Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաղանդաւոր Եւ Վաստակաշատ Դերասան Վարդան Պետրոսեանի Ազդեցիկ Եւ Ուժգին Վերադարձը`«Իմ Կիսատ Թողած Երգը» Մենաներկայացումով

Մարտ 5, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի 90-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, անցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն էր պարտադիր բացակայութենէ ետք կրկին բեմին վրայ տեսնել երգիծաբան, դերասան, թատերական գործիչ, նկարիչ Վարդան Պետրոսեանը եւ ըմբոշխնել անոր վերջին մենաներկայացումը` «Իմ կիսատ թողած երգը» խորագիրը կրող:

Վ. Պետրոսեանի ներկայացումները ընդհանրապէս կը վերաբերին մեր առօրեային, հոգերուն, ապրումներուն եւ երազներուն, սակայն այս անգամուան մենաներկայացման մեկնակէտը իր ապրած վերջին դառն փորձառութիւնն է: Ան բեմ վերադարձած էր կիսատ թողած երգը շարունակելու. արդարեւ, տարիներ առաջ, իր ներկայացման նախորդ օրը ան ունեցաւ ինքնաշարժի ծանր արկած մը, որուն համար ան դատապարտուեցաւ հինգ տարուան բանտարկութեան: Նկատի ունենալով, որ այդ չներկայացուած մենաթատրոնին աւարտին ան  կ՛երգէր հանդիսատեսին հետ, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, տարիներ ետք`  դուրս գալով բանտէն, ուզեց անպայման շարունակել այս կիսատ մնացած երգը:

«Իմ կիսատ թողած երգը» մենաթատրոնը սրամիտ լեզուով կը պատմէ վերջին տարիներուն բանտին մէջ հեղինակին անցուցած դժուար եւ տառապալից կեանքին մասին: Հոն կայ պատմութիւնը իւրաքանչիւր հայ բանտարկեալի: Այս ծանր պատմութեան մէջ ալ` հաւատարիմ մնալով  իր ոճին, Պետրոսեան ծիծաղով ու զաւեշտային դրուագներով կը ներկայացնէ իր ձերբակալութեան անհաւատալի պատմութիւնը, իր կեանքը` բանտի ընկերներուն հետ, ուր մենք անգամ մը եւս կը տեսնենք մեր իրականութիւնը` շեշտուած երգիծանքի գունեղ վրձինի հարուածներով, կը ճանչնանք հայ մարդը` Վարդան Պետրոսեանը, որ կեանքի ամէնէն ծանր, նուաստացուցիչ եւ դժբախտ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ իր հաւատքն ու լաւատեսութիւնը չկորսնցուց, ընդհակառակն` դաժան փորձութիւններէն աւելի զօրացած, անխոնջ կը շարունակէ իր թատերական գործունէութիւնը աւելի ուժգին եւ բարձր մակարդակի վրայ:

Յայտնենք, որ «Իմ կիսատ թողած երգը» Վարդան Պետրոսեանի ներկայացուցած չորրորդ մենաթատրոնն է Լիբանանի մէջ, որ անգամ մը եւս արժանացաւ լիբանանահայութեան բարձր գնահատանքին:

Նախորդը

100-ամեակը Դիմաւորել . Հարիւրամեակին Պիտի Քննե՞նք Մշակոյթի Եւ Ինքնութեան Մոռցուող Խնդիրները

Յաջորդը

«Կիպրական Հիմնախնդիրին Շուրջ Բանակցութիւններու Վերսկսումը Այժմ Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Անասթասիատես

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?