Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է ղարաբաղեան շարժումի 30-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներու շարք մը, որուն մասնակցած են Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, դիւանագէտներ, եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, միջազգային փորձագէտներ, լրագրողներ: Այդ մասին կը յայտնէ «Արցախփրես»:
Ձեռնարկներու ծիրին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի անդամները հանդէս եկած են Սումկայիթի հայկական ջարդերը դատապարտող յայտարարութեամբ եւ բազմաթիւ ներկաներու հետ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած սումկայիթեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Ծաւալած են քննարկումներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, Արցախի ինքնորոշման իրաւական եւ քաղաքական հիմքերու, Եւրոպական Միութեան դերակատարութեան ու նշանակութեան մասին:



