Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը 22 յունիսին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ ըսուած է. «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Արցախի Հանրապետութեան օրէնքի 138-րդ յօդուածի Ա. մասին համաձայն, կը յայտարարեմ, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արմօ Ծատրեանը եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը 22 յունիսին ներկայացուցած են հրաժարականի դիմումներ:
«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի 138-րդ յօդուածի 2-րդ մասին համաձայն, եթէ հրաժարականի հրապարակումէն ետք` մէկ շաբթուան ընթացքին, պատգամաւորը գրաւոր դիմումով յետս կը կոչէ հրաժարականի իր դիմումը, ապա Ազգային ժողովի նախագահը այդ մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ, եթէ յետս չկոչէ հրաժարականի իր դիմումը, ապա անոր լիազօրութիւններու դադրեցման մասին` յատուկ արձանագրութեամբ, որ կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը եւ կ՛ուղարկէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ: Արձանագրութեան հրապարակման պահէն հրաժարականը կը նկատուի ընդունուած», ըսուած է Ազգային ժողովի նախագահի յայտարարութեան մէջ:



