան խորհուրդի յարգելի՛ անդամներ,

Անկախութենէն ի վեր Հայաստանը փորձած է յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ: Սակայն, հայ-թրքական յարաբերութիւնները կը շարունակէին փակուղիի մէջ մնալ, երբ հանրապետութեան նախագահը 2008-ին նախաձեռնեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու  կարգաւորման գործընթացը: Անոր հիմքին մէջ էր առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

Թրքական կողմին հետ այս` առանց նախապայմաններու կարգաւորման, ընդհանուր փոխըմբռնումով մենք սկսանք, վարեցինք բանակցութիւնները, որոնց լոյսին տակ 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ  ստորագրուեցան «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ  Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ  Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւնները:

Բանակցութիւններու ամբողջ ընթացքին մենք զգացած ենք միջազգային հանրութեան անվերապահ աջակցութիւնը, որ մեծ կարեւորութիւն տալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումին` կը դիտարկէր Հայաստանի այս քայլը իբրեւ իմաստուն նախաձեռնութիւն: Ըսուածին վկայութիւնն է արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Զուեցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան Բարձր յանձնակատարի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահի ներկայութիւնը:

Հայաստան միշտ հետեւողական դիրքորոշում ցուցաբերած է արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու հարցով: Ցաւօք, հետագայ  զարգացումները անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ Անգարան պատրաստ չէ կարգաւորման եւ որ թրքական կողմի բարձրագոչ յայտարարութիւնները այսպէս կոչուած պատմական հաշտեցման պատրաստակամութեան մասին կապ չունին իրականութեան հետ: Տակաւին ստորագրման օրը թրքական կողմը փորձ կատարեց կրկին հնչեցնելու նախապայմաններ, որոնք ան կ՛օգտագործէր մինչեւ գործընթացի մեկնարկը, որուն պատճառով ստորագրման արարողութիւնը յետաձգուեցաւ քանի մը ժամով: Արարողութեան ներկայ միջազգային հանրութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, թէ՛ այն ժամանակ, թէ՛ անկէ ետք յայտարարեցին, որ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին ողջմիտ ժամկէտներու մէջ եւ իրականացուին առանց նախապայմաններու:

Սակայն, ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ետք  Թուրքիան կրկին վերադարձաւ նախապայմաններու լեզուին, որ ո՛չ միայն կապ չունէր արձանագրութիւններու տառին ու ոգիին հետ, այլեւ կը հակասէր անոնց: Թուրքիան արձանագրութիւններու վաւերացումը պայմանաւորեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը  ազրպէյճանական կողմի առաւելապաշտական եւ անհիմն մօտեցումներուն համապատասխան կարգաւորելու հետ եւ բացայայտօրէն ողջունեց Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի սադրիչ յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները:

Ո՛չ միայն Հայաստանը, այլեւ գործընթացին աջակից երկիրներն ու միջազգային կառոյցները հրապարակաւ յայտարարեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հանգուցալուծումը չի կրնար կապուիլ հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին հետ: Այդպիսի փորձերը կրնան  վնասել երկու գործընթացներուն ալ:

Մենք նաեւ շարունակաբար յստակօրէն վերահաստատած ենք, ներառեալ հայ-թրքական գործընթացի թէ՛ մեկնարկին եւ թէ՛ անոնց ընթացքին, որ Հայաստանը երբեք հարցականի տակ չի դներ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը:

Ինչպէս բազմիցս շեշտած է նախագահ Սարգսեան, Հայաստանը նախապայմաններու լեզուով չի խօսիր, բայց չի ալ ընդունիր որեւէ կողմէ նախապայմաններու առաջադրումը:

Երբ թրքական կողմը ամբողջ գործընթացը մղեց դէպի փակուղի, Հայաստանը ստիպուած եղաւ կասեցնել վաւերացման ընթացակարգը` այնուամենայնիւ պատրաստ մնալով վաւերացնել արձանագրութիւնները` Թուրքիոյ համապատասխան քայլերուն հետ զուգահեռ: Հայաստանի այս մօտեցումը տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ ըմբռնումով ընկալուեցաւ եւ ողջունուեցաւ:

Այն, որ Թուրքիան պատրաստ չէ յառաջ ընթանալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղիով անգամ մը եւս փաստուեցաւ, երբ Անգարան մերժեց 24 ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասնակցելու նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը, որ օգոստոս 2014-ին Անգարայի մէջ ես յանձնեցի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին: Ասիկա Թուրքիոյ կողմէ հերթական կորսուած առիթն էր:

