Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի Կամաւորներ` Յարգա՛նք Ձեզի

Մայիս 7, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կամաւոր աշխատանքը այնպիսի աշխատանք է, որ կը կատարուի նախ եւ առաջ հասարակութեան շահերուն համար: Կամաւոր աշխատանքը շահոյթ չ՛ենթադրեր, նիւթապէս չի վարձատրուիր: Կամաւոր աշխատանքը կը կատարուի անհատի ազատ ցանկութեամբ, չի պարտադրուիր, ո՛չ ալ կը կատարուի հրահանգով:

Երէկ` կիրակի, 6 մայիս 2018-ին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Դաշնակցութեան կամաւոր բանակը` երէցներէն մինչեւ պատանիներ, եկաւ վերահաստատելու այս իրականութիւնը: Մեծահասակները, յատկապէս երիտասարդները կանուխ ժամերէն ընտրական կեդրոններուն եւ ակումբներուն մէջ ամենայն անկեղծութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կ՛աշխատէին ակումբին սեմէն ներս մտած ոեւէ անձի օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ: Դաշնակցութեան թի- շըրթները կրողներ, թէկուզ առաջին անգամն ըլլալով հանդիպին իրարու, կիրակի օր ինքնաբերաբար կը դառնային մտերիմներ, բարեկամներ, իրարու դատը պաշտպանողներ, որովհետեւ բոլորին դատն ու նպատակը միեւնոյնն էր եւ այդ գերագոյն շահն էր, որ կը միացնէր զիրենք` առաւելագոյն չափով յաղթանակ ապահովել Դաշնակցութեան:

Անոնք ամբողջ օրուան ընթացքին գիտակցուած կերպով եւ հարազատօրէն իրենց առաքելութիւնը կը կատարէին բացատրութիւններ, ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ տալով հայորդիներուն: Անոնք ամէն տեղ էին եւ ներկայ նոյնիսկ հոն, ուր մարդ չ՛ակնկալեր, միշտ պատրաստ օգնելու, թէկուզ դիմացինը իրենցմէ օգնութիւն չի հայցեր, դժգոհութեան ոչ մէկ արտայայտութիւն, տատամսումի ոչ մէկ նշոյլ, ամէնէն դիւրին գործէն մինչեւ ամէնէն դժուարը կատարելու զօրութեամբ եւ հաստատակամութեամբ զինուած:

Ուշագրաւ էր անոնց մօտեցումը եւ վերաբերումը յատկապէս տարեց սերունդին նկատմամբ: Երիտասարդները թեւանցուկ երբեմն մինչեւ շալկելով օգնեցին տարեցներուն, որպէսզի անոնք կարենան հասնիլ մինչեւ քուէատուփ եւ իրենց քուէն տալ: Իսկապէս հրաշալի էր պատկերը: Կամաւոր տղաքն ու աղջիկները իրենց հեւքին մէջ պահած էին նաեւ իրենց կամաւորի վեհ ու հպարտ ժպիտը, որ լաւագոյնս կը թարգմանէր անոնց կամքը, սէրն ու կառչածութիւնը իրենց կուսակցութեան: Կամաւորները վաղուան յոյսն ու լոյսն են Դաշնակցութեան:

Իսկապէս հրաշալի էր պատկերը. անկախ ընտրութեան արդիւնքէն, այս պատկերը ինքնին յաղթանակ մըն է այն իմաստով, որ մինչ ուրիշ կուսակցութիւններ, թեկնածուներ եւ կողմեր տասնեակ հազարաւոր տոլարներով կը վարձէին աշխատողներ, որոնք իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին իբրեւ լոկ աշխատանք, որուն մէջ ոգի ու եռանդ չկայ, մեր տղաքն ու աղջիկները` ժպտուն դէմքերով, նոյն հարցումին  քանի մը անգամ պատասխանելու համբերութեամբ, ամէնէն դոյզն հարցէն մինչեւ ամէնէն բարդը լուծելու վճռակամութեամբ ներկայ էին ամէն տեղ, նոյնիսկ հոն, ուր սովորական չէ ակնկալել:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զօրութիւնը կը խտանայ իր կամաւորներու բանակին մէջ, որ առանց ժամ կամ վայր հարցնելու, առանց տատամսելու կամ դժգոհելու, առանց հատուցման մասին իսկ մտածելու կը բոլորուի կուսակցութեան շուրջ, պատրաստ կ՛ըլլայ իր կարելին ընելու, որպէսզի ծառայէ ժողովուրդէն ծնած եւ անոր համար գործող կուսակցութեան:

Ամբողջ  օրուան ընթացքին Դաշնակցութեան թեկնածուներուն յաջողութեան համար պայքարած այդ բանակի զինուորագրեալներուն համար դժուար էր սպասել վերջնական արդիւնքներուն: Արդարեւ, հեւքոտ ու անձկութեամբ լեցուն օրուան վերջին ժամերուն` կիրակի կէս գիշերը անցած, խումբ մը ԼԵՄ-ականներ եւ համակիր երիտասարդներ ինքնաբուխ քայլով մը ինքնաշարժներու երթով, դրօշակներ պարզած, համախմբուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ, ուր զիրենք ողջունեց, բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Երիտասարդները իրենց ուսերուն վրայ առին զայն` իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը արտայայտելով: Հարազատութիւն, ուրախութեան ու յուզումի միախառնում, մէկզմէկու շնորհակալ ըլլալու թաքուն կամ բացայայտ դրսեւորում:

Դաշնակցութեան սիրտը կը հանդիսանայ այս կամաւոր բանակը, որ միշտ փաստած է այս կուսակցութեան կողքին ըլլալու իր պատրաստակամութիւնը:

Յարգա՛նք այդ բանակին, յարգա՛նք իւրաքանչիւր անձի, որ իր ժամանակը, ներուժը եւ կարողութիւնները կը դնէ ի սպաս ՀՅԴ-ին:

 

Նախորդը

Հանդիպում` Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ. Քննարկուած Են Արցախի Տագնապին Հետ Կապուած Մարտահրաւէրները

Յաջորդը

Շնորհակալութիւն Լիբանանահայութեան. Հայկական Ընտրազանգուածը Փաստեց Իր Ուժը. ՀՅԴ-ի Առաջադրած Չորս Թեկնածուներէն Երեքը` Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան Եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան Երեսփոխան Ընտրուեցան

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?