ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով գումարուած ՀՅԴ աշխարհասփիւռ բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ժողովին մասին «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթներով նման ժողով գումարելու հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ:
«Ժողովը լսեց զեկոյցներ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, Դաշնակցութեան Բիւրոյի վարած քաղաքականութեան մասին, յատկապէս վերջին իրադարձութիւններու հետ կապուած, եղան քննարկումներ: Մասնակիցները արտայայտեցին իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները: Եզրակացութիւնն այն էր, որ բնականաբար կուսակցութիւնը շարունակելու է հայաստանակեդրոն իր քաղաքականութիւնը, որ անհրաժեշտ է թէ՛ Հայաստանին ու ժողովուրդին, եւ թէ ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան համար: Այս ամէնը վերահաստատեցին կուսակցութեան միակամութիւնը այս հարցով եւ շեշտեցին, որ շարժման յաջողութեան համար կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը եղած է ճիշդ եւ ողջունելի», մանրամասնեց Մանոյեան:
Նշենք, որ ՀՅԴ-ն կազմակերպած էր նաեւ բարեսիրական ճաշկերոյթ, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Ջաւախքին: Ճաշկերոյթին ժամանակ նաեւ կատարուեցաւ հանգանակութիւն, տարբեր երկիրներէն դաշնակցականներ գումարներ գոյացուցին Ջաւախքի խնդիրներու լուծման համար:
Անդրադառնալով վարչապետ Փաշինեանի Ջաւախք կատարած այցելութեան` Մանոյեան նշեց, որ չի յիշեր պարագայ մը, երբ վերջին 15 տարուան ընթացքին Հայաստանի քաղաքական ամէնէն ուժեղ լիազօրութիւնները ունեցող անձ մը այցելէ Ջաւախք: Ան արձանագրեց, որ նոյնիսկ եղած են արտաքին գործոց նախարարներ, որոնք չեն այցելած Ջաւախք: «Մեր իշխանութիւններուն կողմէ չէ եղած այն դրսեւորումը, որ իսկապէս կարեւոր կը նկատեն Ջաւախքը իբրեւ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններու` վերջին 27 տարիներուն ամենաթոյլ, բայց արդէն անհրաժեշտ, կենսական թիրախը, որ պէտք է ըլլայ ամէնէն ուժեղ օղակը», ըսաւ ան:
Ան յոյս յայտնեց, որ վարչապետին այս այցելութիւնը կը ծառայէ այդ նպատակին: «Հիմա Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ նման վերաբերմունքի կ՛արժանանայ Ջաւախքը, ջաւախահայութիւնը, Ջաւախքի հարցերը, բայց նաեւ Վրաստանի իշխանութիւնները կը տեսնեն, կը հասկնան, որ իսկապէս անհրաժեշտ է Ջաւախքի խնդիրները լուծել, որպէսզի Ջաւախքը դառնայ հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամէնէն զօրեղ օղակը, որովհետեւ իսկապէս Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները իւրայատուկ են իրենց բնոյթով: Պէտք է հասկնանք, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներու համար ալ ունին կենսական նշանակութիւն եւ անհրաժեշտ է գուրգուրալ ու աւելի սերտացնել այդ յարաբերութիւնները, որոնց համար ալ անհրաժեշտ է Ջաւախքի խնդիրներու կարգաւորումը, որպէսզի մենք չունենանք այնպիսի վտանգներ, որոնք կրնան սպառնալ երկու պետութիւներու յարաբերութիւններուն», շեշտեց ան:
***
«Առաջին լրատուական»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ հայաստանեան քաղաքական վերջին զարգացումներուն. «Մեղմ ասած, սովորական երեւոյթ չէ, որ Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն հանդիսացող ուժը մեծամասնութիւն չըլլայ գործադիր իշխանութեան մէջ: Իշխանափոխութիւնը ամբողջական չէ, եւ շատ բան կայ կատարուելիք: Ատոր համար պէտք է ամէն ինչ ընել, որ այս բոլորը յաջողութեամբ իրենց լրումին հասնին», շեշտեց ան:
Ըստ անոր, ի վերջոյ պէտք է կատարուին արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ, բայց թէ ե՛րբ` դեռ յայտնի չէ. «Կարեւորը այն է, որ մինչեւ ընտրութիւններ կատարուին անհրաժեշտ օրէնսդրական փոփոխութիւններ, որպէսզի ընտրութիւնները ըլլան ազատ, անկախ եւ թափանցիկ ու վստահութիւն ներշնչեն ժողովուրդին, ու այլեւս անառարկելի ըլլայ անոնց վաւերականութիւնը», ըսաւ Մանոյեան:
Անդրադառնալով Փաշինեան-Ալիեւ հաւանական հանդիպումին եւ այն հարցին, թէ անիկա կրնա՞յ սկիզբ դառնալ ընդհատուած բանակցութիւններուն` Կ. Մանոյեան պատասխանեց. «Եթէ նոյնիսկ կայանայ այդպիսի հանդիպում, ապա ես չեմ կարծեր, թէ պիտի ըլլան իսկական խորքային բանակցութիւններ, քանի որ առ այսօր Ազրպէյճան չի կատարեր 2016-էն ետք ստանձնած պարտաւորութիւնները: Եւ եթէ ամէնէն պարզ պայմանաւորուածութիւնները չեն կատարուիր, ապա ի՛նչ բանակցութիւններու մասին է խօսքը: Սակայն հարկ է նկատել, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւններու կեցուածքին մէջ շեշտադրութիւններու փոփոխութիւն կատարուած է, եւ յառաջիկային կառավարութեան ծրագիրէն յստակ կը դառնան այդ շեշտաւորումները», եզրափակեց ան:



