Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Կացութիւնը Կայունացնելու Ջանքերը Կը Շարունակուին. Նախագահ Սահակեան Կը Դիմէ Ժողովուրդին` Ապաւինելով Անոր Իմաստութեան

June 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 յունիսին ընդունած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող ցուցարարները ներկայացնողները: Քննարկուած են 1 յունիսին մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սահակեան Հրաւիրած Է Խորհրդակցութեան

4 յունիսին նախագահ Սահակեան կառավարութեան անդամներն ու պետական այլ մարմիններու ղեկավարներ հրաւիրած է խորհրդակցութեան:

Քննարկուած է երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը:

Նախագահը նշած է, որ 1 յունիսի երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի միջադէպը պետութեան կողմէ դատապարտուած է, նկատուած է անթոյլատրելի եւ ստացած իրաւական գնահատական:

«Հետաքննութիւնը անվերապահօրէն պիտի կատարուի օրէնքի տառին ու ոգիին խիստ համապատասխան եւ կարելի եղածին չափ հրապարակային` հանրութիւնը պարբերաբար իրազեկելով ընթացքին մասին: Բոլոր մեղաւորները պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան` օրէնքով սահմանուած կարգով», նշած է նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ անընդունելի են թէ՛ նման միջադէպեր, եւ թէ՛ անոնց քաղաքականացումը եւ տարբեր շահարկումները, որոնք յղի են հասարակութիւնը պառակտելու վտանգով:

«Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ յատուկ կերպով դիմել մեր ժողովուրդին` ապաւինելով անոր իմաստութեան, բարդ իրավիճակներու մէջ արագ կողմնորոշուելու, սթափութիւն, բազմակողմանի հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու եւ ճիշդ որոշումներ տալու, կարեւորագոյն հարցերուն հանդէպ հոգատար ու սրտացաւ վերաբերմունք դրսեւորելու ունակութեան: Մեզ համար բացառիկ արժէքներ են ներքին կայունութիւնը, միասնականութիւնը եւ համախմբուածութիւնը, պետական հիմքերը անսասան պահելը, երկրի անվտանգութեան եւ պաշտպանունակութեան հետեւողական բարձրացումը, մեր քաղաքացիներուն աշխատանքի եւ կեանքի խաղաղ պայմաններու ապահովումը, ժողովուրդի կենսապայմաններու բարելաւման նպատակով կարեւորագոյն ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծումը», շեշտած է Բակօ Սահակեան:

Ըստ անոր, իշխանութիւնները, պետական կառավարման օղակները պարտաւոր են ցուցաբերել պատասխանատուութեան առաւելագոյն մակարդակ` առկայ խնդիրներու լուծման առումով իրականացնելով սկզբունքային, հետեւողական ու քրտնաջան աշխատանք:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կոչ Կ՛ուղղէ
Դադրեցնելու Ցոյցերը Արցախի Մէջ

Դիմատետրի իր էջին ճամբով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 4 յունիսին անդրադարձած է Արցախի մայրաքաղաքին մէջ քանի մը օրէ ի վեր տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն: Ան նշած է, որ ուշի-ուշով հետեւած է արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն եւ բողոքի ցոյցերուն` մնայուն կերպով կապ հաստատելով Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ: Տեղեակ է, որ Արցախի նախագահը քանի մը անգամ հանդիպում ունեցած է ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ, լսած անոնց պահանջները, եւ մտահոգութիւններուն առնչութեամբ ձեռք բերուած եւ յստակ պայմանաւորուածութիւններ: Տեղեակ է նաեւ, որ Բակօ Սահակեան կը պատրաստուի ամբողջութեամբ իրականացնելու այդ պայմանաւորուածութիւնները:

«Ըստ էութեան, ցուցարարներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն, փոխադարձ ըմբռնում, որ` ստեղծուած իրավիճակէն պէտք է կատարուին հետեւութիւններ: Ուստի, հասած է փուլ մը, երբ մեր Արցախի ցուցարարները պէտք է կարելիութիւն տան Արցախի իշխանութիւններուն` իրականացնելու պայմանաւորուածութիւնները, պահանջները», ըսած է Փաշինեան` ճիշդ նկատելով առիթ տալ իշխանութիւններուն հանդարտ մթնոլորտի մէջ կատարելու իրենց աշխատանքը, այլապէս` կրկին դիմելու ցոյցի:

«Իմ եղբայրական կոչն ու յորդորն է, որ յարգելի ցուցարարները դադրեցնեն ցոյցը եւ կարելիութիւն տան Արցախի իշխանութիւններուն պայմանաւորուածութիւնները ի կատար ածելու: Գնդակը Արցախի իշխանութիւններուն դաշտին մէջ է: Եթէ խնդիրները չլուծուին պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, ցուցարարները գնդակը կրնան վերադարձնել իրենց դաշտը», ըսած է Փաշինեան:

