Գլխաւոր լուրեր

Գնահատանք` Մարալ Անթոյեանի  Երկարատեւ Վաստակին

Գնահատանք` Մարալ Անթոյեանի Երկարատեւ Վաստակին

Երէկ` ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեանի գնահատանքի ձեռնարկը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններու, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ուսումնական խորհուրդներու նախկին եւ ներկայ անդամներու, կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ հրաւիրեալներուն: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ գնահատանքի...

49 Փոքրիկ Մրցանակակիրներ Արժանացան  «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Պարգեւներուն

49 Փոքրիկ Մրցանակակիրներ Արժանացան «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Պարգեւներուն

2017-ին լրացաւ 14-րդ տարին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի  կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: 28 դեկտեմբեր 2017-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ լեցուած էր մրցանակակիր մանուկներով եւ անոնց ծնողներով: Երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկ մրցանակակիրներուն, որոնց թիւը, նշեց ան,  տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է ու...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Ե.) Մեր Մօտեցումները

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ե.) Մեր Մօտեցումները

Մեր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող ակնարկներուն յատկանիշը ընդհանրապէս քաղաքագիտական-վերլուծաբանական է: Նման գրութիւններ ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենան մասնագիտական բառապաշարի օգտագործումը: Եւ երբ տուեալ եզրաբանութեան համարժէք բառը հայրենիքի մէջ կատարուած բառակերտումներով կը հայանայ, այդ պարագային, մեր ըմբռնումով, որեւէ  արգելք չկայ զայն արեւմտահայերէնի մէջ եւս օգտագործելու: Բոլորիս համար պարզ է, որ լեզուն զարգացող հասկացողութիւն է, եւ երբ արեւմտահայերէնը չունի համապատասխան եզրաբանական գերատեսչութիւն, որ բառակերտում կատարէ,...

Հայաստանի Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն  Տուաւ Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիրին

Հայաստանի Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Տուաւ Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիրին

Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին: Գործադիր մարմինը համապատասխան որոշում տուաւ 28 դեկտեմբերին գումարած իր նիստին: Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ այս համաձայնագիրը ստորագրուած էր այս տարուան 24 նոյեմբերին` Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին: Յայտնենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան այս շաբաթասկիզբին հրամանագիր ստորագրեց համաձայնագիրի կիրարկումը ապահովող  համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբ ստեղծելու մասին` փոխվարչապետ, միջազգային...

«Հաստատակամ Եւ Հաւատքով Պիտի  Շարունակենք Կառուցել Քանդուածը»  Հաստատեց Ժիրայր Ռէյիսեան

«Հաստատակամ Եւ Հաւատքով Պիտի Շարունակենք Կառուցել Քանդուածը» Հաստատեց Ժիրայր Ռէյիսեան

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` ամփոփելով 2017 թուականը, ըսած է, որ հաստատակամ ու հաւատքով կը վերակառուցենք քանդուածը:  Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին եւ վերականգնման հոլովոյթին մասին խօսելով` ան դիտել տուած է, որ տարին լեցուն էր դժուարութիւններով, բայց նաեւ`  դրական զարգացումներով: Ժիրայր Ռէյիսեան կարեւոր նկատած է 2016 թուականի դեկտեմբերին Հալէպի ազատագրումը, որ յոյս ներշնչեց հետագայ դրական...

Սաթիկ Սէյրանեան` Հայաստանի Լրագրողներու  Միութեան Նորընտիր Նախագահ

Սաթիկ Սէյրանեան` Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Նորընտիր Նախագահ

Հայաստանի լրագրողներու միութեան 12-րդ համագումարին, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ ընտրուած է «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանի  «Ռ-Էվոլիւցիա» հաղորդաշարի հեղինակ եւ վարող Սաթիկ Սէյրանեանը` փոխարինելով երկար տարիներ այդ պաշտօնը վարած եւ լրագրութեան մէջ նկատառելի վաստակ ունեցող Աստղիկ Գէորգեանը: «Ազդակ» կը շնորհաւորէ միութեան նորընտիր նախագահը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ իրեն:  

Ամանորեան Խրախճանք` Ծերունի  Մամիկներուն Եւ Պապիկներուն

Ամանորեան Խրախճանք` Ծերունի Մամիկներուն Եւ Պապիկներուն

27 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի բոլոր ծերանոցները ապաստանած ծերերուն Կաղանդի ձեռնարկը` ներկայութեամբ 500 ծերերու: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Նելլի Վեքիլեանը եւ Էլի Նսէյրը, որոնք Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով մաղթանքներ կատարեցին մամիկներուն եւ պապիկներուն` մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ ուրախութիւն: Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

«Ազդակ»-ի հասցէին կատարուած քննադատութիւններու ներքեւի կէտերը հիմնուած են նախ գրաւոր մեզի հասած ելեկտրոնային նամակներու, ֆէյսպուքեան տարածքներու վրայ շրջանառուող տեսակէտներու, ժողովական միջավայրերու մէջ հնչած կարծիքներու եւ ընկերական զրոյցներու վրայ: Մեր ակնկալածը, որ տարբեր առիթներով փոխանցուած է, այն է, որ քննադատութիւնները կամ առաջարկները կարելիութեան պարագային ուղղակի փոխանցուին տնօրէնութեան կամ համապատասխան խմբագրական կամ վարչական պատասխանատուներու ուշադրութեան: Ուղղակի հանդիպումները եթէ կարելի են լաւագոյն ձեւն...

Շարմազանով. «Անփոխարինելի Գործիչներ Կան`  Վահան Յովհաննիսեան Գործիչը Անփոխարինելի Է»

Շարմազանով. «Անփոխարինելի Գործիչներ Կան` Վահան Յովհաննիսեան Գործիչը Անփոխարինելի Է»

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով տարին ամփոփելու ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ շատ հանրապետականներ կը յայտարարեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը անփոխարինելի է, ի՞նչն է, որ կը խանգարէ անոր յայտարարել, թէ ան պիտի ըլլայ վարչապետը, ի՞նչը կը ստիպէ խուսափիլ եւ սպասել մինչեւ ապրիլ, ըսաւ, որ ինք չի տրուիր սադրանքներուն եւ կը պատասխանէ «շարմազանովական»...

Լափշին 2018-ն Յայտարարած Է  Ազրպէյճանը Պատժելու Տարի

Լափշին 2018-ն Յայտարարած Է Ազրպէյճանը Պատժելու Տարի

Արցախ այցելելու համար Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած լրագրող-պլոկըր, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանդր Լափշին գալիք 2018 թուականը յայտարարած է Ազրպէյճանը պատժելու տարի: Այս մասին ան գրած է դիմատետրի իր էջին մէջ` ակնարկելով նաեւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ իր դէմ անարդար կերպով դատական գործ յարուցելու ու դատապարտելու հարցով պիտի դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: «Հայ ընկերներս հրէական անեկդոտը ժամանակակից տեսքի բերած են. «Լափշին...

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Հայկական  Եկեղեցին Դարձեալ Վնասուած Է

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Հայկական Եկեղեցին Դարձեալ Վնասուած Է

Անյայտ անձեր ներխուժած եւ վնասներ հասցուցած են Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ: «Ռուսարմինֆօ»-ի փոխանցումով` «Ալ-Մոնիթըր»-ը` վկայակոչելով հայ վերակացու Արմէն Տեմիրճեանը, հաղորդած է. «Չարագործները զինուած եղած են մուրճերով եւ վնասներ հասցուցած եկեղեցւոյ շէնքին»: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ անյայտ անձեր սրբապղծած են Տիգրանակերտի հայկական եկեղեցին: Տաճարի խորանը աւերուած է, իսկ սրբանկարներու կտաւները պատռտուած են: 2011-ին սփիւռքի նուիրատուութիւններուն շնորհիւ եկեղեցին վերանորոգուած էր եւ...

«Ազդակ»-ի 2018-ի Բացառիկի Բովանդակութիւնը

«Ազդակ»-ի 2018-ի Բացառիկի Բովանդակութիւնը

Խմբագրական     100-ամեակ եւ 30-ամեակ պետականութեան վերականգնումի խորհուրդները   1 Հայութիւն Եւ Հայ Դատ     Սարդարապատէն յառնած հայրենիքը յենարան եւ ուղեցոյց  հայուն այսօրն ու ապագան կերտելու Սարգիս Մահսէրէճեան 3   Գերագոյն արժէքի մը խորհրդանիշը Վ. Աւագեան 12 Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններն ու Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը   15 Միասնաբար ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը «Խմբ.» 18 Հին տարուան մայրամուտ...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Գ.)  Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

Հակառակ երբեմն ընդառաջումի ոչ ակնկալուած թիւերուն, «Ազդակ»-ի լսարանները այս տարի եւս շարունակուեցան գրեթէ ամսական կշռոյթով եւ պահեցին հետեւողականութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ պետական դէմքեր, գիտահետազօտողներ, վերլուծաբաններ, ակադեմիայի տնօրէններ եկան հարստացնելու «Ազդակ»-ի հարթակը` համահայկական ամէնէն այժմէական հնչեղութիւնը ներկայացնող խնդիրներու ներկայացման, պարզաբանման միջոցով: Ներկաներու քանակը կայուն պատկեր չպարզեց: Պէտք է նշել, որ «Ազդակ»-ի լսարանները այ՛ս ձեւաչափով եւ...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կատարած Է Վրաստան Եւ Ռուսիա

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կատարած Է Վրաստան Եւ Ռուսիա

Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն մէջ Թիֆլիսի մէջ այցելած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդանիստ Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուրկէ ուղղուած է «Հերոսներու հրապարակ» եւ ծաղկեպսակ զետեղած յուշակոթողին առջեւ ու յարգանքի տուրք մատուցած: Նախագահ Սարգսեան այնուհետեւ հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորած է զայն` կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան 40-ամեակին առիթով` ընդգծելով,...

