Կիրակի, 25 փետրուարին, կազմակերպութեամբ Մեծն Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբին եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի ՀԵԴ-ի «Անի» ուխտին, արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած հանրային հաւաք մը տեղի ունեցաւ Մերիլենտի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մասնակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ իրագործուած Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի սպանդները, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւնները:
Ցոյցի աւարտին, մասնակիցները նաեւ աղօթեցին նշեալ սպանդներուն եւ յարձակումներուն ընթացքին նահատակուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Նշենք, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Արապեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էին Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանն ու Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիփան Յովհաննէսեանը:



