Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Լիբանանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը: Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առիթով` հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ ան առաւելագոյն ջանք պիտի ներդնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գծով: Նախագահ Սարգսեան ուրախութեամբ արձանագրած է, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները, հիմնուած ըլլալով երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ,...




















