Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիր Այցելութիւն

March 1, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Ազգային  վարչութեան եւ երեսփոխանական ժողովներու ներկայացուցիչներ Ժիրայր Ռէյիսեան, Կարօ Իւզպաշեան, Տարօն Մակարեան,  Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ «Հ1»-ի ներկայացուցիչները չորեքշաբթի, 28 փետրուար 2018-ին, յատուկ առաքելութեամբ մեկնեցան ազատագրուած Տէր Զօր քաղաք, ուր պաշտօնական հանդիպում ունեցան նոր նշանակուած նահանգապետին` Ապտել Մաժիտ Քաուաքիպիի եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ:

Առաջնորդ սրբազանը յանուն սուրիահայ համայնքին շնորհաւորեց նահանգապետը իր ստանձնած կարեւոր ու դժուարին պաշտօնին համար: Անդրադառնալով Տէր Զօրի ազատագրումին եւ հայութեան համար անոր իւրայատուկ նշանակութեան` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն նոյն ոճրագործները փորձեցին հայութիւնը ոչնչացնել Տէր Զօրի մէջ, սակայն հզօր Տիրոջ օրհնութեամբ եւ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին շնորհիւ յարութիւն առինք: Այս իմաստով Տէր Զօրը տոկունութեան եւ յարութեան, վերապրելու եւ վերականգնելու խորհրդանիշն է:

Նահանգապետը բարձրօրէն գնահատեց հայութեան կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ ազնիւ դերակատարութիւնը անոր ծաղկումին, իսկ յետպատերազմեան օրերուն վերականգնումին մէջ:

Պատուիրակութիւնը եւ պետական պաշտօնական ներկայացուցիչները այցելեցին ականուած եւ ամբողջութեամբ քանդուած Սրբոց նահատակաց յուշահամալիր, ուր կատարուեցաւ պաշտօնական ծաղկեմատոյց եւ հոգեհանգստեան յատուկ աղօթք` Սուրիոյ եւ հայութեան բոլոր նահատակներուն համար: Ապա ներկաները ուղղուեցան մեծ մզկիթ, ուր տեղւոյն հոգեւոր պատասխանատուն նահատակներու հոգւոյն համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած:

Այս առիթով խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ միասնաբար որդեգրուելիք ծրագիրներուն եւ քայլերուն առնչութեամբ:

Պաշտօնական պատուիրակութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ նոյն օրուան երեկոյեան վերադարձաւ Հալէպ:

 

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Բեմադրիչ Ալպերթ Մկրտչեան

Յաջորդը

Տեսաժողով` Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Շրջանի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.