Ան աւելցուցած է, որ չի փափաքիր մտնել տեղի ունեցածին մանրամասնութիւններուն մէջ ու գնահատականներ տալ` շեշտելով, որ կը սիրէ ու կը յարգէ բոլոր արցախցիները, կը հպարտանայ անոնցմով եւ յոյսով է, որ իրավիճակը պիտի հանգուցալուծուի փոխադարձ ըմբռնումի մթնոլորտին մէջ:

Բաբայեան. «Ստեփանակերտի Ծեծուըռտուքի Բոլոր Մեղաւորները`
Անկախ Իրենց Պաշտօնէն, Պատասխանատուութեան Պիտի Ենթարկուին»

«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Ստեփանակերտի մէջ 1 յունիսին տեղի ունեցած դէպքերուն, ըսած է, որ այդ օրը ծեծուըռտուքին մասնակցած բոլոր մեղաւորները` անկախ անոնց պաշտօնէն, ընկերային կարգավիճակէն, անպայման  պատասխանատուութիւն պիտի կրեն:

Ան շատ կարեւոր նկատած է, որ այդ հարցը լուծուի իրաւական դաշտին մէջ, նման որեւէ դէպքի պատասխանատուները բացայայտուին եւ համապատասխան պատիժ կրեն: «Հոս որեւէ քաղաքական ենթահող չկայ, եւ այդ բողոքողներուն մեծամասնութիւնը կը կիսէ այն մօտեցումը, որ արձանագրուած է դէպք եւ իրաւական դաշտին մէջ պէտք է համապատասխան աշխատանքները տարուին: Ասիկա բացարձակ պահանջ է»:

Ըստ անոր, հարցին հանգուցալուծումը կարեւոր է իրաւական, քաղաքական եւ բարոյական  տեսանկիւններէ: Բաբայեան դիտել տուած է, որ իրաւական տեսանկիւնէ անպայման պէտք է տրուի  համապատասխան գնահատական, այսպիսի արարքները չեն կրնար անպատիժ մնալ` դիտել տալով, որ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են օրէնքին առջեւ: «Քաղաքական տեսանկիւնէ` մենք ժողովրդավարական, իրաւական պետութիւն ենք, եւ իշխանութիւնները պարտաւոր են քաղաքական կամք ցուցաբերել ու իրաւական պետութեան բոլոր յատկանիշները պահպանել անվերապահօրէն: Բարոյական տեսանկիւնէ շատ կարեւոր է, որ նման երեւոյթներ ընդհանրապէս տեղի չունենան: Այսինքն` ո՛չ միայն ըլլայ անխուսափելի պատիժ, այլ նաեւ տիրէ բարոյահոգեբանական այնպիսի մթնոլորտ, որ նման միջադէպերը առհասարակ բացառուին: Ասիկա բոլորին պարտքն է եւ նախ եւ առաջ` իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ հասարակութեան ոեւէ անդամի: Ասիկա, իրօք, կարեւորագոյն առաջադրանք է եւ մարտահրաւէր իրաւական, քաղաքական եւ բարոյական հարթութիւններու վրայ, որուն ուղղութեամբ ե՛ւ իշխանութիւնը, ե՛ւ հասարակութիւնը պէտք է առաւելագոյնը ընէ», շեշտած է Բաբայեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ պարագային արդեօք Հայաստանի կողմէ միջամտութեան անհրաժեշտութիւն կա՞յ` Բաբայեան ըսած է, որ ընդհանրապէս` չկայ: «Մենք կը հասկնանք, որ երբ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան ներքաղաքական զարգացումներ, հետաքրքրութիւն կը տիրէ նաեւ Արցախի մէջ եւ հակառակը, բայց որեւէ միջամտութեան կարիք չկայ, որովհետեւ ասիկա ի վերջոյ գործընթաց ու խնդիր մըն է,  զոր մենք ի վիճակի ենք լուծելու, եւ այստեղ թշնամի-բարեկամ չկայ: Այստեղ մեր ժողովուրդն է, եւ մեր քաղաքացիներն են: Կան արդար պահանջներ եւ այդ պահանջները պիտի բաւարարենք», եզրափակած է Դաւիթ Բաբայեան:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ուղերձ յղած է` իր մտահոգութիւնը յայտնելով Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն գծով: Անոր համաձայն, երկրին մէջ ներքաղաքական իրադրութեան սրացումը, անզիջում դիրքորոշումները անթոյլատրելի են, որովհետեւ անոնք կրնան խոցելի դարձնել Արցախի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը յորդորած է արցախցիները` համերաշխութեան ու եղբայրասիրութեան ոգիով եւ երկխօսութեան ճամբով լուծել բոլոր տարակարծութիւններն ու խնդիրները` յանուն Արցախի կայունութեան ու յառաջընթացին:

 

 

Նախորդը

Իշխանեան. «Մենք Պէտք Է Ապրինք Պարզ Ու Հասարակ, Ժողովուրդին Հետ Համաքայլ»

Յաջորդը

Իշխանութեան Երեք Պետերը Քննարկեցին Երկրին Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.