Այցելելով Հայ Ընտանիքներու  «Մեր Ժողովուրդները Միշտ Ալ Կանգնած Են  Կողք-Կողքի Եւ Այդպէս Ալ Պիտի Շարունակեն»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

Այցելելով Հայ Ընտանիքներու «Մեր Ժողովուրդները Միշտ Ալ Կանգնած Են Կողք-Կողքի Եւ Այդպէս Ալ Պիտի Շարունակեն» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի Ս. Ծնունդի տօնին առիթով այցելած է Իրան-Իրաք պատերազմի ընթացքին նահատակուած երկու հայու ընտանիքներուն: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Պատերազմի մէջ զոհուած Ճորճ Քէշիշ Յարութիւնի ընտանիքին այցելութեան ժամանակ նախագահը գնահատած է ընտանիքներուն անձնազոհութիւնը` ընդգծելով, որ Իրանի ժողովուրդը կը գնահատէ թափած արիւնը այն նահատակներուն, որոնք մարտիրոսացան սեփական հայրենիքի պաշտպանութեան...

«Շուշի» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեամբ  Ելեկտրածին Նոր Շարժակ Ունեցաւ Շրջանը

«Շուշի» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեամբ Ելեկտրածին Նոր Շարժակ Ունեցաւ Շրջանը

Կիրակի, 24 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ռաուտայի «Շուշի» կոմիտէութեան ակումբին կից տեղի ունեցաւ նոր ելեկտրածին շարժակի բացումը: ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Յակոբեանը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ կոմիտէին առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկն է Ռաուտայի շրջանի բարեզարդումը եւ անոր բնակիչներուն հանգիստ ու հեզասահ կեանքի ապահովութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ 6 դեկտեմբեր 2016-ին ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն այսօրուան ծրագիրին համար ըսած էր հետեւեալը....

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.  «Հրաչ Եւ Ճինա Պոյաճեան»  Դահլիճի Բացման Հանդիսութիւն

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. «Հրաչ Եւ Ճինա Պոյաճեան» Դահլիճի Բացման Հանդիսութիւն

Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան» դահլիճի բացման հանդիսութիւնը: Նորակառոյց դահլիճին բացումը կատարեցին առաջնորդ սրբազան հայրը եւ բարերար տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան: Բացման խօսքը արտասանեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան:...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

«Ազդակ»-ի կայքի այցելուներու թիւին եւ այցելուներու վայրին մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը խօսին հասանելի ընթերցանութեան մը ընդլայնուած աշխարհագրութեան մասին: Ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ նոյնիսկ Չինաստան` «Ազդակ»-ի կայքը օրական կշռոյթով տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներ ունի: Ընթերցողներու աշխարհագրութեան վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ աշխատակցողներու աշխարհագրութիւնը: Ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի բացառիկ համարները, այլ նաեւ օրաթերթի աշխատակիցներու ցուցակը կարեւոր մասամբ...

Նախագահ Սարգսեան. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Գալիք  Տարիներուն Աշխուժացնել Սփիւռքի Մէջ Գործող  Լրատուամիջոցներուն Հետ Կապերը»

Նախագահ Սարգսեան. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Գալիք Տարիներուն Աշխուժացնել Սփիւռքի Մէջ Գործող Լրատուամիջոցներուն Հետ Կապերը»

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նախագահի նստավայրին մէջ ընդունելութեան  հրաւիրած էր լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչները: Իր շնորհաւորական խօսքին մէջ նախագահը անդրադարձած է անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարեւորագոյն քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ անոնց լուսաբանման: Հանրապետութեան նախագահը խօսած է նաեւ բարեփոխուած սահմանադրութեամբ ձեւաւորուող խորհրդարանական հանրապետութեան պայմաններուն մէջ «չորրորդ իշխանութեան» դերակատարութեան մասին,...

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Պահանջն Է,  Որ Արցախը Դառնայ Բանակցային Կողմ»

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Պահանջն Է, Որ Արցախը Դառնայ Բանակցային Կողմ»

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է 2017 տարուան ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն եւ զարգացումներուն: Նախ եւ առաջ ան խօսած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ անկախ առկայ հարցերէն, իրողութիւն է այն, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները չվիճարկուեցան, փողոցային պայքար չեղաւ, եւ գոնէ խորհրդարան մտած ուժերը ընդունեցին ընտրութիւններուն արդիւնքները: Երկրորդ նշանակալի իրողութիւնը,...

Page 587 of 796 1 … 586 587 588 … 796

Արխիւներ