2 մարտ 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումը կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջնախարարական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարարը նշեց. «Ուրախ եմ, որ վարչապետին որոշումով` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները պատշաճօրէն կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած է միջնախարարական յանձնախումբ: Խորհրդանշական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի 2800-ամեակին զուգահեռ պիտի նշենք սփիւռքի մեծագոյն երիտասարդական կազմակերպութեան 100- ամեակը: ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը հայոց պատմութեան մէկ մասն է: Եւ պէտք է իւրաքանչիւրս մեր կարելին ընենք յոբելենական ձեռնարկները լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար»:
Իր ելոյթին մէջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, երկու կաթողիկոսներուն` յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման աջակցելու եւ հովանաւորելու համար: «Մեր կազմակերպութիւնը ծնած է 100 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ, բայց գրեթէ անմիջապէս, նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով տեղափոխուած է Հայաստան: Թէեւ այսօր սփիւռքի մէջ ենք, բայց կ՛ապրինք Հայաստանով: Մեր կազմակերպութիւնը Հայաստանի ու սփիւռքի միաւորման, միասնականութեան խորհրդանիշն է: Շնորհակալութիւն սփիւռքի նախարարութեան, որ մեր գործընկերն է, եւ մեր կողքին է մեր փոքր ու մեծ բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին»:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց կազմակերպութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրը, եւ փոխներգործօն քննարկումի միջոցով բոլոր նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց կատարելիք աշխատանքները:
«Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան նշեց, որ տօնակատարութիւններէն առաջ պիտի տրուի մամլոյ ասուլիս, պիտի ներկայացուին տեղեկութիւններ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական 11-րդ բանակումի, ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ գործունէութեան նուիրուած գիտաժողովի, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի հրապարակման եւ մարման, Գիւմրիի մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ: «Բանակումին պիտի մասնակցին 1100-էն աւելի սկաուտներ աշխարհի 26 երկիրներէ, 600 երիտասարդ Հայաստանէն», աւելցուց ան:
 
			


