Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Շրջանի Ժողովին

Մայիս 11, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 3-6 մայիս 2018-ին Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի երկիրներու համագործակցութեան ժողովը:

Ժողովին կը մասնակցէին 30 պատուիրակներ 9 երկիրներէ` Հայաստան, Վրաստան, Մոլտովա, Պիելոռուսիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Պուլկարիա: ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Արշակ Մեսրոպեանը:

Ժողովի ընթացքին մասնակիցները զեկուցեցին իրենց երկիրներու քաղաքական իրավիճակին եւ պատկան կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին: Քննարկուեցան շրջանին մէջ առկայ տագնապներուն հետ կապուած հարցեր եւ անոնց խաղաղ լուծման ուղիները:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ երիտասարդական միութիւններու ընելիքներուն, յատկապէս յետխորհրդային երկիրներու` կաշառակերութեան դէմ պայքարի, աղքատութեան վերացման, ընկերային արդարութեան եւ իրաւահաւասարութեան հաստատման առնչութեամբ:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի ժողովի աւարտին ընդունուեցաւ յայտարարութիւն, որու ընթացքին ի շարս այլ հարցերու, պատուիրակներն իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը յայտնեցին Հայաստանի մէջ ծաւալած համաժողովրդական շարժման:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 143 կազմակերպութիւններ աշխարհի շուրջ 100 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:

Նախորդը

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Փորձութիւն Իշխանութեամբ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?