Երէկ` երեքշաբթի, 8 մայիս 2018-ին, իրաւունքի ուժով գումարուած Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստին վարչապետի միակ թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ 59 թեր, 42 դէմ քուէներով: Ան առաջադրուած էր պատգամաւորներուն 1/3-ին կողմէ, որուն համար հաւաքուած էր 41 պատգամաւորի ստորագրութիւն` անհրաժեշտ 35-ին փոխարէն: Ստորագրած էին Ազգային ժողովի ՀՅԴ, «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններուն անդամները:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է
Նորընտիր Վարչապետին Հետ
Հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 8 մայիս 2018-ի` Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ ընտրելու վերաբերեալ որոշումը, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան նոյն օրը ստորագրած է հրամանագիր մը` Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու մասին:
Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 8 մայիսին նաեւ տեղի ունեցած է հանդիպում մը` նախագահ Սարգսեանի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ:
Շնորհաւորելով Նիկոլ Փաշինեանը` երկրին նախագահը ըսած է. «Կը մաղթեմ, որ որքան կարելի է այդքան արագ կազմէք կառավարութիւնը եւ լծուիք լուծման այն բոլոր խնդիրներուն, որոնք մեր պետութեան, կառավարութեան, ամբողջ ժողովուրդին եւ այս երկրի` Հայաստանի Հանրապետութեան դիմաց կան: Ձեզի լաւագոյն մաղթանքներս եւ յաջողութիւններ»:
Բակօ Սահակեանի Շնորհաւորական Ուղերձը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է Նիկոլ Փաշինեանին` Հայաստանի վարչապետ ընտրուելուն առիթով:
«Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս կը շնորհաւորեմ ձեզ` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու առիթով:
«Յոյսով եմ, որ ձեր կողմէ ձեւաւորուած կառավարութիւնը պիտի շարունակէ կարելին ընել հայոց անկախ պետականութեան զօրացման, ժողովուրդի պաշտպանունակութեան ամրապնդման, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման, հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ընդլայնման ու խորացման ուղղութեամբ:
«Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ` ի նպաստ մեր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին»:
Ռուստամեան. «Մեր Դիրքորոշման Մէջ Բովանդակային Առումով
Որեւէ Փոփոխութիւն Չի Կրնար Ըլլալ»
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան վարչապետի ընտրութենէն առաջ խօսք առնելով ըսած է.
«Ասիկա մեզի համար, ըստ էութեան, նոր ընտրութիւն չէ, այլ վերաքուէարկութիւն: Այդ իսկ պատճառով մեր դիրքորոշումին մէջ բովանդակային առումով որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար ըլլալ: Աւելի՛ն` մենք այսօր ո՛չ միայն կը սատարենք Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան, այլ նաեւ զայն կ’առաջադրենք վարչապետի պաշտօնին համար:
«Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութիւնը, ի հարկէ, կրնար տեղի ունենալ մէկ շաբաթ առաջ, սակայն տեղի կ’ունենայ մէկ շաբաթ ուշացած, բայց եւ այնպէս, ինչպէս մեր ժողովուրդը կ’ըսէ` «Ուշ լինի, նուշ լինի»: Հիմա այս ընտրութիւնը հասունցած է ու դարձած անհրաժեշտ: Չեմ ուզեր կրկնել մեր նախկին հիմնաւորումները:
«Կ’ուզեմ շարժման ղեկավարներուն յիշեցնել յայտնի ճշմարտութիւն մը, որ իրական եւ բոլորին ծառայող յեղափոխութիւնը ոչ թէ կ’աւարտի, այլ կը սկսի իշխանութեան վրայ ըլլալով, նաեւ աւելցնեմ, որ յաղթանակ պահելը նուազ կարեւոր չէ, քան յաղթանակին հասնիլը:
«Այսօրուան խորհուրդը ասիկա կը սորվեցնէ մեզի: Մենք միասին էինք եւ ազատագրեցինք Շուշին, միասին պէտք է մնանք, որ պահենք Շուշին հայկական եւ ոչ միայն` Շուշին, այլ նաեւ այսօրուան` արդէն 42 հազար քառ. քմ դարձած նոր Հայաստանն ու Արցախը:
«Մայիսը եղած է հայութեան յաղթանակներու ամիսը, թող այս նոր յաղթանակը դառնայ շարունակութիւնը հայ ժողովուրդի յաղթարշաւին: Յաղթարշաւ, որուն բերկրանքը թող միշտ ուղեկցի մեր ժողովուրդին»:
ՀՀԿ Խմբակցութեան Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած
Երէկուան նիստին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն (ՀՀԿ) Փաշինեանի ի նպաստ քուէարկած են 11 պատգամաւորներ` Մանուէլ Գրիգորեան, Կնեազ Հասանով, Արսէն Միխայիլով, Միհրան Պօղոսեան, Արտակ Սարգսեան, Սամուէլ Ալեքսանեան, Մուրատ Մուրատեան, Շիրակ Թորոսեան, Սեդրակ Սարոյեան, Ֆելիքս Ցոլակեան, Արայիկ Գրիգորեան, Աշոտ Արսէնեան եւ Արման Սահակեան:
