Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 մայիսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, քննարկուած են պետականաշինութեան, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող շարք մը հոլովոյթներուն առնչուող հարցեր: