Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Մէջ Մասնակցած Է Եռատօնին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

Մայիս 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 8 մայիսին իր առաջին աշխատանքային այցելութիւնը կատարած է Արցախի Հանրապետութիւն, ուր մասնակցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն:

Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները առաւօտեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն քաղաքացիներուն հետ երթով շարժած են դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ զետեղած են Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման ժամանակ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այնուհետեւ այցելած է յուշահամալիրի կողքին գտնուող` Արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկներու եղբայրական գերեզմանատուն, ծաղիկներ զետեղած անոնց շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով ազատամարտիկներու յիշատակին:

Այնուհետեւ երկու հանրապետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ զետեղած են «Շուշիի թանկ», սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Նելսոն Ստեփանեանի յուշարձաններուն:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Բակօ Սահակեանը ներկայ եղած են նաեւ Շուշիի հայկական դրամի թանգարանի բացման, որուն արհեստագիտական եւ մասնագիտական աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը: Անոնք շրջագայած են թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած ներկայացուած ցուցանմուշներուն:

Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Բակօ Սահակեանի Գլխաւորութեամբ Խորհրդակցութիւն`
Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատարութեան Կեդրոնին Մէջ

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի  ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար-հազարապետ Լեւոն Մնացականեան հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցած է առաջնագիծի ներկայ իրավիճակին մասին: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ զինուորական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ թշնամին զսպելու գործընթացներու կատարելագործման վերաբերող հարցերը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւս ցոյց տուած են, որ հայկական բանակը կը գտնուի օրինական բարձր մակարդակի վրայ: Վարչապետը ընդգծած է, որ զինուած ուժերուն հետ կապուած բոլոր խնդիրները պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը:

Նիկոլ Փաշինեան – Բակօ Սահակեան Հանդիպում

Արցախի Հանրապետութիւն տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որուն հետ քննարկած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սահակեան ողջունած է նորընտիր վարչապետը, որ ընտրուելէն ետք առաջին անգամ Արցախ այցելած է. ան համոզում յայտնած է, որ ասկէ ետք եւս ջանքերը պիտի շարունակուին Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման ու շէնացման ի խնդիր:

Վարչապետ Փաշինեան դիտել տուած է, որ ինք առաջին անգամ Արցախ այցելած է, որովհետեւ զոյգ երկիրներուն յարաբերութիւնները առաջնային են: «Ես հոս եկած եմ հետեւեալ երկու ուղերձով. առաջին, որ լիարժէք եւ անվերապահօրէն իմ աջակցութիւնս յայտնեմ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր նախագահին, երկրորդ` երէկ ես իմ խօսքիս մէջ ըսած եմ, որ շատ կարեւոր կը նկատենք արցախեան տագնապին մէջ բանակցային գործընթացի շարունակութիւնը, որ հաշուի կ՛առնէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, եւ յայտարարած եմ, որ պատրաստ եմ բանակցելու Ազրպէյճանի նախագահին հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ, բայց նաեւ կը կարծեմ, թէ բանակցային այդ ձեւաչափը լիարժէք կարելի չէ նկատել, այնքան ատեն որ անոր չի մասնակցիր տագնապի լիարժէք կողմերէն մէկը` Արցախի ղեկավարութիւնը»:

Փաշինեան նաեւ դիտել տուած է, որ պէտք է սփիւռքի ներուժը օգտագործուի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ո՛չ միայն շարունակելու, այլ նաեւ նոր թափ տալու ուղղութեամբ: «Մենք հաւատարիմ ենք տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման եւ կը դատապարտենք ուժի կիրարկման որեւէ գործողութիւն կամ սպառնալիք: Որեւէ կասկած չկայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կարելի բոլոր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու համար, նաեւ` միջազգային մակարդակի վրայ, բայց կը կարծեմ, թէ Արցախի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին շահերը միջազգային առումով լաւագոյնս պիտի պաշտպանեն ինքնին Արցախի իշխանութիւնները: Ուստի մեր ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան Արցախի Հանրապետութեան եւ իշխանութեան կարելի եղածին չափ շուտափոյթ միջազգայնօրէն ճանաչման», ըսած է ան:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ըսած է. «Ես այս տարիներուն առաջին անգամը չէ, որ բարձրաձայնած եմ, թէ մեր կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարած ենք Մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ միասին, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր նուաճումները արձանագրած ենք այդ նոյն եռամիասնութեան շնորհիւ: Այս այցելութիւնը եւ մեր բանակցութիւնները, քննարկուած հարցերն ու խնդիրները անգամ մը եւս ո՛չ միայն յոյս կը ներշնչեն, այլ նաեւ բոլորիս համոզմունք կը հաղորդեն, որ այդ նոյն եռամիասնութեան շնորհիւ, այդ նոյն հաւատարմութեամբ, հաստատակամութեամբ, վճռականութեամբ պիտի կատարենք մեր սրբազան առաքելութիւնը, այն է` մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը, անառիկ սահմաններու պահպանումը եւ մեր ժողովուրդի բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացումը: Ես նաեւ կարելիութիւն ունեցած եմ ձեզի հաղորդելու տարբեր տեղեկութիւններ` յատկապէս այս պահու դրութեամբ մեր պետական սահմաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին, եւ դուք համոզուած էք, որ Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերը, Արցախի քաղաքացիներն ու համայն հայութիւնը ինչպիսի՛ վճռականութեամբ լեցուած են, եթէ մեր հակառակորդը նորէն դիմէ յանցաւոր գործողութիւններու: Բնականաբար, այս այցելութիւնը եւ մեր քննարկումները աւելի յստակացուցած են մեր հաւանական գործողութիւնները` այդ յանցաւոր քայլերուն վերաբերող»:

«Շատ ուրախ եմ, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաստատակամութեամբ կը վերահսկէ սահմանագիծին, ինչպէս նախապէս, Արցախի բանակին մարտունակութիւնը բարձր է, բայց ես կը կարծեմ, թէ այդ աւանդական մարտունակութեան աւելցած է նաեւ այլ բաղադրիչ մը, այդ ալ  այն ազգային միասնութեան մթնոլորտն է, որ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն ետք կը տիրէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Կը կարծեմ, թէ ասիկա կարեւոր ռազմաքաղաքական գործօն է եւ որեւէ կասկած չկայ, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը, հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն ի վիճակի է պաշտպանել ինքզինք, այլ նաեւ խոր զղջումի հասցնել իւրաքանչիւր ուժ, որ կը յանդգնի ոտնձգութիւն կատարել անոր անվտանգութեան վրայ»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Ասիկա Զգացմունքներու Խնդիր Չէ`
Արցախը Պէտք Է Նստի Բանակցութիւններու

«Այսօրուան քննարկումներուն հիման վրայ համոզուեցանք, որ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ տեղի կ՛ունենայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն», Արցախի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` խօսելով իր եւ Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին մասին:

Ան նշեց, որ հանդիպած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին հետ, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու հրամանատարութեան զեկուցումները լսած է: «Մենք պայմանաւորուած ենք, թէ ի՛նչ քայլերով յառաջ պիտի երթանք: Այսօրուան քննարկումներուն հիմամբ բոլորս համոզուած ենք, որ մեր եւ նոր կառավարութեան համագործակցութիւնը յաջողութիւն պիտի ունենայ», ըսած է  վարչապետ Փաշինեան:

Անոր համաձայն, ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար, ինչպէս որ առաջ նշած էր, կարեւոր է Արցախի` բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլը: Ըստ Փաշինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան անունով կրնայ խօսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը, իսկ Արցախի անունով` Արցախի իշխանութիւնը:

«Պէտք է յստակ պատասխանենք մէկ հարցումի` կ՛ուզե՞նք լուծել հարցը, թէ՞ ոչ: Եթէ միջազգային հանրութիւնը, որոնց մէջ` Ազրպէյճանը, կ՛ուզեն լուծել ղարաբաղեան տագնապը, անտրամաբանական է, որ հարցը քննարկուի ձեւաչափով մը, որուն միջոցով չի կրնար լուծուիլ: Ինչպէ՞ս կրնայ բանակցային ձեւաչափը լուծել հարց մը, որուն առանցքային մասնակիցներէն մէկը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստած չէ: Ասիկա զգացմունքներու խնդիր չէ, ասիկա գործնական խնդիր է` մենք պիտի լուծե՞նք հարցը, թէ՞ պիտի չլուծենք», ըսած է վարչապետը:

Անոր համաձայն, հայկական կողմերը միշտ ալ տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման կողմնակից եղած են, եւ փաստը այն է, որ ազրպէյճանական կողմը ռազմատենչ քաղաքականութիւն կը վարէ: «Սակայն միջազգային հանրութիւնը եւ Ազրպէյճանը պէտք է գիտակցին, որ մենք անոնց ռազմատենչ նկրտումներուն դիմաց պիտի չընկրկինք», աւելցուցած է Փաշինեան:

Նախորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Ժողովրդավարութեան Եւ Ընկերային Արդարութեան Այս Ընթացքը Պէտք Չէ Հակադրուի Երկրի Անվտանգութեան»

Յաջորդը

Շուէյֆաթի Մէջ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած` Ապու Ֆարաժը Սպաննող Յանցագործը Ապահովութեան Ուժերուն Չյանձնելու Պատճառով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?