Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Կը Վերարժեւորէ Իր Կատարելիքները

Մայիս 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան 7 մայիսին կայացած հանդիպումի մը ընթացքին հաստատած է, որ համաժողովրդական շարժումը, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները փորձութիւն էին քաղաքական ուժերուն համար: Այդ փորձութիւնը, ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը արժանապատուօրէն կրցաւ յաղթահարել: Ըստ անոր, ստեղծուած իրավիճակին մէջ կուսակցութեան մէջ եւս չէր կրնար տարակարծութիւն չըլլալ: «Բոլոր պարագաներուն ալ մեր ընկերներուն մէջ սթափ, կշռադատուած մօտեցումները գերակայող եղած են, ինչ որ շատ կարեւոր է քաղաքական կազմակերպութեան համար: Այս ընթացքին Գերագոյն մարմինը փորձած է առաւելագոյնը ընել քաղաքական զարգացումներուն զարկերակը ճիշդ զգալու եւ յստակ դիրքորոշումներ որդեգրելու, եւ այս բոլորը յայտարարութիւններուն ու տարբեր լրատուամիջոցներով, տեղեկատուական աղբիւրներով հրապարակելու առումով», ըսած է ան:

Արսէն Համբարձումեանի համաձայն, ժողովրդային շարժման սկիզբէն իսկ Դաշնակցութիւնը արձանագրած էր, որ երկրին մէջ առկայ է խորքային եւ որակական փոփոխութիւններու համաժողովրդական յստակ պահանջ, որուն բաւարարութիւն տալու ու իրավիճակը առանց ցնցումներու լուծելու համար կուսակցութիւնը բազմիցս հանդէս եկած է քաղաքական երկխօսութեան առաջարկով: Ասոր յաջորդած են նաեւ քաղաքական քոալիսիոնէն դուրս ելլելու, ժողովուրդին թեկնածուին շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու, յետոյ արդէն վարչապետի ընտրութիւններուն Փաշինեանին սատարելու վերաբերող յայտարարութիւնները:

«Այս բոլոր յայտարարութիւններուն նախորդած են լուրջ աշխատանք, հանդիպումներ, քննարկումներ, կապեր, իւրաքանչիւր բառ, տող կշռադատուած է: Քաղաքական որեւէ այլ ուժ այս ընթացքին չէ փորձած այս հետեւողականութեամբ իրավիճակի լուծման միտող նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ», ըսած է ան:

Ըստ Արսէն Համբարձումեանի, ՀՀԿ-ի հետ քոալիսիոն կազմելու եւ վերջերս անկէ դուրս գալու որոշումները ինքնանպատակ չէին, այլ ատիկա ընդհանուր քաղաքական նպատակներուն եւ առաջնահերթութիւններուն հասնելու միջոց է: Նպատակները անփոփոխ մնացած են, սակայն անոնց հասնելու միջոցները արդէն իսկ կորսնցուցած էին իրենց արդիւնաւէտութիւնը: Այդ մտահոգութիւններուն մասին, Արսէն Համբարձումեանի հաստատումով, ժողովրդային շարժումէն առաջ Դաշնակցութիւնը քանի մը անգամ բարձրաձայնած էր: «Ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը հանգուցալուծելու մեր մօտեցումներն ու տեսակէտները տարբեր էին, ինչ որ կը կաշկանդէր մեր գործողութիւնն ու քայլերը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ նման պայմաններու մէջ, նաեւ հաշուի առնելով քոալիսիոն յուշագիրին մէջ ամրագրուած պայմաններու իրականացման անկարելիութիւնը, Դաշնակցութիւնը որոշեց լքել քաղաքական քոալիսիոնը: «Այս չի նշանակեր, որ մենք կ՛ուրանանք այն համագործակցութիւնը եւ անցած ուղին, որ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրով` 2008-2009 թուականներուն եւ 2016-2018 թուականներուն ունեցած ենք հանրապետութեան երրորդ նախագահին եւ ՀՀԿ-ին հետ:

Արսէն Համբարձումեան դիտել տուած է, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համադրուած գործեն, իսկ կազմուելիք ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւնը պէտք է ջանքերը ի գործ դնէ անցումային փուլին երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելու նպատակով: «Մեզի համար երբեք կարեւոր չէ` մենք անմիջական ու ուղղակի մասնակցութիւն կ՛ունենա՞նք այդ գործընթացին, թէ՞ ոչ: Նկատի ունիմ, այսպէս կոչուած, ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորումը: Ասիկա յստակ կը դառնայ յառաջիկայ քաղաքական քննարկումներէն: Մեզի համար կարեւոր է, որ քաղաքական ճիշդ քայլերու եւ լուծումներու իբրեւ արդիւնք երկիրն ու ժողովուրդը իսկապէս յաղթած դուրս գան, եւ նախադրեալներ ստեղծուին նոր որակի պետութեան կազմութեան եւ զարգացում ապահովելու համար», ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը: Ան եզրափակած է, որ յառաջիկայի աշխատանքներն ու առնուելիք քայլերը յստակ կը դառնան յառաջիկայ օրերուն:

 

Նախորդը

Վահրամ Բաղդասարեան. «ՀՀԿ-ն Պիտի Օժանդակէ Վարչապետի Ընտրութեան»

Յաջորդը

Ռուստամեան. Ընտրութիւններէն Ետք Պէտք Է Նուազեցուին Վարչապետին Լիազօրութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?