Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, Նաքուրայի մէջ եռակողմանի հանդիպումներուն մասնակցող լիբանանեան զինուորական պատուիրակութեան նախագահ գնդապետ-զօրավար Ամին Ֆարհաթի եւ գնդապետ-զօրավար Ռոլի Ֆարեսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը գտնուող տարածքներուն վերաբերեալ տարակարծութեան մասին ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան հարցը չէ որ քննարկած են, այլ` սահմանագծումի հարցը:
Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան մասին ոչ մէկ քննարկում եղած է, այլ` երկրին սահմանագծումին շուրջ միացեալ կեցուածք մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Ան աւելցուց, որ քննարկումներուն ընթացքին մթնոլորտը եղած է դրական:
Պատասխանելով նոր դահլիճի կազմութեան հոլովոյթին մասին լրագրողներուն հարցումներուն` վարչապետը ընդգծեց, որ այդ հոլովոյթը դրական քայլերով կ՛ընթանայ:
Ան նշեց, որ երկիրը տնտեսական ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ, եւ այդ իրողութիւնը նկատի ունենալով ինք պատրաստ է արագացնելու կառավարութեան կազմութեան ընթացքը, մանաւանդ որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը դրականօրէն կը համագործակցին կառավարութեան կազմութեան ուղղութեամբ:
Քաղաքացիութեան շնորհումի որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի շեշտեց, որ այդ մասին քննարկումներուն ճիշդ հասցէն խորհրդարանն է, «իսկ ով որ կը մերժէ այդ որոշումը, ապա թող ուղղուի դատական իշխանութիւններուն», ըսաւ ան` հարց տալով, թէ ի՞նչ կը վնասենք, եթէ կարգ մը անձնաւորութիւններու լիբանանեան քաղաքացիութիւն ընծայենք:
Հարիրի հաստատեց, որ այդ որոշումին դէմ արշաւը համայնքային բնոյթ ունի` ընդգծելով, թէ մեղք է ըսել, որ այդ որոշումը փտած է կամ ապօրինի: «Նախքան այդ որոշումին կայացումը, ներքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատանք տարուեցաւ եւ ապա այդ որոշումը տրուեցաւ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Պաալպեք-Հերմելի մէջ տիրող ապակայունութեան` Հարիրի նշեց, որ այդ իրավիճակը հետեւանք է զրկանքի` աւելցնելով նաեւ, որ այդ շրջանին համար մշակուած ապահովութեան ծրագիրը պէտք եղած ձեւով չէ գործադրուած:
Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի հետեւի բոլոր շրջաններուն եւ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ պիտի իրագործէ բարգաւաճման համապատասխան ծրագիրներ:
Նախագահ Աուն Ընդունեց Մաշնուքը
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն յետմիջօրէին ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ այն անձնաւորութիւնները, որոնք լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացած են, ապահովական հիմնական երեք կառոյցներու` լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին եւ Ինթըրփոլի կողմէ ստուգումի ենթարկուած են:
Մաշնուք նշեց, որ ինք համաձայնած է Ապպաս Իպրահիմի հետ չորրորդ անգամ մըն ալ ստուգել անուանացանկը, որպէսզի լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացողը օրինազանցութիւն գործած անհատ մը չըլլայ:
Մաշնուք դիտել տուաւ, որ անուանացանկը նախապէս կը պարունակէր անուններ, որոնք յետ ստուգման զանց կացուցուեցան:
Ան նշեց, որ քաղաքացիութիւնը անհատի մը կը շնորհուի երկու պատճառով. ա) Որովհետեւ անհատը արժանի է այդ քաղաքացիութեան, բ) Որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը կարիքը ունի իր երկրին մէջ այդ անձնաւորութեան կատարելիք հսկայական ներդրումներուն, որոնք կը ծառայեն բոլորին շահերուն եւ բարօրութեան:
Մաշնուք հաստատեց, որ նախագահ Աուն նման հրամանագիր մը շնորհեց, որովհետեւ քաղաքացիութիւն ստացող անհատները կ՛ամբողջացնէին զոյգ պայմանները:
ՆՇԵՆՔ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններ Նետիմ Ժեմայէլ եւ Էլիաս Հանքաշ երէկ առաւօտեան ուղղուեցան ներքին գործոց նախարարութիւն եւ վերոնշեալ հրամանագիրի մէկ օրինակը ստանալու պահանջ ներկայացուցին:
Նոյն պահանջով ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը: