Խմբագրական. Հանգուցալուծում` Սահմանադրական Կարգով
Ներհայաստանեան իրադարձութիւններու զարգացումը կ՛ընթանայ սահմանադրական ընթացակարգային հունով: Նկատի ունենալով խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները, պարզ կը դառնայ, որ միասնական թեկնածուի ընտրութեան շուրջ գէթ այս պահու դրութեամբ գոյացած է ընդհանուր համախոհութիւն: Մինչեւ այդ համախոհութեան ամրագրումն ու անոր նպաստող յայտարարութիւններու հրապարակումը, կայացան նաեւ հանդիպում-քննարկումներ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ նախ միջնորդաւորուած, ապա նաեւ ուղղակի հիմնական երկու ուժերուն միջեւ` ՀՀԿ-ի եւ Նիկոլ...




