Հայաստանը բազմիցս յայտարարել է, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը արձանագրութիւնները չի կրնար առյաւէտ պատանդ պահել: Բայց Անգարան ականջալուր չեղաւ ինչպէս մեր, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան հետեւողական կոչերուն:

Վստահաբար, մենք երբեւէ չենք ապաւինած Թուրքիոյ  բարեհաճութեան, այլ փորձած ենք կառուցել իրաւահաւասար, ժամանակակից յարաբերութիւններ: Գուցէ նաեւ այս է արձանագրութիւնները վաւերացնելու Թուրքիոյ դժկամութեան պատճառը: Վերջ ի վերջոյ, անոնք հայ-թրքական յարաբերութիւններու առաջին փաստաթուղթերն էին, որոնք մեզի չէին պարտադրուած, աւելին` նախաձեռնուած էին Հայաստանի կողմէ եւ բանակցուած էին մեր առաջարկներուն հիման վրայ: Հայաստանը մնաց իր բարձունքին վրայ եւ կրցաւ յառաջ տանիլ իր կողմէ  նախաձեռնած այս գործընթացը` հաւատարիմ ըլլալով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, որ իր մէջ ուժ չգտաւ ձերբազատուելու իր կարծրատիպերէն` խախտելով միջազգային յարաբերութիւններու անկիւնաքարային սկզբունքը` pacta sunt servanda` համաձայնութիւնները պէտք է յարգուին:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը սկսելով մենք լիովին պատկերացուցած էինք հետագայ  զարգացումներու հաւանական տարբերակները: Մենք կը ձգտէինք արձանագրութիւններու կնքման միջոցով յարաբերութիւններու  կարգաւորումին, սակայն կը գիտակցէինք նաեւ, որ Թուրքիան կրնայ  համապատասխան քաղաքական կամք չդրսեւորել եւ չյարգել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ մեր այս մտահոգութիւնը արդարացի էր: Մինչեւ այսօր, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացման ուղղուած որեւէ քայլի բացակայութիւնը, շարունակական փորձերը արձանագրութիւններու  վաւերացումը փոխկապակցած են նախապայմաններով, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հասցէին Անգարայէն հնչող սադրիչ յայտարարութիւնները ակնառու ձեւով կը վկայեն, որ Թուրքիան պատրաստ չէ երթալու արձանագրութիւններու վաւերացման:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Հայ-Թրքական
Արձանագրութիւնները Չեղեալ Հռչակելու Որոշումը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց հայ-թրքական արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգերու դադրեցման Հայաստանի որոշումը: «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Գասպար Կարապետեան նշեց, որ նման որոշումի մը պատճառը պարզ է ու յստակ:

«Թուրքիոյ իշխանութիւնները ունէին մօտ 10 տարի ստորագրելու հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Բայց անոնք հրաժարեցան ստորագրել զուտ քաղաքական կամքի պակասի պատճառով` նախընտրելով շարունակել Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական շրջապատումը: Անոնցմէ բացի, ինչպէ՞ս համաձայնագիր ստորագրել Թուրքիոյ հետ, երբ ան ղարաբաղեան տագնապը կը դիտարկէ իբրեւ նախապայման կամ երբ այդ երկրի իշխանութիւնները անմիջական թիկունք կը կանգնին Ազրպէյճանի 2016-ի ապրիլեան յարձակողական ոճին», ըսաւ Գասպար Կարապետեան:

Արդեօք Հայաստանը կրցա՞ւ այս ընթացքին միջազգային հանրութեան  տեղ հասցնել այն, որ Թուրքիոյ առաջնորդներուն մէջ քաղաքական կամքը կը բացակայի: Հարցումին ի պատասխան Գասպար Կարապետեան նշեց, որ թրքական պետութիւնը այս ընթացքին առիթ ունէր ապացուցելու, թէ ինք հետաքրքրուած է իր դրացի երկիրներուն  հետ լաւ կապեր հաստատելու գործով:

«Այսօր իրականութիւնը այլ է: Թուրքիան Եւրոպական Միութեան հետ կապերը վատթարացուցած է, տեղեակ ենք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Հիւսիսային Սուրիոյ, մասնաւորապէս, Աֆրինի մէջ: Բոլորս ալ գիտենք, թէ թուրք-ռուսական յարաբերութիւնները ամէն վայրկեան կրնան  փոփոխութիւններու ենթարկուիլ, եւ այսօր կը դրսեւորուի Հայաստանի հետ խորհրդակցութեան մերժումը: Կը կարծեմ, որ միջազգային հանրութիւնը արդէն քաջատեղեակ է Թուրքիոյ մօտ քաղաքական կամքի բացակայութենէն», նշեց Գասպար Կարապետեանը:

Ան նշեց, որ որեւէ պարագայի Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է առաջնորդուի իր ազգային շահերով: «Անձնապէս ես վստահ չեմ, որ նոր արձանագրութիւններու թղթածրար պիտի պատրաստուի, սակայն ապագային, եթէ այդպիսի իրադարձութիւն  տեղի ունենայ, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է առաջնորդուի իր ազգային շահերով: Մենք Թուրքիոյ հետ ունինք ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդիր, ունինք նաեւ 2015 թուականի Համահայկական հռչակագիր, որով հայ ազգը միաձայնութեամբ արտայայտուեցաւ  Հայաստանի պետութեան` իբրեւ ցեղասպանութեան իրաւական եւ օրինական պահանջատէր կողմ», աւելցուց Գասպար Կարապետեան:

Շարմազանով. «Մենք Պիտի Շարունակենք Զարգանալ`
Առանց Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու»

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը, որուն  աւարտէն ետք ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ նիստին քննարկուած են շարք մը ներքաղաքական ու արտաքին քաղաքական հարցեր: Ամէնէն էական հարցերէն եղած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղեալ հռչակելու Հայաստանի որոշումը:

«Անգամ մը եւս հայկական կողմը վերահաստատեց, որ մենք առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կողմնակից եղած ենք: Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ոգին առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու հաստատումն էր, ու երկու երկիրներուն միջեւ պատի քանդումն ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատումը: Սակայն ցաւով պէտք է արձանագրել, որ թրքական կողմը գնաց ոչ թէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ճամբով, այլ նոր պատեր ստեղծելու եւ նոր նախապայմաններ դնելու ճամբով», ըսած է  Շարմազանով:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայ-թրքական արձանագրութիւններու չեղեալ հռչակումէն ետք, Շարմազանով ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է սպասենք, քայլը պէտք է կատարէ  թրքական կողմը: Մենք կը մնանք նոյն դիրքորոշումին վրայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան պէտք է կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները առանց որեւէ նախապայմանի: Մենք պիտի շարունակենք զարգանալ` առանց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու»:

Թրքական Մամուլ.«Ֆութպոլային Դիւանագիտութիւնը Աւարտեցաւ»

«Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը աւարտեցաւ», այսպիսի վերնագիրով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ջնջման լուրը կը հաղորդէ «Սէօզճիւ» օրաթերթի կայքը` մէջբերելով 2017-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւնը, թէ արձանագրութիւններու «կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները պիտի յայտարարէ չեղեալ»:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան արձանագրութիւնները ստորագրած էին 2009-ին Ցիւրիխի մէջ` Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի աջակցութեամբ:

«Միլլիյեթ» օրաթերթի կայքը կը յիշեցնէ, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարելու մտադրութեան վերաբերեալ հայկական կողմի յայտարարութեան արձագանգած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, թէ այդ արձանագրութիւնները կը շարունակեն «մնալ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ»:

«Ճումհուրիյեթ»-ի կայքն ալ մէջբերեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի` դեկտեմբեր 2017-ին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ, եւ ատիկա է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները չեղեալ պիտի յայտարարէ, որովհետեւ չկայ որեւէ դրական յառաջընթաց անոնց իրականացման համար, եւ մենք 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ արձանագրութիւններուն»:

Հայ-թրքական արձանագրութիւններու չեղեալ յայտարարման մասին գրած են աւելի քան երկու տասնեակ թրքական լրատուամիջոցներ, ինչպէս` «Աքշամ»-ը, «Հապերլեր»-ը, «Հապեր7»-ը, «ՀապերԹիւրք»-ը, «Տեմոքրաթհապեր»-ը եւ ուրիշներ:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Քննարկած Է Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ Նախագահի Ընտրութեան Հարցը

Յաջորդը

Արմէն Սարգսեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.