Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանեան. «Մենք Պէտք Է Ապրինք Պարզ Ու Հասարակ, Ժողովուրդին Հետ Համաքայլ»

June 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ լիագումար նիստին ժամանակ պատգամաւորական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: Ստորեւ` անոր յայտարարութիւնը.

«Յարգելի՛ գործընկերներ,

Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը` մասնաւորապէս, եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը` ընդհանրապէս, չէին կրնար անտարբեր եւ անմասն մնալ Արցախի ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն:

Մենք պէտք է լրջօրէն գիտակցինք, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցող որեւէ իրադարձութիւն ունի համահայկական հնչեղութիւն եւ ազդեցութիւն: Արցախի տագնապը խորապէս փոխկապակցուած է երկրի ներքին կեանքին մէջ տիրող իրավիճակին: Կը կարծեմ` ասիկա խորութեամբ կը գիտակցի մեզմէ իւրաքանչիւրը:

Իմ անդրադարձն ու խօսքը աւելի ուղղուած պիտի ըլլայ մեր երկրի իշխանութիւններուն, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատաիրաւական` գուցէ  ճիշդ պիտի ըլլար հաւասարապէս, բայց, կը կարծեմ, աւելի` գործադիրին: Այս է այսօրուան ներքին հրամայականը եւ պահանջը, այս է հասարակութեան ակնկալիքը:

Խօսք եւ պահանջ, այլ ոչ թէ «օդին մէջ կրակոց»-ի կարգավիճակ` իրական քայլեր եւ բարեփոխումներ կատարելու, գործնական փոփոխութիւններ տեսնելու սպասումներով:

1 յունիսի դէպքը պարզ առիթ էր, գուցէ եւ ոչ նախադրեալ քաղաքական պահանջներու: Այդ առումով` թէ՛ երկրի իրաւապահ մարմինները եւ թէ՛ քաղաքական ուժերը հնչեցուցած են իրենց տեսակէտները հարցին իրաւական հարթութեան մէջ լուծում տալու համար: Այդ մասին նաեւ պաշտօնապէս յայտարարած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն` 2 յունիսին տրուած յայտարարութեան մէջ:

Ասիկա քննարկման նիւթ չէ: Քննարկման նիւթը մեր ընելիքներն են, հասարակական կեանքին մէջ տիրող իրավիճակի գնահատականները, իշխանութեան եւ հասարակութեան միջեւ որոշակի անջրպետի վերացումը, բացթողումներն ու թերացումները շտկելու եւ վերացնելու անհրաժեշտութիւնը, ընկերային արդարութեան խորացումը, հասարակական հետաքրքրութիւն եւ հնչեղութիւն ունեցող հիմնախնդիրներու մասին բարձրաձայնելն ու հանգուցալուծելը եւ այլն:

Դժգոհութիւններ կա՞ն արդեօք հասարակութեան մէջ: Վստահաբար, վստահութեան պակաս կայ իշխանութիւններուն նկատմամբ: Այո՛, դժգոհութիւններու շարքը նուազեցնելու եւ վստահութեան դաշտը մեծցնելու լուրջ խնդիրի առջեւ կանգնած ենք:

Արդեօ՞ք մենք ունինք բաւական ուժ այդ բոլորին համար: Կը կարծեմ` այո՛: Կը բաւարարէ՞ մեր քաղաքական կամքը վերոնշեալ խնդիրները լուծելու համար: Կը ներէք, պիտի ըսեմ` ո՛չ: Մեր անտարբերութիւնն ու պատասխանատուութենէ խուսափիլը իր խոր հետքը կը ձգէ Արցախի Հանրապետութեան հասարակական կեանքի զարգացման, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման, ժողովրդավարական սկզբունքներու արմատաւորման, ինչու չէ` նաեւ աւելի տնտեսական աճի արդիւնքներու ապահովման եւ ընկերային լարուածութեան թուլացման համար:

Այսօրուան նիստը թերեւս արտահերթ է` այլ առումով, բայց բոլորիս համար մէկ բան պէտք է պարզ ըլլայ` մենք պիտի վերափոխենք մեր գործելաոճը, վերջ տանք որոշ ոլորտներու մէջ եւ առանձին անհատներու մակարդակով դրսեւորուող ամենաթողութեան եւ անօրինականութեան երեւոյթներուն, օրէնքի գերակայութիւնը դարձնենք իշխող:

Իսկ եթէ բարձր արժէքներու լեզուով չըսեմ` մենք պէտք է ապրինք պարզ ու հասարակ, ժողովուրդին հետ համաքայլ»:

 

Նախորդը

«Ընենք Այն, Ինչ Որ Պէտք Է Այսօր Ընենք» Կ՛ըսէ Գէորգի Պետրոսեան

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Կացութիւնը Կայունացնելու Ջանքերը Կը Շարունակուին. Նախագահ Սահակեան Կը Դիմէ Ժողովուրդին` Ապաւինելով Անոր Իմաստութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.