Քուէարկութենէն առաջ Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան խմբակցութեան անունով խօսելով հաստատած է, որ ՀՀԿ-ի դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ: Ան նշած է, որ այս անգամ կուսակցութիւնը ո՛չ միայն պիտի չխոչընդոտէ, այլ նաեւ պիտի օժանդակէ վարչապետի ընտրութեան:
«Պարո՛ն Փաշինեան, դուք պիտի ընտրուիք Հայաստանի վարչապետ, պիտի զգաք այդ աշխատանքի հսկայական ծաւալը, զոր տարիներ շարունակ կը կրէին ձեր կողմէ քննադատուող կառավարութիւնները», ըսած է ան:
Բաղդասարեան նշած է, որ ՀՀԿ-ն ինչպէս առաջ, այդպէս ալ հիմա դէմ է Փաշինեանի վարչապետ դառնալուն: «Մենք դէմ ենք, բայց, մեր խոստման համաձայն, 10+1 անձ պիտի քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի օգտին, որ ան ընտրուի վարչապետ: Այդ տասը անձերը կը կիսեն ՀՀԿ-ի տեսակէտը, մենք անոնց յորդորած ենք, որ քուէարկեն թեր, որպէսզի կատարենք մեր խոստումը: Մեր դիրքորոշումը չի փոխուիր այդպիսով: Կ’ակնկալենք, որ պիտի ներկայացնէք տրամաբանական ծրագիր», դիտել տուած է Բաղդասարեան` յոյս յայտնելով, որ երկրին մէջ ստեղծուած ատելութեան մթնոլորտը վերանայ:
Իր կարգին, Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտնած է, որ ինք դէմ քուէարկած է, «բայց կան իրողութիւններ, որոնց հետ մենք չենք կրնար հաշուի չնստիլ»: Ըստ անոր, քաղաքական այն ուժը, որ ինքզինք կը նկատէ պետական գաղափարախօսութեան կրող, վերմակը իր վրայ ծածկելով պէտք չէ առաջնորդուի: «Երբեմն պէտք է կատարել զիջումներ` հասկնալով, որ այդ է տուեալ պահու իրական ուղին», ըսած է Շարմազանով` դիտել տալով, որ պիտի ըլլան այնպիսի «ընդդիմութիւն, որուն քայլերը միտուած պիտի ըլլան Հայաստանի հզօրացման»:
Փաշինեան. «Կեցցենք Մենք Եւ Մեր Երեխաները,
Որոնք Արդէն Կ՛ապրին Ազատ Եւ Երջանիկ Հայաստանի Մէջ»
«Այսօր դո՛ւք յաղթեցիք: Այսուհետեւ երբեք ոեւէ մէկը չի համարձակիր որեւէ ոտնձգութիւն կատարել ընդդէմ ձեր այս յաղթանակին: Բայց ես կ՛ուզեմ յստակ արձանագրենք, թէ ի՛նչ է ձեր յաղթանակը: Յաղթանակը այն չէ, որ ես ընտրուած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, յաղթանակը այն է, որ դո՛ւք որոշեցիք, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ վարչապետ», Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համախմբուած ժողովուրդին ըսած է նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Ազգային ժողովի նիստէն ետք ուղղուելով հրապարակ:
«Անկախ անկէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, այսօր եւ ասկէ ետք միայն Հայաստանի քաղաքացին իրաւունք ունի որոշելու, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ վարչապետ: Պետական պաշտօնեաները` նախագահ, վարչապետ, Ազգային ժողովի նախագահ, նախարարներ, բոլորն ալ կը ծառայեն ժողովուրդին եւ ասկէ ետք ժողովուրդը պէտք է հետեւի, որ անոնք ազնիւ եւ անմնացորդ կերպով ծառայեն ժողովուրդին, հակառակ պարագային ժողովուրդը պէտք է քայլերու դիմէ այնպէս, ինչպէս ըրաւ 2018-ի ապրիլին:
«Ստանձնելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը, կը յայտարարեմ, որ պիտի ծառայեմ հայ ժողովուրդին, պիտի ծառայեմ Հայաստանի քաղաքացիներուն, պիտի ծառայեմ Արցախի Հանրապետութեան, պիտի ծառայեմ Հայաստանի Հանրապետութեան: Եւ ուրեմն` կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛նք մենք ու մեր երեխաները, որոնք արդէն կ՛ապրին ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մէջ», աւելցուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Երկու Կաթողիկոսները Շնորհաւորեցին Վարչապետ Փաշինեանը
Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած են նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է. «Դուք այս պատասխանատու պաշտօնին կը կոչուիք երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական բարդ իրավիճակի լոյսին տակ` հանրային լայն շրջանակներու աջակցութեամբ, քաղաքական ընդարձակ խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք: Լիայոյս ենք, որ նախանձախնդիր ու հետեւողական ջանքերով պիտի նպաստէք մեր երկրին մէջ կայունութեան հաստատման եւ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման` յանուն մեր հայրենիքի զօրացման ու յառաջընթացին»:
Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով յղած շնորհաւորագիրին մէջ նշած է. «Ժողովուրդի թեկնածու ըլլալը մեծ պատիւ է ու միաժամանակ` ծանր պարտաւորութիւն: Մեր սպասումն է, որ ձեր կատարած խոստումները, բարոյական արժէքներու ու մարդկային իրաւունքներու ամուր պահպանումով յանձնառութեան ու կեանքի վերածէք: Մեր սպասումն է, որ հայրենի մեր ժողովուրդին, Արցախի ու մեր ազգին գերագոյն շահերն ու ձգտումները քաղաքական նկատառումներէ վեր նկատէք, եւ մէկ հայրենիքի ու ազգի անխախտ ու անխախտելի սկզբունքը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նոր ծաւալ ու որակ տալով, ձեր կեանքին ու գործին մղիչ ուժը դարձնէք»: Վեհափառ հայրապետը հաստատած է, որ զօրակից պիտի մնայ Փաշինեանին եւ անոր գլխաւորած կառավարութեան, եւ միշտ ու գործնապէս մասնակից` հայրենաշինութեան առաքելութեան:
Փութին Եւ Մետվետեւ Շնորհաւորած Են Փաշինեանը
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Նիկոլ Փաշինեանին` Հայաստանի վարչապետ ընտրուելուն առիթով:
«Կ՛ակնկալենք, որ ձեր գործունէութիւնը պիտի նպաստէ մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ-ի, ԵՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ գործընկերային փոխադարձ գործակցութեան հետագայ ամրապնդման», գրած է Փութին:
«Համոզուած եմ, որ առեւտրատնտեսական, գիտական-արհեստագիտական եւ մշակութային-մարդասիրական համագործակցութիւնը, տարբեր բնագաւառներուն մէջ մեծ ծրագիրներու իրականացումը, ԵՏՄ-ի շրջանակին մէջ համարկման փոխգործակցութեան ամրապնդումը լիովին կը բխի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի շահերէն», նշած է Մետվետեւ:
Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Գործակցի Նիկոլ Փաշինեանի Հետ
Եւրոպական Միութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ` հաստատելով, որ Եւրոպական Միութեան իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն համագործակցիլ Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընդլայնուած գործընկերութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի իրականացման գծով:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ համաձայնագիրի գործադրութեան նպատակն է ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու յարգումը, ինչպէս նաեւ բարգաւաճող եւ կենսունակ պետութիւն ստեղծել` ի նպաստ Հայաստանի քաղաքացիներուն:
Եւրոպական Խորհուրդը Եւս Շնորհաւորած Է
Եւրոպական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ ուղերձով շնորհաւորած է նորընտիր վարչապետը:
«Հայաստանի խորհրդարանին` այսօր տուած որոշումը ցոյց կու տայ, որ սահմանադրական բարեփոխումը, որ կ՛իրականացուի մեր կազմակերպութեան օգնութեամբ, սկսած է իրականութիւն դառնալ: Այս հոլովոյթը պէտք է շարունակուի հայ ժողովուրդին ցանկութեամբ:
Եւրոպական խորհուրդը պատրաստ է հետագային եւս ապահովել որեւէ աջակցութիւն Հայաստանի իշխանութիւններուն այդ շատ կարեւոր հոլովոյթին մէջ, որ հիմնուած է մարդու իրաւունքներուն, ժողովրդավարութեան ու օրէնքի գերակայութեան վրայ»:
Ներքին Զարգացումներ
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան հրաժարականի դիմումներ ներկայացուցած են:
Նորընտիր վարչապետ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ, որ անդրադարձած է երկրի պաշտպանութեան խնդիրներուն եւ այս բնագաւառին մէջ տարուած աշխատանքներուն:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ` ստանձնելով վարչապետի պարտականութիւնները, իր առաջին խնդիրներէն կը նկատէ հանրապետութեան արտաքին անվտանգութեան իրավիճակին վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւն ստանալը, որպէսզի առանց ուշացումի անհրաժեշտ քայլերու դիմուի:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Վարդան Արամեանը, պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեանը եւ ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ Ատոմ Ջանջուղազեանը, որոնք ներկայացուցած են պետական պիւտճէի եկամուտներու եւ ծախսերու կատարման ընթացքն ու 2018 թուականի առաջին չորս ամիսներուն ցուցանիշները:
Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանին եւ ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալներուն հետ: Գ. Կուտոյեան վարչապետ Փաշինեանին զեկուցած է երկրին մէջ անվտանգութեան առնչուած իրավիճակին մասին եւ նշած, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը շարունակէ բարձր պատասխանատուութեամբ իրականացնել իրեն վստահուած պարտականութիւնները: