Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում` Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ. Քննարկուած Են Արցախի Տագնապին Հետ Կապուած Մարտահրաւէրները

May 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 մայիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Հանդիպումի նպատակին եւ արդիւնքներուն մասին «Ապառաժ»-ի հարցումին ի պատասխան` ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշած է. «Հանդիպումին նախաձեռնութիւնը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանինն է: Քննարկուած են այն մարտահրաւէրները, որոնք յառաջացած են Արցախի հարցին հետ կապուած, նաեւ համախոհութեամբ, միասնաբար անոնց յաղթահարումը, որպէսզի երկիրը այս բոլորէն դուրս գայ աւելի հզօրացած եւ ոչ թէ Ազրպէյճանի մօտ յարձակման գայթակղութիւն յառաջացնէ»:

Վահրամ Բալայեան. «Օր Առաջ Հարցին Լուծում Պէտք Է Տալ`
Յառաջ Շարժելու Համար»

Հայաստանի խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու  ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը Արցախ արդիւնաւէտ էր, «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

Վահրամ Բալայեան նշեց, որ տարբեր հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի ներքաղաքական կացութիւնը, արծարծուած են անոր հանգուցալուծման հետ կապուած հարցեր, Արցախի անվտանգութեան առնչուող խնդիրներ:

«Կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են, որ անհրաժեշտութիւն կայ հարցին արագ լուծում տալու, որովհետեւ մենք ունինք անվտանգութեան ապահովման խնդիր, ունինք հակառակորդ: Օր առաջ հարցին լուծում պէտք է տալ` յառաջ շարժելու համար», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:

Խօսելով հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած տեղեկատուութեան մասին, թէ քննարկուած է խաղաղութեան հռչակագիրի մշակման հարց, Բալայեան ըսաւ, որ ինք նման տեղեկութիւն չունի:

Ըստ Ազգային ժողովի փոխնախագահին, հանդիպումին օրակարգը խաղաղութեան ձեւաւորումը, համերաշխութեան պահպանումը եղած է, բայց ոչ նման փաստաթուղթի մշակումը:

Ինչ կը վերաբերի այն իրողութեան, որ արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցողը կը փոխուի, Վ. Բալայեանը նշեց, որ անկարելի է հաշուի չառնել հայութեան անցած 30 տարուան ճամբան ու հաւանական հետեւանքները:

 

Նախորդը

Համբարձումեան. «Բոլոր Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Հաւասար Մրցակցային Պայմաններ Ունենան Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Համար»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի Կամաւորներ` Յարգա՛նք Ձեզի

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.