Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը քննարկած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ եւ ՀՀԿ խմբակցութիւններու 65 պատգամաւորներու կողմէ առաջադրուած` Հայաստանի նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը ընտրելու հարցը: ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ներկայացուց թեկնածուն` նշելով, որ այսօր պատմական օր է` Հայաստանի խորհրդարանը առաջին անգամ ըլլալով պէտք է ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ:
«Ես հպարտ եմ, որ կը ներկայացնեմ ՀՅԴ եւ ՀՀԿ միասնական թեկնածու Արմէն Սարգսեանը», ըսած է ան:
Բաղդասարեանը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 յունուարին առաջարկած է Արմէն Սարգսեանին` համաձայնութիւն տալ ՀՀԿ-ի կողմէ առաջադրուելու` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, եւ առաջարկին հետեւած է ՀՅԴ-ի դրական արձագանգը:
«Մէկ ամիս շարունակ հանդիպումներ ունենալով տարբեր քաղաքական ուժերու, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ներկայացուցիչներու, սփիւռքահայերու, Հայաստանի գիտական բնագաւառի մասնագէտներու, հասարակութեան հետ` 6 փետրուարին համաձայնութիւն յայտնեց ներգրաւուելու այս պատասխանատու գործին: Արմէն Սարգսեան կեանքի բոլոր փուլերուն հանդէս եկած է իբրեւ իրական յառաջամարտիկ: Մեծ է անոր աւանդը Հայաստանի դիւանագիտութեան գործին մէջ», ըսած է ան:
Արմէն Սարգսեան խօսք առած է, որմէ ետք պատգամաւորներուն տրուած է հարց-պատասխանի առիթ: Ան անդրադարձած է Հայաստանի դիմագրաւած զանազան հարցերուն: Ան անդրադարձած է անկախութեան տարիներուն ընթացքին հանրապետութեան ձեռքբերումներուն եւ ձախողութիւններուն` ընդգծելով, որ այս 26 տարիները յաղթանակներու եւ անյաջողութիւններու տարիներ եղած են, բայց անոնք նաեւ մեր մեծ յաղթանակի տարիներն են: «Արցախեան ազատագրումը մեզի վերադարձուց մեր ազգային արժանապատուութիւնը», նշած է Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Ունինք աղքատութիւն, ընկերային անհաւասարութիւն, որ բոլորիս խնդիրն է, 26 տարիները բոլորիս տարիներն են, ո՛չ միայն` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, այլեւ Արցախի ժողովուրդին եւ ամբողջ սփիւռքին: Կը կարծեմ` յաջորդ 26 տարիները մենք պէտք է կառուցենք` յիշելով եւ չմոռնալով այն յաջողութիւններու բանալին, որ ինքներս յայտնաբերած ենք, չմոռնալով այն դասերը, երբ մենք ըրած ենք սխալներ, որպէսզի այլեւս երբեք չկրկնենք զանոնք», ըսած է նախագահի պաշտօնի թեկնածուն:



