Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 յունիսին ընդունած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, Արցախ-սփիւռք կապերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է Հայ դատի դերակատարութիւնը համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ` երախտագիտութիւն յայտնելով Արցախին միշտ սատարելու համար: