Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Տուաւ Իր Ծրագիրին Եւ Ուղարկեց Ազգային Ժողով

June 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործադիր իշխանութիւնը 1 յունիսին հաւանութիւն տուաւ իր ծրագիրին: Կառավարութեան գործունէութեան առանցքային նպատակը 2018 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան արժէքներու ամրագրումն է` իբրեւ հանրային եւ ազգային յարաբերութիւններու հիմք, նաեւ` յեղափոխութեան գաղափարներու իրագործումը` իբրեւ քաղաքական մնայուն իրողութիւն:

Կառավարութեան գործունէութեան հիմնարար ուղենիշերն են` իշխանութեան ձեւաւորումը բացառապէս ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման միջոցով, իրաւունքի գերակայութեան եւ օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութիւնն ու քաղաքացիական համերաշխութիւնը, Հայաստանի արտաքին եւ ներքին անվտանգութեան ապահովումը, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը, փտածութեան` հանրային մերժումը եւ կաշառակերութենէ զերծ հանրութիւնը, քաղաքականութեան եւ գործարարութեան գործնական տարանջատումը եւ այլն:

Կառավարութեան ծրագիրին մէջ անդրադարձ կը կատարուի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստման: Ըստ որուն, վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը չ՛արտայայտեր Հայաստանի ժողովուրդի իրական քաղաքական տրամադրութիւնները, նախապատուութիւնները եւ ուժերու իրական յարաբերակցութիւնը: Այս իրողութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու անվիճելի անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ: Կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ կայացումը խորհրդարանական այնպիսի ընտրութիւններու, որոնք ըլլան իրապէս ազատ, արդար, թափանցիկ, ժողովրդավարական: Կառավարութեան ծրագիրին համաձայն, այդպիսի ընտրութիւններ իրականացնելու եւ ընտրութիւններու` հանրութեան կողմէ չվիճարկուող արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով անհրաժեշտ է իրականացնել Ընտրական օրէնսգիրքի եւ ընտրական համակարգի էական բարեփոխումներ: Անհրաժեշտ է, մասնաւորապէս, հրաժարիլ վարկանշային ընտրական համակարգէն եւ անցնիլ լիարժէք համամասնական համակարգի, ձեւաւորել նոր` իրական պատկերը արտացոլող ընտրական ցուցակներ, որոնք հետագային կը թարմացուին ինքնաշխատ եղանակով եւ այլն: Արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին:

Հայաստանի կառավարութիւնը Ազգային ժողովի նախագահին առաջարկեց 2018 թուականի յունիս 7-ին, ժամը 11:00-ին գումարել արտակարգ նիստ: Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան ըսած է, թէ օրակարգին վրայ պիտի ներառուի  կառավարութեան ծրագիրին հաւանութիւն տալու մասին հարցը:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Եւ Եպիսկոպոսաց Դասի Տարեկան Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Յաջորդը

Նշանակուեցան Նոր Մարզպետները` Երկուքը Դաշնակցական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.