Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 7 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ ՀՅԴ-ի պատգամաւորները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 8 մայիսին տեղի ունենալիք վարչապետի ընտրութիւններուն:
Լրագրող մը հարցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը 8 մայիսին արդեօք հաւատարիմ պիտի մնա՞յ իր տուած խոստումին, թէ՞ նախորդ անգամուան նման պիտի ըլլայ պատկերը: Ռուստամեան պատասխանած է, որ երկրորդ անգամ ըլլալով բան մը յայտարարել, սակայն ուրիշ բան ընելը կուսակցութեան մը հեռանկարին առումով շատ վտանգաւոր բան է: Ան նշած է, որ, ըստ իրեն, ներկայ դրութեամբ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու քայլը չի ծառայեր ՀՀԿ-ի շահերուն:
«Եթէ իրենց յայտարարածէն տարբեր բան մը ընեն, ի՞նչ միջոցներով պիտի մասնակցին արտակարգ ընտրութիւններուն: Վարկանշային դրութիւնն ալ պիտի չօգնէ: Բոլորին շահերէն կը բխի, որ տեղի ունենայ վարչապետի ընտրութիւն եւ Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ ընտրուի: Ասիկա պիտի ըլլայ միակ ճիշդ լուծումը», հաստատած է Ռուստամեան:
Ռուստամեան ընդգծած է, որ ժողովրդային յստակ պահանջ կայ, ասոր պէտք է գիտակցին քաղաքական ուժերը, անկախ անկէ, թէ ո՛վ ձեւաւորած է այդ պահանջը:
«Ժողովուրդը ոչ մէկ այլ լուծում պիտի ընդունի: Պէտք չէ մարտավարական աւելորդ տրամաբանութեան մէջ տեղափոխել հարցերը. ինչ որ տէ ֆաքթօ կայ, տէ ժիւրէ պէտք է արձանագրել», շեշտած է ան:
Անդրադառնալով արտակարգ ընտրութիւններու ժամկէտներուն` Ա. Ռուստամեան նշած է, որ ճիշդ չէ ինքնանպատակ ժամկէտ ճշդելը: «Պէտք է առնուին քանի մը քայլեր, որ այդ ընտրութիւնները կասկածի տակ չդրուին: Ընտրական օրէնսգիրքը նախ եւ առաջ պէտք է փոխուի, յատուկ սարքաւորումներ պէտք է զետեղուին բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ, որպէսզի կրկնաքուէարկութիւնները բացառուին: Առաջին քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ վարչապետին լիազօրութիւնները նուազեցնելը: Հաւասար պայմաններ պէտք է ստեղծուին, որպէսզի բոլոր ուժերը հաւասար պայմաններով մասնակցին ընտրութիւններուն», յայտարարած է ան:
Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ Դաշնակցութիւնը կառավարութեան մաս կազմելու ակնկալութիւն չունի՞, Ռուստամեան ընդգծած է, որ իրենք նման ակնկալութիւն չունին, բայց կ՛ուզեն, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը յաջողի եւ լուծէ իր դիմաց դրուած խնդիրները. «Մեր բոլոր կարողութիւններով պիտի աջակցինք, որ անիկա յաջողի»:
Վերջինս նաեւ նշած է, որ ինք ազգային համաձայնական կառավարութիւն ստեղծելը տրամաբանական կը նկատէ: Լրագրող մը հարցուցած է, որ ինք կառավարութեան անդամ պիտի ըլլա՞յ. «Ես չեմ յաւակնիր եւ չեմ պատրաստուիր կառավարութեան կազմին մէջ ըլլալ, բայց մենք չենք միտիր առանձին ձգել Նիկոլ Փաշինեանը», աւելցուցած է Ռուստամեան: Ան հաստատած է, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարողականութեամբ պիտի աջակցի, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը յաջողի: Ըստ անոր, եթէ նոր կառավարութիւնը արդար Հայաստան կ՛ուզէ, անոր լուծումը քատրային ճիշդ քաղաքականութիւնն է:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ յայտարարած է, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը պիտի ըլլայ Արմէնուհի Կիւրեղեանը:
Ռուստամեան նաեւ անդրադարձած է Աղուան Վարդանեանի պատգամաւորութենէն հրաժարելուն առնչութեամբ ստեղծուած աղմուկին, որուն մէջ դեր ունի նաեւ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան աշխուժ է այս նիւթով: Կը փորձեն գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծել: Պատգամաւորի սահմանադրական իրաւունքին մասին` այո՛, Աղուան Վարդանեան առաջնորդուած է իր համոզումով, չէ մասնակցած քուէարկութեան, նաեւ հետեւած է իր խիղճին եւ հրաժարած պատգամաւորութենէն», ըսած է Ռուստամեան:
Ան նշած է, որ ոմանք ՀՅԴ-ի աւանդութիւններէն կը ցնցուին: «Այդ աւանդութիւններուն շնորհիւ է, որ այս կուսակցութիւնը 128 տարի մնացած է: Մենք կը ղեկավարուինք մեր կուսակցութեան ներքին կանոններով: Աղուան Վարդանեանին պատգամաւորական պաշտօնէն հրաժարիլը չի հակասեր սահմանադրութեան», շեշտած է Ռուստամեան: