Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եգիպտոսի խորհրդարանին մեծամասնութիւնը ունի հայանպաստ դիրքորոշում: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեան` անդրադառնալով Եգիպտոսի խորհրդարանի երեսփոխաններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը արծարծելու խնդիրին:
«Մեր առջեւ ապրիլ ամիսն է, եւ երեսփոխանները դարձեալ կը բարձրացնեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Նախորդ տարի զգալի թիւով երեսփոխաններ ստորագրած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը օրակարգ մտցնելու եւ քննարկելու դիմումը, սակայն ատկէ ետք գործը յառաջ չընթացաւ: Այս օրերուն խորհրդարանի երկու կարեւոր` Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերը յայտարարութիւններ կատարեցին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի` ատիկա չկապելով Թուրքիոյ հետ ունեցած խնդիրներու հետ, այլ զայն դիտելով զուտ մարդու իրաւունքներու ծիրին մէջ: Իբրեւ օրինակ ներկայացուեցան Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ կատարած քայլերը», ըսաւ Արմէն Մազլումեան: Ան նշեց, որ խորհրդարանի երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը այս հարցին մէջ հայանպաստ կեցուածք ունի:
Թէ յառաջիկային ի՛նչ զարգացումներ պէտք է սպասել, որքանո՛վ հաւանական է, որ հարցը այս անգամ պիտի մտնէ օրակարգ, Արմէն Մազլումեան դժուարացած է պատասխանել եւ միայն նկատել տուած է, որ գոյութիւն ունեցող քաղաքական դաշտը բարենպաստ է: Վերջին շրջանին Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են: Պատճառը շրջանին մէջ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնն է, Եգիպտոսի դէմ ունեցած կեցուածքն է: Յարաբերութիւնները այնքան սրած են, որ Թուրքիոյ դեսպանը Եգիպտոսէն վտարուած է:



