Ինչպէս տեղեկացուցած էինք նախապէս, ստեղծուած է վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբ, որ մինչեւ Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է զբաղի Ընտրական օրէնսգիրքի բարելաւումով:
Յանձնախումբի քարտուղար Դանիէլ Իոաննիսեան լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց, որ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ 50 յօդուած կայ, որոնց մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան: Ան ընդգծեց, որ ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնները պիտի ըլլան վարկանշային ընտրակարգի բաժինին մէջ:
Յանձնախումբի անդամ Լուսինէ Յովհաննիսեան ներկայացուց ՀՅԴ-ի առաջարկները Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու շրջագիծին մէջ: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի առաջարկները կը բխին նախորդ ընտրութիւններէն եկող բացթողումներէն: «Առաջինը վարկանշային ընտրակարգէն հրաժարումն է, համամասնական ընտրակարգի քուէարկութիւնը կազմակերպել բաց ցուցակներով` ամբողջ հանրապետութիւնը դիտարկել մէկ ընտրատարածք: Այս ձեւով պատգամաւորի իրաւականութիւնը կ՛որոշէ ոչ թէ կուսակցութիւնը, այլ ընտրողը», ըսաւ ան:
Յովհաննիսեան նշեց, որ կրկնակի քուէարկութիւնը բացառող, ընտրողի ընտրական իրաւունքը սահմանափակող մեքանիզմներու մշակման առաջարկներ ունին, ինչպէս նաեւ ընտրակաշառքի բացառման, վարչական միջոցներու կիրարկման դէմ առաջարկներ:
«Առաջարկ ունինք կուսակցութիւններու` աւելի պատգամաւորներ ունենալու շեմի վերանայման հետ կապուած` 2/3-ը դարձնել 3/5: Յետընտրական զարգացումներու լուծման հետ կապուած մեքանիզմներ ունինք` քուէարկութենէն ետք ո՛չ միայն կեղծիքները արձանագրել, այլեւ անոնց հաւանական ծաւալը որոշել», ըսաւ ան:



